Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ նկատած է ցուցանիշեր, որոնց համաձայն, Իրան մտադիր էր արտասահմանի մէջ Իսրայէլի եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ «ահաբեկչական յարձակումները» աշխուժացնելու:
Նեթանիահու աւելցուց, որ տակաւին կանուխ է «Ֆլայ Տուպայ»-ի թռիչքի դէպքին իրանեան մեղսակցութեան գոյութիւնը հաստատել:
Իսրայէլի մէջ ապահովական մեծ պաշտօնատար մը երէկ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց. «Մինչեւ այսօր առտու, դէպքին Իսրայէլի ուղղակի մեղսակցութիւնը հաստատող կապ չգտանք, սակայն Մոսատի հետաքննութիւնը տակաւին իր սկիզբին է, եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի ընթանայ»:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետը կը փորձէ «Ֆլայ Տուպայ»-ի դէպքին ճամբով քուէներ ապահովել` աւելցնելով, որ ատիկա դատապարտելի է:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտարարեց, թէ իր էմիրաթցի պաշտօնակից Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին «փոխադարձ վճռակամութիւն արտայայտուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ ամրապնդելու եւ գործակցելու` դիմակայելու համար մէջ ծայրայեղական տարրերը, որոնք աշխատանք կը տաին շրջանին մէջ անվտանգութեան վնասելու եւ կայունութիւնը խաթարելու»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու չորեքշաբթի երեկոյեան հեռաձայնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետին:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքներու անվտանգութիւնը ապահովելու` մեկնելով ապահովական մտավախութիւններէ, որոնք ազդած են իսրայէլեան օդանաւային ընկերութիւններու դէպի Տուպայ թռիչքներուն վրայ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները համաձայն գտնուած է իսրայէլեան ապահովական պահանջներուն եւ քննութեան յաւելեալ սարքերու տեղադրման, ինչ որ կրնայ վերականգնել իսրայէլեան օդանաւային ընկերութիւններու դէպի Տուպայ թռիչքները:


