ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Քանի մը տող:
Քանի մը ծաղիկ` յուշերով եւ երախտագիտական զգացումներով պարուրուած:
***
Ինչպէ՞ս անջատուիլ շրջապատէս եւ ցատկել մանկութեանս ու պատանեկութեանս գիրկը, ուր Թանթ Մարոն, այսպէս կը ճանչնայի զինք, միշտ ներկայ եղած է: Գեղեցիկ, վայելուչ, զուսպ: Տպաւորած է զիս իր կեցուածքով, հարցերը լո՜ւռ դատելու ու լուծումներ գտնելու իրեն յատուկ տրամադրութեամբ: Պարզ էր, համեստ ու խելացի, խօսքերը կշիռ ունէին:
Աղուոր ընտանիք մը կազմած էր, բայց մնացած էր գործունեայ, տարիներով լռիկ-մնջիկ կամաւոր վազվզած էր ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն համար եւ նեցուկ կանգնած` Ծերանոցի վարչական գործերուն: Աջ ձեռքը ձախէն լուր չէր ունենար, ձախը` աջէն: Կը գործէր` առանց գանգատի, արեւ թէ անձրեւ, Պէյրութի խճողումներուն մէջ, ըրածը քաջութիւն էր:
Ընտանեկան հաւաքոյթներուն Ուրֆայի իր շնորհները կը տարածէր կատարեալ կերպով շտկուած անբիծ սփռոցին վրայ` ուրախացնելով ներկաները:
Տարիներ սահեցան, շատ բան փոխուեցաւ, պայմաններու բերումով Մարօ Մինասեան հեռացաւ Լիբանանէն` հաստատուելով Քանատա` մեծ դստեր հարեւանութեամբ: Անհանգստութիւններ, առողջական անհամ վիճակներ համակեցին անոր կեանքն ալ, ինչպէս` ամէն մարդու:
Մնաց առանձին` կորսնցնելով սիրած ամուսինը: Երկու տարի առաջ այցելեցի իրեն, կորսնցուցած էր կորովը, բայց ոչ` վայելչութիւնը:
– Շատ առանձին եմ, Հերա՛, Պէյրութը կը փնտռեմ,- ըսաւ:
– Պէյրութը գիտցածդ չէ բնաւ,- պատասխանեցի:
Ամէն հեռաձայնելուս ալ նոյնը կ՛ըսէր, միտքը հոս էր…
Թերեւս կը յիշէր իր աշխուժ օրերը, ԼՕԽ-ի համար տարած աշխատանքները, Ծերանոցին համար ժրաջան վազվզուքը եւ այժմ տկարացած, առանձնացած էր սենեակի մը մէջ:
Բայց ամուսինը կրճատեց տագնապը` զինք քովը տանելով…
Յարգանքի արժանի կեանք մը:
Երախտագիտական զգացումներով եւ մեծ յուզումով կը յիշեմ քեզ միշտ, Թանթ Մարօ:


