Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մերիլանտ նահանգի Քեմփ Տէյվիտի հանգստեան վայրին մէջ իր շաբաթավերջի արձակուրդը անակնկալ կերպով կրճատեց ու շաբաթ երեկոյեան վերադարձաւ Սպիտակ տուն, առանց որ անոր վարչակազմը անոր ժամանակացոյցի այս անակնկալ փոփոխութեան համար որեւէ բացատրութիւն տայ:

Թրամփ այս քայլը առաւ, մինչ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց. սէուտական ղեկավարութեամբ զինուորական դաշինքը յայտարարեց, թէ հուսիները շաբաթ արշալոյսին հեռահար հրթիռ մը արձակած են մայրաքաղաք Ռիատի ուղղութեամբ, որմէ ետք անոր միջազգային նաւահանգիստին մօտ ԱՐԱՄՔՕ ընկերութեան վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ հրդեհ յառաջացաւ, թէեւ դաշինքը նշեց, որ վնասազերծած է հրթիռը:

Դաշինքը նաեւ հաղորդեց, որ հուսիները փորձած են քաղաքային ենթակառոյցներ թիրախաւորել Կարմիր ծովուն եզերքը գտնուող Եընպոհ քաղաքին մէջ, ուր կը գտնուի սէուտական քարիւղի խողովակաշարի ծայրամասը: Անոնք նաեւ թիրախաւորած են Թաէֆ, Պէյշ եւ Ֆրսան քաղաքները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, վերոնշեալ զարգացումներուն լոյսին տակ բարձրացուց շրջանին մէջ իր քաղաքացիներուն համար ապահովական ազդարարութիւնը` զգուշացնելով «ապահովական բարդ միջավայրէ, որ չսպասուած մագլցումներու հաւանականութիւն կը պարունակէ»:

Նախարարութիւնը կիրակի կանուխ առաւօտուն «Էքս»-ի վրայ տեղադրուած շրջաբերականի մը մէջ Միջին Արեւելքի մէջ բնակող ամերիկացիներուն կոչ ուղղեց` ցուցաբերելու բարձր զգօնութիւն եւ պատրաստ ըլլալու թռիչքներու հաւանական ջնջումներու, օդային տարածքի փակման եւ ճամբորդութեան խափանումներու: Անիկա նաեւ շրջանէն դուրս գտնուողներուն կոչ ուղղեց` լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկելու շրջան կամ շրջանի ճամբով ճամբորդելու որեւէ ծրագիր:

 

 

Նախորդը

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

RelatedPosts

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
Իսրայէլեան Բանակը Աւելցուցած Է Կազայի,  Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Մէջ Իր Ներկայութիւնը
Միջազգային

Իսրայէլեան Բանակը Աւելցուցած Է Կազայի, Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Մէջ Իր Ներկայութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.