Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

September 29, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարցի միջնորդները հաւանաբար այս քանի մը օրերուն Նիւ Եորքի մէջ առանձին բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկեան կողմին հետ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրազեկ պաշտօնեայ մը:

Ըստ նոյն աղբիւրին, կ՛ակնկալուի, որ բանակցութիւնները կը կեդրոնանան նախորդ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակին մէջ Իրանի ներկայացուցած առաջարկի փոփոխուած տարբերակին վրայ:

Արաղչի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք կը մնայ Նիւ Եորքի մէջ: Առայժմ յստակ չէ, թէ ո՛վ միջնորդներուն հետ բանակցութիւններուն պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները:

Իրանական ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաստատած է, որ Արաղչին միջնորդներու հետ պիտի հանդիպի Նիւ Եորքի մէջ:

Թեհրանի եօթնօրեայ ծրագիրը կ՛առաջարկէ վերջ տալ մարտական գործողութիւններուն Իրանի եւ Լիբանանի մէջ, ապասառեցնել միլիառաւոր տոլարներու իրանական գումարները, վերացնել պատժամիջոցները Իրանի նաւթին նկատմամբ եւ ապաշրջափակել իրանական նաւահանգիստները: Անկէ ետք Իրանը կը խոստանայ թոյլ տալ վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը, ինչպէս նաեւ վերսկսիլ իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր յայտարարել էր, որ մերժած է Իրանի առաջարկը: Այդուհանդերձ, նախանցեալ որ ան ըսած է, որ կ՛ակնկալէ բանակցութիւններու վերսկսում այս շաբաթ:

Արաղչի նշած է, որ միջնորդները պաշտօնապէս չեն փոխանցած Միացեալ Նահանգներու մերժումը, եւ որ Թեհրան կը սպասէ Ուաշինկթընի վերջնական դիրքորոշումին` իր հետագայ քայլերը որոշելու համար:

«Մեր պայմանները յստակ են, եւ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման ուղղութեամբ որեւէ քայլ կախուած է այդ պայմաններու բաւարարումէն», ընդգծած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ կարելի է խնդիրի միայն բանակցային լուծում:

Նախորդը

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.