Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան

September 30, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երեկոյ» խորագիրով երգահանդէս` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. անկախութեան:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, դիտել տուաւ, որ վարչութիւնը տարբեր առիթներով նախաձեռնած է նման երգահանդէսներու, աւելցնելով, որ սոյն թատերասրահը եղած է թատրոնի, նաեւ երգի մէջ սփիւռքահայ արուեստագէտներու բեմը: Ան ըսաւ, որ Լեւոն Գաթըրճեանի, Մանուէլ Մենենկիչեանի, Ատիս Հարմանտեանի եւ Յարութ Փամպուքճեանի նուիրուած երեկոներէն ետք, այս անգամ վարչութիւնը որոշած է Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. անկախութեան նուիրուած «Երեւանեան երեկոյ» խորագիրով երգահանդէս մը կազմակերպել` կենդանացնելով հայրենի երգերը: Մխսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւոր Հրայր Զաքարեանին:

Ապա, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ մասնակցութեամբ լիբանանահայ երաժիշտներու` պաս կիթառ` Կարօ Պասմաճեան, փըրքաշըն եւ տհոլ` Վահէ Սիմոնեան, հարուածային գործիքներ` Հրաչ Պետիրլեան, սոլօ կիթառ` Նարեկ Վասիլեան,  ելոյթ ունեցան հետեւեալ հինգ երգիչները. Նորայր Գազանճեան, որ մեկնաբանեց «Երեւան», «Երկինքը մով է», «Արարատ», «Սիրում եմ քեզ, իմ Երեւան» երգերը, Սոնա Մանճիկեան` «Ազգ փառապանծ» «Քնքուշ հայրենիք», «Կռո՛ւնկ, գնա՛ մեր երկիր», «Մշոյ աղջիկ», Սերժիօ Ահարոնեան` «Տուն իմ հայրենի», «Անկախ Հայաստան», «Վաղ թէ ուշ» «Երթանք մեր երկիրը Մուշ», Շաքէ Պաղտասարեան` «Հայաստան», «2750 տարեկան», «Երեւանի գիշերներում», «Հզօր Հայաստան», Ղազար Քէօշկէրեան` «Երեւանս», «Երեւանի սիրուն աղջիկ», «Քեզ բարի լոյս», «Երազ իմ երկիր»: Աւարտին բոլոր երգիչները միասնաբար մեկնաբանեցին «Երեւան էրեբունի» երգը: Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Նայիրի Առնելեան` շուիով եւ տուտուկով:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.