«Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն»-ի ղեկավար Սիրանուշ Սահակեան 29 սեպտեմբերին Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ «Քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնած քննարկման: Քննարկումը նուիրուած էր Արցախի հայերու բռնի տեղահանութենէն անցած երեք տարիներուն եւ տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Կեդրոնէն «Նիուզ»-ին յայտնած են, թէ քննարկման ընթացքին Սահակեան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող հայերու եւ անոնց ընտանիքներու իրավիճակին` ներկայացնելով գերութեան պատճառով ընտանիքներու կրած մարդկային եւ հոգեբանական երկարատեւ տանջանքները:
Սահակեան իր ելոյթին սկիզբը ներկայացուց Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներէն մէկուն հարազատին պատմութիւնը` ամուսնոյն գերեվարման հանգամանքները եւ ընտանիքին կրած զրկանքները: Ան շեշտեց, որ այդ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ տարիներ շարունակ անորոշութեան մէջ ապրիլ, երբ ընտանիքը զրկուած է իր հարազատին հետ լիարժէք կապէն եւ անոր առողջական ու իրաւական վիճակին վերաբերեալ որոշակի տեղեկութիւն չունի:
Խօսելով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին` Սահակեան ըսաւ. «Համաձայնագիրը չի պարունակում որեւէ դրոյթ, որը կը պահանջէր հայ գերիների ազատ արձակում: Այնուամենայնիւ, մէկ այլ հարցով այն յստակ ժամանակացոյց է սահմանում. 15-րդ յօդուածը պահանջում է, որ կողմերը համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելուց յետոյ մէկ ամսուայ ընթացքում հետ կանչեն միջպետական գանգատները: Սա բարդ հակադրութիւն է ստեղծում: Հակամարտութիւնից բխող իրաւական վարոյթները կարող են ի վերջոյ անհետանալ միջազգային ատեաններից, բայց այն մարդիկ, ում իրաւունքները հիմք են հանդիսացել այդ վարոյթների համար, չեն անհետանում դրանց հետ միասին, ոչ էլ խախտումներն են պարզապէս դադարում գոյութիւն ունենալ դատական գործերի քննութեան դադարեցման պատճառով: Հետեւաբար, ընտանիքների համար հարցը պարզ է. ի՞նչ է իրականում փոխուել նրանց համար Ուաշինկթընից ի վեր` խաղաղութեան այս դարաշրջանում»:
Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մնայուն ներկայացուցչութեան գործունէութեան դադրեցման` շեշտելով, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ նախապէս իրականացուող այցելութիւնները կարեւոր գործիքակազմ էին պահուող անձերուն նկատմամբ վերաբերմունքի եւ պահման պայմաններու գնահատման, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն հետ կապի պահպանման համար:
Ան նշեց, որ մարդասիրական պաշտպանութեան այս համակարգի թուլացման զուգահեռ` լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն նաեւ բուն քրէական վարոյթները, որոնք աւարտած են խիստ պատժաչափերով` ներառեալ ցմահ եւ երկարատեւ բանտարկութեան դատավճիռներ:
«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը «արդարադատութեան ծաղր» որակելով խստօրէն քննադատած է 16 հայ մեղադրեալներու նկատմամբ իրականացուած դատավարութիւնները, որոնց վերջինը աւարտեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ դատավճիռով:
«Եւրոպական խորհրդարանն իր բանաձեւում այդ գործընթացները որակել է որպէս շինծու դատավարութիւններ: «Հիումըն Ռայթս Ուոթչ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նոյնպէս մտահոգութիւն է յայտնել դատավարութիւնների արդարութեան վերաբերեալ եւ Ազրպէյճանին կոչ արել ապահովել ազատազրկուած անձանց կանոնաւոր կապն ընտանիքի անդամների հետ, անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կանոնաւոր մուտքը:
«Սրանք արտօնութիւններ չեն: Սրանք մարդու արժանապատուութեան պահպանման հիմնարար երաշխիքներ են, որոնք պէտք է ապահովուեն իւրաքանչիւր անձի համար` անկախ նրանից, թէ ի՛նչ մեղադրանք է նրան ներկայացուել», ըսաւ Սահակեան:
Իր ելոյթի աւարտին Սահակեան շեշտեց, որ խաղաղութեան գործընթացի գնահատումը պէտք է ներառէ նաեւ հակամարտութեան պատճառով տուժած մարդոց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը. «Եթէ պէտք է լինի իրական խաղաղութիւն, գերութեան մէջ մնացողները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուեն», շեշտեց ան:
Քննարկման մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան, Եւրոպական ազատ դաշինքի նախագահ Լորենա Լոփես Տէ Լաքալէն, միջազգային իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ Իրաւունքի եւ արդարադատութեան եւրոպական կեդրոնի ներկայացուցիչ Թիփօ Վան Տեն Պոշ:


