Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Եւ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարաններուն Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողով-Աշխատաժողովը` «Փոխակերպուող Հայաշխարհ, Գործընթացներ Եւ Իրողութիւններ»

September 24, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2026-ին, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին (ՀՊՄՀ) մէջ տեղի ունեցաւ «Փոխակերպուող հայաշխարհ. գործընթացներ եւ իրողութիւններ» միջազգային գիտաժողով-աշխատաժողովը` կազմակերպութեամբ ՀՊՄՀ-ին եւ Հայկազեան համալսարանին:

Գիտաժողովը կու գար աւարտին հասցնելու 2022-ին (Երեւանի մէջ) եւ 2023-ին (Հայկազեանի մէջ) տեղի ունեցած «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» վերնագիրով զոյգ գիտաժողովները:

Մասնագէտներու, հայագէտներու եւ ուսանողներու ներկայութեան գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՊՀՄ-ի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ուրախութիւն յայտնեց այս երրորդ գիտաժողովին առիթով եւ հրաւիրեց ՀՊՄՀ-ի նախագահ դոկտոր Լիլիթ Մկրտչեանը, որ իր ողջոյնի խօսքը ուղղէ ներկաներուն:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, հուսկ` Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ ՀՊՄՀ-ի պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Էտկար Յովհաննիսեան:

Գիտաժողովի 4 նիստերուն զեկոյցներ ներկայացուցին 7 մասնագէտներ.

Դոկտ. Հրակ Փափազեան զեկուցեց «Ո՞վ է հայը» հարցադրումին հետքերով» նիւթով,
Դոկտ. Լիլիթ Մնացականեան` «Հոգեխոցը (trauma) եւ հայկական ինքնութեան որոշ դրսեւորումներ»,
Դոկտ. Աշոտ Ոսկանեան` «Պետութիւն-սփիւռք` ճգնաժամ եւ հեռանկար»,
Հրայր Պալեան` «Ազգ-պետութիւն, սփիւռք եւ հայերու բնաւ չկառուցած հաստատութենկան ճարտարապետութիւնը»,
Տիգրան Եկաւեան` «Իրական Հայաստան, ազգային պետութիւն եւ նորագոյն զարգացումներ»,
Արմենակ Թոքմաճեան` «Փոքր երկիր, համաշխարհային ցանցեր. հայերը եւ համաշխարհայնացման տարակերպութիւնը (paradox)»,
Փրոֆ. Արա Սայեղ` «Սփիւռքահայութեան փոխակերպումը համաշխարհայնացման եւ թուային արհեստագիտութիւններու հոլովոյթին մէջ»:

Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ ներկայացուցչական լայն` թէ՛ աշխարհագրական, թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ սերունդային բնոյթով: Իւրաքանչիւր զեկուցողի տրամադրուած էր մինչեւ 45 վայրկեան, որով կարելի եղաւ համապարփակ ներկայացնել նիւթը` խօսիլ տեսական երեսակին մասին, կատարել պատումը ընթացքին, նկարագրել եւ արժեւորել ներկան ու տալ հեռանկարային զարգացումներ եւ լուծումներ:

Ուշագրաւ էր նաեւ այն, որ զեկուցաբերները իրենց նիւթը պատրաստած էին «դաշտային ուսումնասիրութիւններ»-ու հիմամբ. անոնք կա՛մ ականատես-մասնակիցն էին դէպքերուն, կա՛մ դէպքերուն վերաբերեալ կատարած էին անմիջական դաշտային հետազօտութիւններ: Այս երեւոյթը անմիջականութիւն, առաւել շօշափելիութիւն եւ փաստացիութիւն հաղորդեց զեկոյցներուն, որոնք դարձան աւելի իմաստալից ու հասկնալի, եւ նիւթերը աւելիով ըմբռնելի դարձան բոլորին կողմէ, ու ըստ այդմ, արծարծուեցան, քննարկուեցան ու արժեւորուեցան:

Միւս կողմէն` պատշաճ տեղ տրուած էր նաեւ քննարկումներուն, որոնց շնորհիւ իմաստաւորուեցաւ ձեռնարկին գիտաժողով-աշխատաժողով ձեւաչափը: Քննարկումները եղան բաց ու ազատ, սրտցաւ ու գիտական եւ յատկանշուեցան նաեւ փոխհասկացողական ու բացառապէս շինիչ ոգիով:

Գիտաժողովը բացառիկ էր նաեւ իր առօրէական, անմիջական այժմէականութեամբ: Կազմակերպիչ համալսարանները չէին վարանած քննարկման նիւթ դարձնել հայաշխարհի մերօրեայ կարեւորագոյն խնդիրներու իւրօրինակ մարտահրաւէրային առաջնակարգային հարցեր:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Նախորդը

Յաջորդը

Գաղափարը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 23, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 16, 2026
Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար.  Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Հայրենի Կեանք

Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար. Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.