Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբի փորթուգալցի յառաջապահ Ժոաօ Ֆելիքս խոստովանեցաւ, որ ծրագիր ունի մօտ ապագային վերադառնալ եւրոպական ֆութպոլ:
26 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ կը կարօտնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ը եւ մասնաւորապէս Պարսելոնան:
«Կը ծրագրեմ վերադառնալ Եւրոպա, թէեւ գիտեմ, որ շուտով այդ մէկը դժուար կրնայ ըլլալ: Տակաւին չեմ գիտեր, թէ տարեշրջանի աւարտի՞ն կ՛ըլլայ այդ մէկը, թէ՞ յաջորդ տարեշրջանին, բայց կը ցանկամ կրկին անգամ խաղալ եւ մասնակցիլ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին: Պարսելոնայի հետ ելոյթները զիս պարզապէս կ՛երջանկացնեն: Ատիկա ոչ միայն իմ, այլեւ հօրս եւ եղբօրս ալ մանկութեան երազն էր: Քաթալաններու ակումբի շապիկը կրելը ինծի համար մեծ պատիւ էր», ըսաւ Ֆելիքս «ԱՍ»-ին:
Նշենք, որ փորթուգալցի յառաջապահը Նասրին միացած իր 2025-ի ամրան, եւ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2027: 2025-2026 տարեշրջանին ան 47 մրցումներ կատարած է Նասրի հետ` նշանակելով 26 կոլ եւ 18 էսիսթ:
Նախապէս ան հանդէս եկած էր Լիզպոնի Պենֆիքային, Մատրիտի Աթլեթիքոյին Լոնտոնի Չելսիին, Սպանիոյ Պարսելոնային եւ իտալական Ա. Սէ. Միլանին հետ:
Ըստ «Թրանսֆեր Մարքեթ»-ի, անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 28 միլիոն եւրոյով:


