Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանը այս պատմական պատասխանատուութիւնը ճիշդ գնահատէ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Պաքուի մէջ ընթացող «Վստահութեան ամրապնդումը զանգուածային լրատուամիջոցներու միջոցով բեւեռացուած աշխարհի մէջ» նիւթով լրատուական ֆորումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆով:
«8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Համատեղ հռչակագիրը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի նախաստորագրումը ցոյց տուին, որ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութենէն ետք կարելի է վստահութիւն ձեւաւորել: Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը ճիշդ գնահատեն այս պատմական պատասխանատուութիւնը եւ ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` իրաւական պարտաւորութիւններու հիման վրայ խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար», ըսած է Ալիեւի ներկայացուցիչը:


