Երէկ հայաստանեան լրատուական կայք մը բացի, եւ դիմացս ելաւ բաւական երկար լուր մը, որ կ՛անդրադառնար Երեւանի բանակայիններու խմբապետ եւ այժմ Հայաստանի ազգային խումբին հետ լաւ ելոյթներ ունեցող Արգիշտի Պետրոսեանին:
Հետաքրքրականը այն է, որ նիւթը հրապարակած լրագրողը նշած է, որ Պետրոսեան անսովոր ճանապարհ մը կտրած է` հասնելու համար հաւաքական: Ան իր սերունդի գլխաւոր տաղանդներէն մէկը չէր նկատուած, երբեք բարձր գինով փոխանցումի արժէք չէ ունեցած, չէ խաղցած Հայաստանէն դուրս եւրոպական գլխաւոր լիկաներէն մէկուն մէջ եւ իր ասպարէզը միայն հայկական խումբերու անցուցած է:
Լրագրողը նոյնիսկ տեղադրած էր Արգիշտիի նկարը` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին շապիկով` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ի խումբը պայքարած էր բարձրանալու առաջին դասակարգ (2015-ին) եւ մէկ կէտով ետ մնացած Սաժեսէն:
Արգիշտի Լիբանանի մէջ աւելի համակիր ունեցած էր եւ ծանօթ, քան հայրենիքի մէջ: Ան օրինակելի մարզիկ մըն էր, եւ շնորհիւ իր նուիրումին կրցաւ վերադառնալէ ետք խաղալ Արարատի հետ, ապա միացաւ Արցախ խումբին, որ աւելի ուշ Նոա կոչուեցաւ այնուհետեւ` Երեւան խումբին հետ:
Այդ օրերուն ազգային խումբը հեռու կը թուէր ըլլալ, բայց ան վերադարձաւ բարձրագոյն դասակարգ Վանի հետ: 29 տարեկանին ան միացաւ Երեւանի բանակայիններուն, որ աւանդաբար կը բաղկանար երիտասարդ ֆութպոլիստներէ, որոնք 18-էն 20 տարեկանին կը ծառայէին բանակին: Ան ոչ միայն խումբին խմբապետն էր, այլ նաեւ իր շուրջի երիտասարդ տղոց օրինակ կը դառնար եւ կ՛օգնէր անոնց զարգացման:
Ան իր կարգին յառաջացաւ իր խմբակիցներուն հետ` մոռնալով իր տարիքը:
Եղիշէ Մելիքեանի նշանակումէն ետք, Արգիշտի հրաւիրուեցաւ ազգային խումբ եւ Լաթվիոյ դէմ առիթ ունեցաւ դաշտ ներկայանալ 33 տարեկան 11 ամսական տարիքով` փոխարինելով վիրաւոր Խուլիօ Պուենոն:
Ան օգնեց խումբին անառիկ պահել (Լաթվիոյ դէմ) իր բերդը, եւ նոյնիսկ երկրորդ մրցումին տուաւ իր լաւագոյնը, հակառակ անոր որ Մոնթենեկրօ յաղթեց (3-2): Արգիշտի ոչ մէկ սխալ գործեց, կրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանել, 10 անգամ մրցակիցէ հեռացնել գնդակը եւ սփրինթի պահուն արձանագրել 33,4 քմ ժամական արագութիւն, որ ունի Քրիսթանօ Ռոնալտոն:
16 հոկտեմբերին Պետրոսեան 34 տարեկան պիտի դառնայ, բայց ան իր նուիրումով տարիներու աշխատանքով դարձաւ օրինակ ամբողջ աշխարհի հայորդի ֆութպոլիստներուն, որ ամէն անձ կրնայ հասնիլ իր նպատակին, եւ տարիքը բնաւ արգելք չէ:



