Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Մուտուն»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պետութիւնը մեղադրեց «գերիշխանութիւնը մսխելու եւ բռնագրաւումը օրինականացնելու» յանցանքով` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան դիմելու անոր «սայթաքումը» «ամօթ է եւ թշնամիին կու տայ հնազանդութիւն ու զիջումներ, որոնց մասին ան երբեք չէր կրնար երազել»:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ Հըզպալլայի յարաբերութեան` Ռաատ ըսաւ, որ կուսակցութիւնը նախագահէն կ՛ուզէ, որ «կառավարէ սահմանադրութեան բնագիրին եւ Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթին համաձայն, եւ իր դիրքորոշումներուն մէջ ազգային միասնականութիւնն ու Լիբանանի տեղական ու միջազգային յարաբերութիւնները պահպանէ»:
Ինչ կը վերաբերի Ամալ շարժումին հետ յարաբերութեան, ան ըսաւ. «Մեր միջեւ պառակտում յառաջացնելու բոլոր փորձերը պիտի ձախողին», եւ մերժեց Հըզպալլայի հետ Միացեալ Նահանգներու երկխօսութեան թղթածրարին մասին խօսիլ` նշելով. «Ներկայիս այդ առնչութեամբ ոչինչ ունիմ ըսելիք»:
Անդրադառնալով պաշտպանութեան ռազմավարութեան` երեսփոխանը նշեց. «Բոլոր պայմաններուն մէջ ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համապարփակ ռազմավարութեան շուրջ ազգային փոխըմբռնումը երկրին համար կարեւոր հարց է, եւ անոր առաջին պայմաններէն մէկը գերիշխանութիւն վայելող ու որոշ չափով պատասխանատուութեան գիտակից իշխանութեան գոյութիւնն է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կուսակցութիւնը յանձնառու պիտի դառնա՞յ, եթէ լիբանանեան պետութիւնը ձեռք բերէ իսրայէլեան հեռացումը, թշնամական արարքներու դադրեցումն ու վիճելի տարբեր կէտերու լուծումը երաշխաւորող համաձայնութիւն, Ռաատ ըսաւ. «Եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ ազգային գերիշխանութեան սկզբունքներուն ու անուղղակի բանակցութիւններու ճամբով, առանց թշնամիին տրամադրուող ոչ գերիշխանական որեւէ յանձնառութեան, ինչո՞ւ ոմանք կը բացառեն մեր դրական ընկալումը»:
«Եթէ բանակցութիւնները ձախողին, եւ իշխանութիւնները ետդարձ կատարեն Դիմադրութեան վերաբերեալ իրենց որոշումներէն, մենք ունինք քանի մը տարբերակներ, զորս կրնանք քննարկել եւ անոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել», ըսաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահը:


