Վաղը երեկոյեան ժամը 7:10-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը պիտի մրցի Ֆինիքսի դէմ:
Ակադեմիաներու միջեւ այս «Սփարք լիկ» մրցաշարքը հետաքրքրական մրցաշարք մըն է, որ մեծ թիւով ակադեմիաներ իրար դէմ հանեց:
ՀՄԸՄ կիսաւարտականին պարտութեան մատնած էր Հուփսի ակադեմիան` 3-1 եւ 2-0 արդիւնքով:
Հետաքրքրական է, որ մրցումները երթուդարձի դրութեամբ տեղի ունեցան: Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ 3-1 արդինւքով յաղթած էր, ուր Արազ Գըլընճեան (2) եւ Սօսէ Սեփեթճեան նշանակած էին ՀՄԸՄ-ի կոլերը:
Դարձի մրցումին ՀՄԸՄ կրկնեց իր յաղթանակը, ուր այս անգամ Արազի քոյրը` Սեւան Գըլընճեան, Սարա Սերոբեանի փոխանցումէն ետք, նշանակեց առաջին կոլը, մինչ Սօսէ Սեփեթճեան, հակառակ դաշտին վրայ ամէնէն կրտսեր մարզիկը ըլլալուն, անգամ մը եւս անձնական ճիգերով աւելցուց կոլ մը:
Համակիրներէն կ՛ակնկալուի ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբն ալ քաջալերել, մանաւանդ որ տաղանդաւոր եւ փայլուն մարզիկներ ունի` գլխաւորութեամբ մարզիչ Գէորգ Բարսեղեանի:


