Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով հասաւ Փեքինի թենիսի մրցաշարքի Բ. հանգրուան 1 ժամ 13 վայրկեան պայքարէ ետք` աշխարհի թիւ 5 դասուած թենիսմեն Ֆելիքս Օժէ-Ալխասիմի դէմ:
Անցեալ ամիս «Եու. Էս. Օփըն»-ի Բ. հանգրուանին ալ Խաչանով դուրս ձգած էր քանատացի իր մրցակիցը, բայց այս անգամ ան բնաւ առիթ չտուաւ իր մրցակիցին, որ պրէյք ընէ իր սերվիսի պահուն` յաղթելով 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով:
Կարէն Խաչանով յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքս Մոլքան (Սլովաքիա) – Արթուր Ռենքերնեշ (Ֆրանսա) մրցումին յաղթականը:
Վեթերան Նովաք Ճոքովիչ 6-3 եւ 7-6 (7-2) արդիւնքով պարտութեան մատնեց փորթուգալցի Նունօ Պորկեսը` 1 ժամ 52 վայրկեանի ընթացքին:
Աշխարհի թիւ 11 դասուած 39 տարեկան Ճոքովիչ այս մրցաշարքին թիւ 6 դիրքի վրայ դասուած է: Յաջորդ հանգրուանին Ճոքովիչ պիտի մրցի չինացի մարզիկ Եունչաոքեթէ Պուի դէմ, որ դուրս ձգեց արժանթինցի Խուան Մանուէլ Չերունտոլոն` 6-2, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով:
Այս մրցաշարքին թիւ 1 դասուած մարզիկն է աշխարհի թիւ 2 թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ:


