Ներաշխարհս` խռոված, բայց հայու արդար հպարտութեամբ եւ ի խորոց սրտի, կը շնորհաւորեմ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-րդ տարեդարձը։
Այսօր, սակայն, տօնական խանդավառութեան կողքին, մեր հոգիներուն մէջ կայ նաեւ խոր վիշտը՝ խոցուած հայրենիքին, բռնագրաւուած ու հայաթափուած Արցախ աշխարհին եւ մեր անթաղ նահատակներու յիշատակին համար։
Սեպտեմբեր 21-ը միայն տօն չէ։ Ան նաեւ յիշատակի, խոնարհումի եւ ազգային ուխտի օր է։
Այս սրբազան օրը խոնարհումս կը բերեմ Եռաբլուրի, զանազան պանթէոններու եւ մեր հայրենի հողին տակ հանգչող բոլոր այն առիւծասիրտ հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքը ընծայաբերեցին հայրենիքին, ազգին եւ անկախ պետականութեան գաղափարին։
Խոնարհումս՝ անոնց լուսաճաճանչ շիրիմներուն: Ննջեցէ՛ք խաղաղ, նուիրեա՛լ ու անմա՛հ հերոսներ։
Ձեր արեան ու նուիրումին շնորհիւ է, որ այսօր կը շարունակենք խօսիլ անկախ Հայաստանի մասին։
Այսօր, նոյնպէս, կը խոնարհինք Մուսա լերան փառապանծ հերոսամարտի մեր նահատակներուն ու հերոսներուն յիշատակին առջեւ։ Մուսա լեռը հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան եւ գոյապայքարի այն անմեռ վկայութիւններէն է, որ սերունդներուն պատգամեց չյանձնուիլ, չյուսահատիլ եւ ապրիլ իբրեւ հայ։ 1915-ի դիմադրութիւնը եւ հետագայ բռնագաղթը Մուսա լերան հայութեան պատմութեան անբաժան էջերն են։
Ձեր տօնն է այսօր, վերանկախացած Հայաստան։
Ձեր տօնն է, անյաղթ Մուսա լեռ։
Եւ թող այսօրուան մեր աղօթքն ու պատգամը ըլլայ՝
«Զանգե՛ր ղօղանջէ՛ք,
Սրբազան քաջերին կանչէ՛ք…»:
Իմ խոցուած Արցախ աշխարհ, իմ սիրելի՛ հայրենիք, մեր ժողովուրդը դեռ ունի ապրելու, վերականգնելու, հզօրանալու եւ իր արժանապատիւ ապագան կերտելու կամք։
Կը հաւատամ, որ հայրենիքի պատմութեան նոր էջերուն մէջ պիտի ծնին այնպիսի արդարամիտ, խիզախ, պետականաշէն եւ հայրենանուէր առաջնորդներ, որոնք պիտի կարողանան շարունակել Արամ Մանուկեաններու սրբազան գործը՝ անկախ, ինքնիշխան, ապահով եւ հզօր Հայաստանի կերտման ճանապարհին։
Որովհետեւ մեր պատմութիւնը չէ՛ աւարտած։
Որովհետեւ Մուսա լերան ոգին չէ՛ մարած։
Որովհետեւ Եռաբլուրի նահատակներուն պատգամը տակաւին կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ եւ որովհետեւ՝
«Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք…»:
Վերանկախութիւնդ շնորհաւո՛ր, խոցուած, բայց չընկճուած հայրենիք։
Յաւերժ փա՛ռք հայրենիքին ու ազգին համար իրենց կեանքերը ընծայաբերած բիւրաւոր նահատակներուն։
Փա՛ռք հայոց անկոտրում ոգիին։
Փա՛ռք անկախ եւ ազատ Հայաստանի գաղափարին։
Ջերմօրէն՝
ՅՃ
2026



