Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Մեր գերիշխանութեան սահմանները միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր սահմաններն են, եւ պահանջուածը դէպի այդտեղ իսրայէլեան ամբողջական հեռացումն է»:
«Ինծի համար այն շրջագիծը, որուն մասին կը խօսինք, հիմնուած է երկու հիմնական սկզբունքներու վրայ` փոխադարձութիւն եւ փուլային իրականացում: Սակայն այսօր այս շրջագիծին ժամանակացոյց կը պակսի: Ես կ՛ուզեմ իմանալ. ե՞րբ Իսրայէլը պիտի հեռանայ, եւ ե՞րբ անիկա պիտի հեռանայ իր գրաւած տարածքներէն: Պէտք է ժամանակացոյց ըլլայ, որպէսզի այս շրջագիծը կարենայ վերածուիլ գործնական քայլերու, զորս մարդիկ կրնան տեսնել», ըսաւ ան:
«Միւս կողմէ, երբ փոխադարձութեան մասին կը խօսինք, յստակօրէն կ՛ըսեմ` լիբանանեան պետութեան իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ պետութեան տարածումը նոր յանձնառութիւն մը չէ», աւելցուց Սալամ:
«Զէնքի մենաշնորհի հարցը համաձայնեցուած է 1989 թուականէն ի վեր` Թաէֆի համաձայնութեան մէջ, եւ զայն վերահաստատեցինք միջազգային որոշումներու մէջ, ապա նոյեմբեր 2024-ին թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան մէջ, եւ մենք անոր յանձնառու ենք», աւելցուց վարչապետը:
«Իսրայէլեան հեռացումը զէնքը հաւաքելու կամ զէնքի յանձնման չկապեցինք: Պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ իր իշխանութեան տարածումը յանձնառութիւն մըն է, որ մենք` լիբանանցիներս ստանձնեցինք, նախքան որեւէ արտաքին կողմէ անոր մեզմէ պահանջուիլը», ըսաւ ան:
«Գաղտնի համաձայնութիւն չկայ. ապահովական ու զինուորական յաւելուած կայ, եւ այդ յաւելուածը, ընդունուած կարգին համաձայն, անոր ապահովական ու զինուորական բնոյթին պատճառով միշտ չէ, որ անոր մանրամասնութիւնները կը յայտարարուին», յայտնեց Սալամ:
«Այն, ինչ որ զիս կը հետաքրքրէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ որեւէ բաց չստեղծուիլն է», ըսաւ ան` շեշտելով. «Հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժի ներկայութեան կարիք պիտի ունենանք: Անոր անունը կրնայ ՖԻՆԻՒԼ չըլլալ, եւ կրնայ տակաւին չճշդուած այլ տարազ ունենալ»:
«Ատիկա բացատրեցի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին: Մեզի հետաքրքրողը այն է, որ որեւէ ուժ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ ու Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ լիազօրուած ըլլայ», նշեց վարչապետը:
«Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան ինք հանդիպում ուզեց, եւ ես անմիջապէս հրաւէրին ընդառաջեցի: Նաեւ այլ նախագահներու եւ պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ուզեցի, եւ հանդիպում ունեցայ մեծաթիւ պետութիւններու ղեկավարներու հետ, որոնց Լիբանանին աջակցութիւնը մեզ կը հետաքրքրէ», ըսաւ ան:
«Ինչ կը վերաբերի Իրանին, մենք Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ կ՛ուզենք բանալ յարաբերութիւններու նոր էջ մը, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու հարցերուն չմիջամտելու վրայ», աւելցուց վարչապետը:
«Մենք Իրանի հարցերուն չենք միջամտեր: Որեւէ օր տեսա՞ք, թէ Լիբանան Իրանի մէջ ընդդիմադիր խմբաւորման մը կը զօրակցի, կամ մէկ կողմին կողքին կը կանգնի ընդդէմ ուրիշ կողմի մը, կամ իրանցիներուն քաղաքական ընտրանքներուն կը միջամտէ: Անշուշտ ոչ», ըսաւ ան:
«Իրանցի դեսպանի կեցութիւնը յաւելեալ երեք ամիսով երկարաձգեցինք` զինք նկատելով քաղաքացի մը, եւ ոչ թէ իբրեւ նախկին դիւանագէտ: Սակայն կ՛ուզենք նոր դեսպանի մը նշանակումը, եթէ իրապէս կ՛ուզենք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան մէջ նոր փուլի անցնիլ, եւ ես նախանձախնդիր եմ այդ փուլին անցնելու», յայտնեց վարչապետը:
«Իրանեան օդանաւերու նիւթը այլ հարց է, որովհետեւ կապուած է օդակայանի անվտանգութեան առնչուած հարցերու: Օդակայանին եւ ճամբորդներուն անվտանգութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, եւ կը յուսանք, որ այդ առնչութեամբ հասկացողութիւն կը ցուցաբերուի», նշեց Սալամ:


