Ֆրանսայի պատմական ակումբներէն Պորտօ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը յայտնեց, թէ ակումբը «ծախուած» է ամերիկեան ներդրումի «Փարք Պենչ» ընկերութեան 1 եւրոյի փոխարէն (1,14 ամ. տոլար):
5 տարի գլխաւորելէ ետք խումբը` Ժերար Լոփես լքեց ֆրանսական ակումբը, որ 2008-2009-ին Ֆրանսայի ախոյեանն էր, բայց այժմ պիտի փոխադրուի 6-րդ դասակարգ` վերսկսելու համար նոր արշաւ մը դէպի գագաթ:
«Այս գործողութեան մաս կը կազմեն խումբին ներկայ պարտքերը` առաւել 1 եւրօ խորհրդանշական գումարը», յայտնեց ակումբի մամլոյ մէկ բանբերը, որ այս գործողութիւնը կոչեց «մեծ քայլ դէպի ապագայ»:
Պարտքերը շուրջ 18 միլիոն եւրօ են, ըստ ֆրանսական լրատուական միջոցներուն:
«Փարք Պենչ» համակարգիչի եւ հետազօտութեան ընկերութիւն մըն է, որ կը պատկանի ամերիկացի Էվըն Սոֆերի եւ բրիտանացի Ճէյմս Պորտի:
Ներդրումային այս ընկերութիւնը արդէն իսկ բաժին ալ ունի սպանական Քորտոպա (Բ. դասակարգ) եւ մեծ բաժին մըն ալ Սկովտիոյ Բ. դասակարգի Տանֆըրմլէյն Աթլեթիք ակումբներուն մէջ:
Պորտօ 2 անգամ արդէն իսկ ենթարկուած էր պատժամիջոցներու` 2021-էն ի վեր, այդ պատճառով ալ վերջին երկու տարիներուն խումբը կը խաղար Դ. դասակարգին մէջ:
Այս տարի Պորտօ նիւթական յաւելեալ դժուարութիւններու առջեւ գտնուելով փոխանցուեցաւ Ռեժիոնալ 1 (6-րդ դասակարգ):
Այժմ կը սպասուի, որ Պորտոյի դատարանը վաւերացնէ այս նոր նախագիծը, որպէսզի ամբողջովին չջնջուի ակումբը անակնկալով:


