Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուեցաւ քննիչ յանձնախումբ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վերաբերող իրավիճակը ուսումնասիրելու համար:
Յանձնախումբը, ըստ Ազգային ժողովի նախագահին յայտարարութեան, ստեղծուած է պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ քառորդի պահանջով` «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու մի շարք հոգեւորականների գործունէութեան արդիւնքում եկեղեցում առաջացած ճգնաժամի եւ դրա արդիւնքում եկեղեցու բացառիկ առաքելութեան չկատարման խնդիրներն ուսումնասիրելու նպատակով»:
Քննիչ յանձնախումբի անդամներուն թիւը սահմանող Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը պիտի քննարկուի խորհրդարանի հերթական նիստին: Իշխող խմբակցութենէն յայտնած են, որ յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ Քաղաքացիական պայմանագիրի պատգամաւոր Արման Եղոյեան: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին այս յանձնախումբի աշխատանքներուն` զայն ապօրինի որակելով:


