28 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի, գրասենեակներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Արցախի պետական նախարարը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց կարեւոր նկատեց Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ծաւալած աշխատանքը:
Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին ընդգծեց, որ Արցախի հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ կառոյցի գործունէութեան առանցքը, եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքները կը կրեն երկարաժամկէտ ու անփոփոխ բնոյթ: Ան նաեւ մատնանշեց Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը մանրամասնօրէն քննարկեցին միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի հարցի արծարծման ռազմավարութիւնն ու մատնանշեցին հետեւեալ թիրախային ուղղութիւնները.
– Հաւաքական վերադարձի իրաւունք. Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւն, որոնց կարգին` միջազգային յուսալի երաշխիքներու առկայութեամբ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրականացում:
– Գերիներու ազատ արձակում. Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման հարցի խթանումը:
– Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն. Արցախի մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանութիւն եւ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հետքի ոչնչացման քաղաքականութեան հակազդեցութիւն:
– Ընկերային-կրթական աջակցութիւն. բռնի տեղահանուած արցախցիներուն կենցաղային, ընկերային եւ կրթական աջակցութեան ցուցաբերման գործիքակազմերու ընդլայնում:
Քննարկման աւարտին կողմերը կարեւոր նկատեցին միացեալ ջանքերու շարունակականութիւնն ու փոխադարձ գործակցութիւնը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան վերահաստատեց Արցախի իշխանութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց նմանօրինակ հանդիպումներու նշանակութիւնը` յառաջիկայ աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կերպով համակարգելու առումով:


