. ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ դատաւոր Տանիէլ Ռաֆեքաս եօթը իրանցիներ ու լիբանանցի մը պաշտօնապէս ամբաստանեց 1994 թուականին Պուէնոս Այրեսի մէջ հրէական «Ամիա» միութեան կեդրոնի ականահարման մեղսակցութեան կասկածանքով:
«Յարձակումին որոշումը օգոստոս 1993 թուականին տրուեցաւ իրանեան վարչակարգի բարձրագոյն մակարդակով, եւ անոր գործադրութիւնը վստահուեցաւ Հըզպալլային», նշեց ան:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ վարչապետ Սալամի եւ Իրանի նախագահին միջեւ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որ երկար ամիսներէ ի վեր երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ առաջինը պիտի ըլլայ, եւ անոր ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր յարաբերութիւնները»:
. ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախարարական բարեփոխումը բնական քայլ մըն է, որ նախապէս կիրարկուած է, սակայն նոյնիսկ եթէ կարգ մը նախարարներ փոխելու ուղղուածութիւնը ճիշդ է, արդեօք ներկայ պահը եւ ներկայ պայմանները ատոր համար յարմա՞ր են»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Առանց ներածականներու նախարարական բարեփոխում կ՛առաջարկեն, երբ մօտիկ անցեալին խորհրդարանին մէջ ընդհանուր քննարկման ընթացքին կառավարութեան վերանորոգ վստահութիւն յայտնեցին, ինչ որ զարմանալի է եւ իրապէս հարցականներ կը ստեղծէ, մանաւանդ որ այս առաջարկը պարզապէս «ձայնային ռումբ» է»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Քաթարն ու Թուրքիան գաղտնի հաղորդակցութիւններ եւ ջանքեր կը ղեկավարեն հարաւային Լիբանանի կացութեան ու հետագային Հըզպալլայի իրավիճակին լուծում գտնելու համար»:
Օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, Քաթարն ու Թուրքիան անջատ կերպով կը գործեն, եւ միացեալ նախաձեռնութիւն գոյութիւն չունի:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Վարչապետին կարգաւորել փորձած երկու գլխաւոր թղթածրարներուն` առաջինը շրջագծային համաձայնութիւնը տեղքայլէն փրկելուն եւ իսրայէլեան մագլցումը զսպելուն, իսկ երկրորդը` հարաւային Լիբանանի մէջ յետՖԻՆԻՒԼ-եան փուլի կարգաւորման նկատմամբ ամերիկեան ցուցանիշերը քաջալերական չեն թուիր»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ի հետ իր ժողովի ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բաց ստեղծուի, եթէ կարելի չըլլայ ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ուաշինկթըն պատրաստակամ չի թուիր համաձայնելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայ առաքելութեան երկարաձգման` նկատի ունենալով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իր գործողութիւններու շրջանին մէջ Հըզպալլայի կողմէ ենթակառոյցներու ամրապնդման եւ փապուղիներու ընդարձակ ցանցի ստեղծման ականատես էր, սակայն չկրցաւ այդ մէկը արգիլել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան որեւէ երկարաձգման կամ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժի մը գոյութեան որեւէ տարազի նկատմամբ ամերիկեան դիրքորոշումը կ՛առնչուի անոր առաքելութեան ու դերակատարութեան արմատական վերատեսման, որպէսզի անոր առաքելութիւնը միայն դիտարկումն ու խախտումներու արձանագրումը չըլլայ, այլ ներառէ Հըզպալլայի զինաթափման մէջ լիբանանեան բանակին կողքին գործնական մասնակցութիւն»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-ին համաձայն, «Ուաշինկթընի մէջ հետզհետէ աւելի կը խօսուի լիբանանեան զինեալ ուժերուն կողքին ամերիկացի զինուորներու տեղակայման կարելիութեան մասին` լիբանանեան զինեալ ուժերու տեղակայման վերահսկելու եւ համաձայնեցուած դասաւորումներու կատարումը ստուգելու համար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան Նիւ Եորքի մէջ թիւ 1701 որոշումով ամրագրուած միջազգային օրինականութեան իր անսասան կառչածութեան եւ հարաւային Լիբանանի հարցի կառավարման համար «շրջագծային բանաձեւ»-ը իբրեւ անոր համապարփակ եւ հեղինակաւոր այլընտրանք հաստատելու իսրայէլեան-ամերիկեան ճնշիչ ջանքերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սուր բացէ մը կը տառապի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «քանի մը երկիրներու, հիմնականին մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կողմէ կ՛առաջարկուի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը վեց ամիսով երկարաձգել: Նպատակը Լիբանանի, Իրանի եւ շրջանին մէջ զարգացումներու ուղղութիւնը գնահատելն է եւ ապահովական որեւէ բաց կանխարգիլելն է: Առաջարկը տակաւին կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դիրքորոշումներուն»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի յաջորդող շրջանի թղթածրարը արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի հանդիպումներուն օրակարգի գլխաւոր կէտը պիտի ըլլայ: Ան պիտի ներկայացնէ անվտանգութեան իրավիճակը վերահսկելու համար ՄԱԿ-ի ուժեր ստեղծելու Լիբանանի դիրքորոշումը, միաժամանակ դրական տրամադրուած ըլլալով Ապահովական խորհուրդին կողմէ համաձայնեցուած որեւէ բանաձեւի նկատմամբ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումները կը ներառեն միջազգային կազմակերպութիւններու բարձաստիճան պաշտօնատարներ եւ անոր արաբ ու օտար պաշտօնակիցները, որոնց շարքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն: Ան իր հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի կացութիւնը պիտի դարձնէ քննարկումներու գլխաւոր նիւթ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, որ հակառակ իր դիտողութիւններուն կառավարութեան կայունութեան նպաստեց, կրնայ ինքզինք գտնել այլ հաշուարկի մը առջեւ, եթէ ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստին ձգուի առանձին կրելու կառավարական հաւաքական որոշումի կարիք ունեցող ճգնաժամին բեռը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պատերազմի հաւանականութիւնը անցնող ժամերուն մեծապէս բարձրացաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Բացառուած չէ, որ Թրամփ համոզուեցաւ Նեթանիահուի տեսակէտով, եւ շրջանին մէջ դէպի զինուորական մագլցում կ՛ուղղուի` կարծելով, թէ զայն կրնայ ընտրապայքարին մէջ օգտագործել, սակայն այդ մէկը հաստատ չէ»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան չի գիտեր, թէ կռիւի յաջորդ փուլը ե՛րբ կը սկսի, սակայն իր պատրաստուածութեան մակարդակը կը բարձրացնէ, որովհետեւ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութեան սրումէն ետք անոր հաւանականութիւնը կը բարձրանայ, եւ իր կարողութիւնները կը պահպանէ` դիմակայելու համար որեւէ հաւանական հետեւանք»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 24000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.384.000 լ.ո.-ի եւ 2.852.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 55000 լ.ո.-ով, իսկ պիւթակազին գինը` 28000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.249.000 լ.ո.-ի:


