Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ տնտեսական ընկերութիւններու շահերու ոտնահարումը պիտի չմնայ առանց ռուսական կողմի պատշաճ արձագանգին, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին:
«Հայաստան յայտարարած է, թէ հայրենական (ռուսական) ներդրումներուն հանրապետութեան մէջ ոչինչ կը սպառնայ, բայց յայտարարութիւնները միշտ եւ ամէն բանի մէջ չէ, որ կը համընկնին իրականութեան», ԹԱՍՍ-ի համաձայն` յայտարարեց Կալուզին:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի փոխքարտուղար Ալեքսէյ Շեւցով, որ յայտարարեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն արժեզրկել ռուսական ընկերութիւններն ու անոնց շահերը` ստիպելու համար սեփականատէրերը ձերբազատուելու անոնցմէ:
«Նկատած ենք նախանշաններ, որ յաջորդ թիրախները կրնան դառնալ Հայաստանի մէջ ռուսական արդիւնաբերական եւ ենթակառուցուածքային ձեռնարկութիւնները», դիտել տուաւ Շեւցով` առանց յստակ անուններ տալու:
Անոր համաձայն, «շրջանառութեան մէջ կը դրուին թէզեր անոնց անբաւարար ֆինանսաւորման, ներդրումային մթնոլորտին վրայ բացասական ազդեցութեան, անոնց գործունէութեան բնապահպանական վնասին, աշխատակիցներու ցած աշխատավարձին մասին»:
Նման մարտավարութիւնը, Շեւցովի համաձայն, «պիտի դառնայ յաւելեալ «կրակոց» հայաստանեան տնտեսութեան վրայ` նկատի առնելով, որ «ռուսական գործարարութիւնը տասնեակ հազարաւոր աշխատատեղեր ստեղծած է եւ արդիւնաւէտ կը կառավարէ իր գործունէութիւնը` օրինական հիմքերու վրայ նշանակալի ներդրում ունենալով Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնաբերութեան մէջ»:
Կալուզին նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ երկաթուղիի հարցով իրականութիւնը Երեւանի յայտարարութիւններուն հակառակն է, եւ` «ռուսական ընկերութիւնը շատ տարիներ իր եկամուտները պիտի ներդնէ հայկական երկաթուղային ենթակառուցուածքի աջակցութեան, արդիականացման եւ զարգացման գործին մէջ»:
Հայաստանի մէջ ռուսական մեծագոյն ընկերութիւններէն է «Կազփրոմ-Արմէնիա»-ն, որուն շուրջ, սակայն, ներկայիս գոնէ հրապարակային բանավէճ չկայ: Ընկերութեան հայաստանեան վերլուծական եւ այլ շրջանակներ կ՛անդրադառնան հիմնականին մէջ Հայաստանի համար բնական կազի շուկայական սակ սահմանելու` Ռուսիայէն պարբերաբար հնչող սպառնալիքներուն:


