Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարած է, որ Իրանին որոշ գործողութիւններ ծրագրելու յանցանքով կը մեղադրեն բացառապէս այն յայտարարութիւններուն հիմամբ, զորս կարելի չէ ստուգել:
«Օրինակ` Ֆէյրֆորտի օդուժի ռազմակայանին հետ կապուած, որ Միացեալ Նահանգները օգտագործած են Իրանի դէմ յարձակումներ կատարելու համար: Կամ «Ֆլայտուպայ»-ի թռիչքի պարագային:
«Կը կարծեմ, թէ նոյնիսկ նախադպրոցական տարիքի երեխաները հասկցան, թէ որքան անիկա անփոյթ ծրագրուած էր` անապահովութեան զգացում ստեղծելու եւ Իրանը կամ այլ դերակատարներ մեղադրելու նպատակով», ըսած է Պաղայի:


