Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բողոքագիր Յղուեցաւ Հայաստանի Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններուն
Արցախեան, հայաստանեան եւ սփիւռքեան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ ու գործիչներ բողոքագիրով մը դիմեցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն` իրենց ընդվզումն ու մերժումը արտայայտելով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածք տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներուն այցելութեան եւ այդ այցելութիւններուն ընթացքին կատարուած անթոյլատրելի հրապարակային գործողութիւններուն դէմ:
Բողոք-դիմումին մէջ կը նշուի.
«Նման այցերը չեն կարող դիտարկուել բացառապէս իբրեւ մասնաւոր, զբօսաշրջային կամ մշակութային միջոցառումներ: Դրանք իրականացւում են մի տարածքում, որտեղից 2023 թուականի սեպտեմբերին բռնի տեղահանուել է բնիկ հայ բնակչութիւնը, իսկ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ենթարկւում է նպատակաուղղուած ոչնչացման, փոփոխման, իւրացման եւ դրա հայկական ինքնութեան ջնջման:
«Առանձնայատուկ մտահոգութիւն են առաջացնում Ստեփանակերտ, Շուշի, Գանձասար, Դադիվանք եւ հայկական մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան այլ վայրեր օտարերկրեայ ներկայացուցիչների այցելութիւնները, որոնք ուղեկցւում են հրապարակային լուսանկարներով եւ պաշտօնական յայտարարութիւններով` առանց տեղահանուած հայ բնակչութեան վիճակի եւ նրա մշակութային ժառանգութեան աղէտալի վիճակի պատշաճ գնահատման:
«Նման գործողութիւնները Ազրպէյճանի կողմից աշխուժ կերպով օգտագործւում են` միջազգային ճանաչման եւ ընդունելութեան տպաւորութիւն ձեւաւորելու համար` քաղաքական-իրաւական, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ուժի ապօրինի կիրառմամբ եւ ցեղային զտմամբ լուծելու քաղաքականութեան նկատմամբ:
«Յիշեցնում ենք, որ 2021-ի դեկտեմբերի 7-ին ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով պարտաւորեցրել է Ազրպէյճանին ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցների` հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութեան եւ պղծման գործողութիւնները կանխելու եւ պատժելու համար, ներառեալ եկեղեցիների, պաշտամունքի վայրերի, յուշարձանների եւ գերեզմանատների նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները: Դատարանի կողմից ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածի հիման վրայ կիրառուած ժամանակաւոր միջոցներն ունեն պարտադիր բնոյթ:
«Այս համաթեքսթում հայկական ժառանգութեան կառոյցներ այցելելիս անհրաժեշտ է հաշուի առնել համապատասխան միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները եւ դրանց պահպանման համար առկայ` փաստագրուած վտանգները:
«Վերոգրեալի կապակցութեամբ կոչ ենք անում Հայաստանի Հանրապետութիւնում հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններին.
«1.- Պատշաճ քաղաքական եւ իրաւական գնահատական տալ իրենց ներկայացուցիչների` Ազրպէյճանի կողմից բռնազաւթուած Արցախի տարածք կատարած այցերին:
«2.- Պահանջել տեղեկատուութիւն նման այցերի նպատակների, ձեւաչափի, իրաւական եւ բարոյագիտական հիմքերի վերաբերեալ:
«3.- Չմասնակցել այն միջոցառումներին, որոնք կարող են նպաստել Ազրպէյճանի` Արցախի, նրա ժողովրդի եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող յանցաւոր քաղաքականութեան միջազգային օրինականացմանը:
«4.- Հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներ այցելելիս հաշուի առնել դրանց պատմական պատկանելիութիւնը եւ հայկական ինքնութեան պահպանման խնդիրները:
«5.- Ազրպէյճանի իշխանութիւնների առջեւ բարձրաձայնել հայկական եկեղեցիների, վանքերի, յուշարձանների, գերեզմանատների, թանգարանների եւ մշակութային ժառանգութեան այլ օբյեկտների պահպանութեան հարցերը:
«6.- Պահանջել Ազրպէյճանի կողմից ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի սահմանած պարտաւորութիւնների անվերապահ կատարումը, ինչպէս նաեւ ապահովել Արցախի բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան` իրենց բնակավայրեր անվտանգ, արժանապատիւ եւ առանց խտրականութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացումը:
«7.- Դիւանագիտական եւ միջազգային համապատասխան հարթակներում հետեւողականօրէն բարձրաձայնել եւ պաշտպանել Արցախի բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան` իր հայրենիք անվտանգ, արժանապատիւ եւ առանց նախապայմանների վերադարձի իրաւունքը` որպէս նրա հիմնարար իրաւունքների եւ արդար ու կայուն խաղաղութեան անբաժանելի բաղադրիչ:
«8.- Դիւանագիտական եւ միջազգային համապատասխան հարթակներում հետեւողականօրէն պահանջել Ազրպէյճանի իշխանութիւններից ապահովել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անկախ առաքելութեան անարգել մուտքը Արցախ` հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակը գնահատելու եւ դրա վերաբերեալ մասնագիտական զեկոյց պատրաստելու նպատակով:
«9.- Ձեռնպահ մնալ հրապարակային գործողութիւններից, որոնք կարող են օգտագործուել` միջազգային հանրութեան շրջանում Արցախի բնիկ հայ ժողովրդի նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտման հետեւանքների միջազգային ճանաչման կամ ընդունելութեան տպաւորութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը շրջանցելու կամ նսեմացնելու համար:
«Մենք ակնկալում ենք, որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները պաշտօնապէս կը քննարկեն սոյն դիմումը եւ անյապաղ կը ձեռնարկեն համապատասխան դիւանագիտական քայլերի»:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 45-րդ Հատորին Երկու Գիրքերուն Շնորհահանդէսը
11 սեպտեմբեր 2026-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 45-րդ հատորին զոյգ գիրքերուն շնորհահանդէսը:
Բացումը կատարեց Հիմնարար գրադարանի տնօրէն Մայա Գրիգորեանը: Ան բարձր գնահատեց հանդէսը, միաժամանակ մեծ գոհունակութիւն յայտնեց գրադարանին եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ եղած գործակցութեան համար` նշելով, որ այդ գործակցութիւնը փոխադարձ է, արդիւնաւէտ եւ չի կրեր ձեւական բնոյթ:
Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի երիտասարդ տնօրէն դոկտոր Համօ Սուքիասեանը, որ անդրադարձաւ հանդէսին կարեւոր եւ էական դերակատարութեան` հայագիտական ծիրին մէջ: Ան նշեց, որ 15 տարիներ առաջ ինք եւս աշխատակցած է հանդէսին եւ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս այն ատեն զարմացած էր հանդէսի խմբագրակազմին քաջալերական ու հոգածու վերաբերումէն: Ան մատնանշեց հանդէսին իւրայատկութիւններէն քանի մը հատը` նիւթերու բազմազանութեան, այժմէականութեան, այլազանութեան եւ բազմակարծութեան առումներով, շեշտաւորեց հանդէսին հրատարակչական հետեւողականութիւնը, ու ակնարկելով 45-րդ հատորին երկրորդ գիրքին մէջ տեղ գտած սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուած հարցումներուն, Սուքիասեան ընդգծեց, որ խմբագրական կազմը դիմած է արհեստական բանականութեան` բացատրելով, թէ հանդէսը ինչ տարողութեամբ կ’առնչուի ժամանակակից զարգացումներուն:
Ապա խօսք առաւ հանդէսի պատասխանատու խմբագիր փրոֆեսէօր Անդրանիկ Տագէսեան, որ ի միջի այլոց շեշտեց հանդէսին աւանդապահ եւ միաժամանակ այժմէական ընթացքը, նկարագրեց ստացուած ուսումնասիրութիւններու քննարկման գործընթացը` նշելով, թէ խմբագրական կազմի անդամներուն կողմէ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ընթերցումէն ետք կը մէկտեղուին դիտարկումները, թելադրանքներն ու առաջարկները եւ կը յղուին հեղինակին` առ ի նկատառում: Տագէսեան շեշտեց, որ այս իրագործումը միացեալ աշխատանքի արդիւնք է եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հանդէսը իրականութիւն կը դարձնեն:
Հուսկ, խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան, որ ընդգծեց. «… Գիտութիւնը, ներառեալ հայագիտութիւնը, իր էութեամբ կը ձգտի ճշմարտութեան լոյսը տարածել, անցեալը աւելի լաւ հասկնալու եւ զայն փոխանցելու ապագայ սերունդներուն: Սակայն մենք նաեւ կը գրենք` վկայելու եւ զգալու համար, որ այսօր կենդանի ենք: Հայ մշակոյթը միայն անցեալի ժառանգութիւն մը չէ, այլ կամուրջ է` անցեալով ներշնչուող, ներկայով ապրող եւ ապագայ ստեղծող իրականութիւն մը»:
Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի Աշակերտներուն Օրինակելի Նախաձեռնութիւնը
12 սեպտեմբեր 2026-ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Ֆերահեան ազգային վարժարանի աւարտական կարգի աւելի քան 55 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեանի, այցելեցին ՀՕՄ-ի Հայաստանի կեդրոնը եւ ազգային այնպիսի կարեւոր պարտականութիւն մը կատարեցին, որ բարի օրինակ կը հանդիսանայ յատկապէս մեր երիտասարդութեան:
Անոնք ամբողջ տարին տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով, կարկանդակ եւ տուրմ վաճառելով հանգանակած էին կոկիկ գումար մը, զոր անձամբ յանձնեցին հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն զոհուած մեր նահատակ հերոսներու 15 ընտանիքներու: Վերջիններուն եւ աշակերտներուն յուզիչ հանդիպումը տեղի ունեցաւ նշուած ժամուն ՀՕՄ-ի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ: Հեռաւոր Ամերիկայէն եկած աշակերտները յուզումնախառն արցունքներով ողջունեցին մեր նահատակ հերոսներու մայրերն ու այրիները, լսեցին անոնց թանկագին կորուստներուն մասին, քաջալերեցին զանոնք չտկարանալու, որովհետեւ իրենց կորուստը այն յստակ ապացոյցն է, որ հայութիւնը իր քաջարի զաւակներով, կեանքի գնով պիտի շարունակէ պաշտպանել մեր բոլորին հայրենիքը:
Սրտի խօսքեր փոխանցեցին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեանը, վարժարանի հայերէն բաժինի պատասխանատու Արա Գազանճեանը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանը եւ ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Մելանիա Բալայեանը:
Կարգ մը աշակերտներ իրենց հերթին հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին մեր անմահ հերոսներու հարազատներուն: Այս այցելութիւնը դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ այցելու աշակերտներուն վրայ, որոնք խոստացան չմոռնալ մեր ազգի նահատակ հերոսները եւ շարունակել իրենց ազգային պարտականութիւնները` յաճախ այցելելով հայրենիք:
ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղը Ուրախութիւն Եւ Ջերմութիւն Պարգեւեց Նահատակ Հերոսներու Զաւակներուն
Սեպտեմբեր 16-ին ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղը հերթական ձեռնարկով խինդ եւ բերկրանք պարգեւեց արցախցի փոքրիկներուն:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր այն մանուկներուն համար, որոնք լոյս աշխարհ եկած էին 2020 եւ 2023 թուականներու մարտական գործողութիւններու ընթացքին` իրենց հայրերուն նահատակութենէն ետք, իսկ մայրերը բռնի տեղահանուած էին` կորուստի բազմապատկուած ցաւը իրենց սրտին:
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ժամանցային ձեռնարկին ընթացքին մանուկները շատ լաւ ժամանակ անցուցին մանկական գծանկարներու հերոսներու հետ` երգեցին, պարեցին, խաղացին եւ հաճելի նուէրներով ու բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան:
Ըստ մայրիկներու վկայութեան, մանուկները մեծ ուրախութեամբ անցուցին օրը եւ ստացան իրենց երազած նուէրները:
«Շատ ուրախ ենք, որ կարելիութիւն ունեցանք արցախցի մեր մանուկներուն թէկուզ մէկ օրը տօնի վերածելու, ժպիտներ պարգեւելու եւ անոնց անկեղծ ու անմիջական յոյզերուն ականատես ըլլալու: Թող մեր փոքրիկներուն իւրաքանչիւր օրը լեցուած ըլլայ մանկական ծիծաղով, սիրով եւ լուսաւոր պահերով», նշեցին ՀՕՄ-ուհիներ:
«Արցախեան Մշակոյթի Թուային Տուն»-ը` Արցախի Ժառանգութիւնը Պահպանելու Կարելիութիւն
15 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ Արցախի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան հաւաքագրման, պահպանման եւ հանրայնացման նպատակով ստեղծուած «Արցախեան մշակոյթի թուային տուն»` artsakhian.org հարթակը: Անիկա ստեղծուած է Արցախի պետական նախկին նախարար, ներկայիս ապօրինաբար Պաքուի բանտը պահուող Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութենէն:
2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք վտանգուեցաւ նաեւ մշակութային ժառանգութեան բնական փոխանցման շարունակականութիւնը: Բարբառը, բանահիւսութիւնը, ծէսերն ու սովորութիւնները, երգն ու երաժշտութիւնը, աւանդական գիտելիքն ու առօրեայ մշակոյթի բազմաթիւ դրսեւորումները, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուած են իրենց բնական միջավայրի մէջ, այսօր պահպանման եւ փաստագրման առանձնայատուկ կարիք ունին:
«Մեզի համար կարեւոր էր, որ Արցախը թուային աշխարհին մէջ ներկայանայ իր ստեղծած մշակոյթով: Այս թուային տան մէջ ամէն բան իրարու հետ կապուած է` լեզուն, յիշողութիւնը, մարդիկ, պատմութիւնները, եւ այստեղ Արցախի մշակոյթը կը ներկայացուի ոչ թէ իբրեւ անցեալի փակուած պատմութիւն, այլեւ` կենդանի մշակոյթ», նշեց «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան փոխտնօրէն, նախագիծի ղեկավար Նարինէ Աղաբալեան:
«Արցախեան մշակոյթի թուային տուն» հարթակի կառուցուածքը ձեւաւորուած է` առաջնորդուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան հինգ հիմնական ոլորտներով: Անիկա կը ներառէ Արցախի բանաւոր աւանդոյթներն ու բանահիւսութիւնը, կատարողական արուեստները, ծէսերն ու տօները, բնութեան վերաբերեալ աւանդական գիտելիքն ու արհեստները: Հարթակը նաեւ թուային շտեմարան է` գրադարանով, տեսադարանով, պատկերադարանով, ձայնադարանով եւ բառարանով:
Հարթակի ստեղծման գիտական խումբի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան յատկապէս ընդգծեց այս աշխատանքին նշանակութիւնը Արցախի մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ առկայ սպառնալիքներու պարունակին մէջ:
«Յատկապէս այս վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, երբ Ազրպէյճանը կը վարէ մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն` ջնջելով հայկական հետքը Արցախի մէջ, այս հարթակով մենք պիտի կարենանք ներկայացնել մեր հայրենիքը, որպէսզի Արցախի մասին խօսքը, Արցախի մասին իւրաքանչիւր էջ բաց ըլլայ բոլորիս համար, եւ այդ էջը երբեք չփակուի», յայտնեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Շնորհահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցան հարթակի ստեղծման գաղափարը, կառուցուածքը, բովանդակային սկզբունքներն ու հետագայ զարգացման ուղղութիւնները: Նախաձեռնութեան հեղինակները նաեւ կոչ ուղղեցին արցախցիներուն, հետազօտողներուն եւ անձնական արխիւներ ունեցող ընտանիքներուն` բաժնեկցելու իրենց մօտ պահպանուող լուսանկարները, տեսանիւթերը, ձայնագրութիւնները, պատմութիւնները եւ այլ նիւթեր` նպաստելով Արցախի մշակութային յիշողութեան պահպանման:
Հարթակի վերաբերեալ մասնագիտական արձագանգով պատմաբան, մշակութաբան Համլեթ Պետրոսեան կարեւոր նկատեց աշխատանքի գիտական ճշգրտութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:
«Մեր յաջողութիւնը մեր մշակոյթը մանրամասն, ճշգրիտ եւ անկողմնակալ ներկայացնելու մէջ է: Այս ծանր պայմաններուն մէջ մասնագիտական մօտեցումը նաեւ բարոյական չափանիշ է: Այս հարթակը եզակի աշխատանք է, եւ ես իսկապէս հիացած եմ կատարուածով», նշեց Պետրոսեան:
Հարթակի հանրային ներկայացումով աշխատանքը պիտի չաւարտի. «Արցախեան մշակոյթի թուային տունը» կը մտնէ զարգացման նոր փուլ: Կը նախատեսուի շարունակաբար համալրել անոր բովանդակութիւնն ու թուային շտեմարանները, ներգրաւել նոր մասնագիտական եւ անձնական արխիւներ, բանաւոր վկայութիւններ եւ այլ նիւթեր: Ասոր նպատակն է` հարթակը դառնայ մնայուն կերպով աճող, բաց եւ վստահելի գիտելիքի միջավայր` պահպանելով Արցախի կենդանի մշակութային յիշողութիւնը եւ փոխանցելով զայն յաջորդ սերունդներուն:
Հաղորդենք, որ ներկայացման պաշտօնական բաժինին զուգահեռ, արցախցի կիներ պատրաստեցին արցախեան ուտեստներ, ինչպէս նաեւ ցուցադրեցին արցախեան զգեստներ:


