Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Չարայեւա Յաղթեց Թիւ 1 Ռիպաքինային

October 5, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալինա Չարայեւա արձանագրեց իր ասպարէզի մեծագոյն յաղթանակը` պարտութեան մատնելէ ետք աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Էլենա Ռիպաքինան:

Փեքինի աղջկանց թենիսի մրցաշարքի Բ. հանգրուանին աղջկանց աշխարհի թիւ 118 դասուած 24 տարեկան Չարայեա դժուար մրցում մը ունէր թիւ 1 Ռիպաքինայի դէմ:

Չարայեւա պարտուեցաւ առաջին սեթին, սակայն կրցաւ մրցումին ընթացքը փոխել եւ շահիլ 3-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով:

Ասիկա Ռիպաքինայի առաջին մրցումն էր թիւ 1 դիրքը գրաւելէ ետք: Ղազախստանի ներկայացուցիչը գրաւած էր առաջին դիրքը` «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի մրցաշարքը շահելէ ետք, բայց իր նոր դիրքին վրայ ան չկրցաւ յաղթանակով սկսիլ: Հանդիպումէն ետք Չարայեւա շատ յուզուած էր եւ ըսաւ. «Բառեր չունիմ ըսելիք: Անհաւանական բան է այս: Ան հիանալի մարզիկ մըն է, եւ կարծես ինծի համար երազ մըն էր, որ իրականացաւ»:

Հայաստանի ներկայացուցիչը յայտնեց նաեւ, որ ուրախ է, որ Փեքին քանի մը օր աւելի պիտի մնայ` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ պէտք է միշտ հաւատալ»:

Չարայեւայի համար ասիկա Փեքինի մրցաշարքին առաջին մասնակցութիւնն էր, ուր իր երկրորդ մրցումին կրցաւ յաղթել թիւ 1 դասուած Ռիպաքինային:

Նոյն մրցաշարքի տղոց մրցումներուն, Կարէն Խաչանով քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ լեհ Հուպերթ Հուրքաչէն 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով եւ դուրս մնաց:

Թիւ 26 դասուած Խաչանով առաջին սեթին բաւական պայքարեցաւ թիւ 41 դասուած Հուրքաչին դէմ, բայց 2-րդ սեթին ան չկրցաւ լաւ ելոյթ ունենալ:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

Յաջորդը

Ազգերու Լիկա. Անգլիա Բարձր Մակարդակի Ֆութպոլ Ցուցաբերեց

RelatedPosts

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան
Մարզական

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

October 5, 2026
Ասիական Խաղեր.  Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ասիական Խաղեր. Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 5, 2026
Սամպօ.  Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Սամպօ. Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.