Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան հայաստանեան իրադարձութիւնները ճոխ են. Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի զեկոյցը եւ քննարկումները Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեան մասին, Հայ եկեղեցւոյ ճգնաժամին մասին կառավարական զեկոյցի հրապարակումը, Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը: Բոլորին մասին մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ: Կ՛ընտրեմ, պարագայաբար, Հայ եկեղեցւոյ «ճգնաժամը»:
Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ իր պահանջով ու իրեն ենթակայ հիմնարկի մը կողմէ պատրաստուող զեկոյցին նախագիծը տեսնելով, անդրադարձեր է, որ եկեղեցւոյ ճգնաժամը շատ աւելի խորն է, քան կ՛երեւակայէր: Զեկոյցը բաղկացած է 67 էջերէ եւ գրեթէ ոչինչ կը պարունակէ նախապէս յայտարարուած ու գրուած տեղեկութիւններէն տարբեր: Կարելի է ըսել, որ զեկոյցը կը կրկնէ մամուլով տարածուած, քննութեամբ չհաստատուած տեղեկութիւններ եւ բամբասանքներ: Զեկոյցը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին, որ քննիչ յանձնախումբ մը պիտի կազմէ ուսումնասիրելու համար զայն եւ աշխատանքային գործընթաց մը մշակէ:
Գրուեցան անհաշիւ յօդուածներ եւ կատարուեցան բազմաթիւ հարցազրոյցներ. շատ քիչերու պարագային տեսանք Հայ եկեղեցւոյ կանոններուն համապատասխանող կեցուածքներ: Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ այժմէական դարձաւ, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար, եկեղեցւոյ «ճգնաժամը» վերացնելու պահանջը: Նիկոլ Փաշինեան կ՛ըսէ, որ նախապէս ինք կը հիմնուէր եկեղեցւոյ եւ պետութեան անջատման սկզբունքին վրայ: Երբ եկեղեցին խախտեց այդ սկզբունքը` քաղաքականութեան միջամտելով, ստեղծեց այն ճեղքը, ուրկէ ներս սողոսկեց Հայաստանի գործող իշխանութիւնը: Եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերը դրուեցան Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ եւ ժողովրդային հաւանութիւն ստանալով խորհրդարանական ընտրութեան միջոցով, դարձան նոր նշանակուած կառավարութեան ծրագրի մաս: Քաղաքացիական պայմանագիրը ձայներու նոյնիսկ 50 առ հարիւրը չէ ստացած, ինչպէ՞ս կրնայ յաւակնիլ ժողովուրդի մեծամասնութեան հաւանութեան արժանացած ըլլալ: Իսկ ո՞ւր մնաց պետութեան եւ եկեղեցւոյ անջատման սահմանադրական պահանջը:
Օհաննավանքի կարգազուրկ եղած քահանան եկեղեցականներու քաղաքականութեամբ չզբաղուելու մասին կը վկայակոչէ առաքելական 81-րդ կանոնը: Կանոնը քաղաքական դիրքորոշում չունենալու մասին չէ, այլ եկեղեցականներուն կ՛արգիլէ քաղաքացիական պաշտօններ ստանձնել, որպէսզի ամբողջական կերպով նուիրուին իրենց հոգեւոր առաքելութեան: Եկեղեցականը քաղաքացի է. ան չի կրնար անտարբեր ըլլալ երկրի ու ժողովուրդի կեանքը տնօրինող քաղաքական դիրքորոշումներու նկատմամբ: Եթէ դիրքորոշում ունի, իր դիրքորոշումը նաեւ բարձրաձայնելու իրաւունք ունի, մանաւանդ երբ տուեալ հարցը կը վերաբերի ազգի ու հայրենիքի գոյութեան, ինքնուրոյնութեան, ներկային ու ապագային: Ասիկա չի նշանակեր քաղաքական գործունէութիւն ունենալ. դիրքորոշումը անպայման գործունէութիւն չ՛ենթադրեր:
Նոյնիսկ եթէ եկեղեցական մը, հրաժարելով իր պաշտօնէն եւ արտօնութիւն խնդրելով վերադասէն, քաղաքական գործօն աշխատանքի ձեռնարկէ, չի նշանակեր, որ եկեղեցին ձեռնարկած է քաղաքական գործունէութեան:
Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը անհրաժեշտ իրողութիւն է: Երբ պայմանները կը փոխուին ու նոր կացութիւններ կը ստեղծուին, եկեղեցին իր վարչական կառոյցը նոր պայմաններուն պատշաճեցնելու պարտաւոր է: Պետական իշխանութիւնները, փոխանակ իրենք ձեռնարկելու այդ բարեկարգումները եւ եկեղեցին կառավարելու յաւակնութիւն դրսեւորելու, կրնան օժանդակել կատարելու անհրաժեշտ փոփոխութիւնները: Կաթողիկոսի փոփոխութեամբ հարցերը չեն լուծուիր: Եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը քաղաքական շահարկումներով կարելի չէ բարեկարգել: Գրուած յօդուածները, հարցազրոյցները եւ նոյնինքն զեկոյցը կը մատնեն խոր անծանօթութիւն եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքին: Աւանդութեան նկատմամբ յարգանքը, եկեղեցւոյ դաւանական եւ ծիսական միասնութեան պահպանումը, եկեղեցական կարգերու տուչութեան առաքելական կանոններու պահպանումը քաղաքական սակարկութիւններու առարկայ պէտք չէ դառնան:
Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է վերադառնան եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքին, պէտք է հրաժարին պառակտումի միջոցով եկեղեցին հնազանդեցնելու փորձութենէն, փոխեն իրենց անպատկառ ու անարգական ոճը եւ դիմեն երկխօսութեան: Երկար ժամանակներէ ի վեր պատշաճ ծխական ու թեմական կազմակերպութենէ զրկուած եկեղեցին կարիքը ունի խաղաղ պայմաններու մէջ վերակազմակերպելու հաւատացեալներու բազմութիւնը եւ դառնալու իրողապէս ազգային եկեղեցի:
Եկեղեցին հաւատքի ու սիրոյ միութիւն է: Մեր եկեղեցին պատմութեան գորշ ժամանակներուն քրիստոնէական հաւատքին եւ սիրոյ հրամայականին միացուցած է ազգի ու հայրենիքի պահպանման, պաշտպանութեան պարտականութիւնը: Հայացուցած է քրիստոնէութիւնը, հայն ու քրիստոնեան հոմանիշ դարձուցած: Գուրգուրա՛նք ազգային այս մեծ հարստութեան:



