Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Շապապ Պըրժի դէմ` վճռելու Դ. դասակարգի ախոյեանի տիտղոսը:
Հետաքրքրական է, որ Պէյրութի շրջանի ախոյեանը` ՀՄԸՄ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի շրջանի ախոյեան Շապապ Պըրժի դէմ:
Երկու խումբերն ալ իրենց խմբակներուն առաջին դիրքերը գրաւած էին եւ արդէն իսկ ապահոված Գ. դասակարգի իրենց տոմսերը: 4 խումբեր բարձրացան Գ. դասակարգ: ՀՄԸՄ-ի ու Շապապ Պըրժի կողքին բարձրացան նաեւ Հարաւի շրջանի փոխախոյեան Ռայան Սարաֆանտը եւ 3-րդ դիրքը գրաւած Ղատիր Հարիսը: Հարաւի շրջանի ախոյեան Նըժմէ Մաարաքէ չէր կրցած բարձրանալ Գ. դասակարգ` մնալով Դ. դասակարգ:
Այս մրցումը պիտի ըլլայ տիտղոս մը եւս` աւելցնելու համար ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց պատմութեան եւ անշուշտ ակումբի յիշատակի պահարանին մէջ:
Համակիրները առիթ ունին կիրակի օրով ձրիաբար մեկնելու դաշտ եւ քաջալերելու ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որոնք վերջին անգամ ըլլալով դաշտ պիտի ներկայանան այս եղանակին` Դ. դասակարգի տիտղոսին համար մրցելու:
Փոխադրակառքեր յատկացուած են համակիրները փոխադրելու դէպի Պհամտուն` ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի դաշտէն (նախկին «Զաւարեան» դաշտ), եւ կը սպասուի մեծ թիւով ներկայութիւն` կանգնելու մարզիկներու կողքին, քաջալերելու զանոնք 90 վայրկեան եւ մրցումի աւարտին տօնելու յաղթանակը:


