Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, որ Իրանի տնտեսութիւնը կը գտնուի ֆինանսական փլուզման շեմին, իսկ Քուպայի տնտեսութիւնը արդէն փլուզուած է, պատերազմական իրերայաջորդ գործողութիւններուն ամբողջ փիլիսոփայութիւնը կը պարփակէ իր մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը քանի մը առիթով ակնարկած էր Քուպային` ըսելով, որ Իրանէն ետք յաջորդ թիրախը Քուպան է: Լռելեայն, պէտք էր մտաբերել Իրանէն առաջ արձանագրուածը Վենեզուելայի մէջ, եւ գործողութիւններու այս շարքը արդէն շարժառիթներու եւ յատկապէս ամբողջ միտումի մը մասին վկայակած կ՛ըլլային:

Վենեզուելայի գործողութիւնը իրականացաւ այն պահէն ետք, երբ Քարաքասի վարիչները բաւական խորացուցին իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ եւ փորձառական շրջանի համար սկսան ուժանիւթի իրենց գործարքները չինական դրամանիշով կատարել: Ուաշինկթըն յիշեց մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, կաշառակերութիւնը, մենատիրութիւնը եւ փլուզուող համակարգը, որպէսզի միջամտէր եւ նախագահը գերեվարէր:

Չինաստանի յարաբերակցութեամբ կը դիտարկուէր նաեւ իր տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնող Իրանը: Ճիշդ է, այստեղ կար իսրայէլեան ճնշումը, Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի գլխաւոր խաղցող ըլլալը,  ածանցեալ` հիւլէական թղթածրարը: Սակայն հիմնականը, դէպի Չինաստան ուժանիւթային գլխաւոր դարպասներուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու մղումն էր, որ Ուաշինկթընը մղեց դիմելու ռազմական գործողութիւններու:

Վենեզուելան չկրկնուեցաւ Իրանի պարագային: Հոգեւոր առաջնորդը Մատուրոյի ճակատագիրին այլ կերպ ենթարկելով Միացեալ Նահանգները չյաջողեցան մինչ այժմ գոնէ Իրանը դարձնել Վենեզուելա եւ ամբողջական տիրապետութիւն հաստատել անոր ուժանիւթային աղբիւրներուն վրայ: Ծովային ընդհանուր պաշարումին նպատակը սակայն եթէ մէկ կողմէ Իրանին տնտեսութեան հզօր հարուած հասցնելն էր, միւս կողմէ իրանեան ուժանիւթաուղին դէպի Չինաստան վերահսկելն էր: Փաստօրէն հիմնականը Հորմուզն էր այս պարագային:

Քուպային կը սպասուի նոյն ճակատագիրը, ըստ յայտարարութիւններուն: Բայց այդ արդէն կրնայ միայն սպառնալիքի սահմաններուն մէջ մնալ եւ տեղի տալ գործարքային բանակցութիւններու: Քուպայի մասին խօսելով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ երկրին մէջ գործող տնտեսութիւն չկայ, եւ թէ` Քուպան արդէն փլուզուած է: Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները չեն ցանկար արտօնել Քուպային վերածուելու ամերիկեան շահերու դէմ գործողութիւններու յենակէտի կամ ազգային անվտանգութեան համար սպառնալիքի: Այս հաստատումով պէտք է հասկնալ, որ առաջադրուածը ամերիկեան յենակէտի վերածուիլն է:

Ամերիկացի դիւանագէտը անվտանգային հարցերու վրայ կեդրոնացած է դարձեալ հիւլէական վտանգին մասին ահազանգելով եւ Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ Հիւսիսային Քորէայի ստեղծման հաւանականութիւնը յիշելով, այդուհանդերձ հիմնական առանցքը այս բոլորին կը շարունակէ մնալ ուժանիւթային տնտեսութիւնը եւ Չինաստանի հետ յարաբերակցութիւնը:

Իրադարձութիւնները պէտք է փորձել դիտարկել Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան տնտեսական մեծ պատերազմի շրջածիրին մէջ: Ուժանիւթային պաշարներու վերահսկողութիւնը հիմնական առաջադրանք է, եւ այս եռեակ երկիրներու նշումը այդ շարժառիթները կը բացայայտէ: Անվտանգային խնդիրները հիմնականին մէջ ուժանիւթային անվտանգութեան հետ կապ ունին:

Այս եռեակէն դուրս, աւելորդ պիտի չըլլար ամերիկեան հանգուցակէտի Սիւնիքի մէջ հաստատման եւ իրանեան ուժանիւթային աղբիւրներու արտահանման, խողովակաշարերու հաստատման հեռանկարին մասին խորհրդածելը: Այստեղ եւս նոյն վերահսկողութիւնն է եւ դարձեալ դէպի Չինաստան ձգտող Միջին միջանցքի հեռանկարը: Ուժանիւթային անվտանգութեան եւ հետեւաբար ազդեցութեան վերահսկողութեան ու կախեալութեան քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ պէտք է փորձել ընկալել հիւլէական նոր կայաններու ստեղծման ամերիկեան նախագիծերը: Իսկ այստեղ արդէն երեւոյթը տարածաշրջանին մէջ ռուս-ամերիկեան մրցակցութեան սահմաններուն մէջ է: Նախագիծերը համալիր են` հաղորդուղիներ, խողովակաշարեր, հիւլէական նոր կեդրոններ, արհեստական բանականութեան շտեմարաններ եւ արտադրամասեր:

Վենեզուելայէն Իրան, ապա Քուպա ընդհանուր համապատկերը կ՛ուրուագծուի աշխարհաքաղաքականութեան այսօրուան միտումներով: Ամերիկացի դիւանագէտին ամփոփ յայտարարութիւնը ներառած է այս բոլոր հանգամանքները:

«Ա.»

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Սեպտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հուսիներէն Լիբանան. Այցելութիւններ  Եւ Հակազդեցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հուսիներէն Լիբանան. Այցելութիւններ Եւ Հակազդեցութիւններ

November 15, 2026
Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.