Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին առիթով, կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք (Գոհաբանական աղօթք) եւ Հայաստանի Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Օրուան պատարագիչն էր Առաքել վրդ. Գատէհճեան:
Շահան արքեպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ միաբան հայրեր աղօթքներով, աւետարանական ընթերցանութեամբ եւ սաղմոսներու արտասանութեամբ, սուրբ խորանէն կատարեցին Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը: Սրբազան հայրը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած` աղերսեց. «Լսէ՛ ծառաներուդ աղաչանքները եւ անսասան պահէ՛ Քու ողորմութեամբդ վերականգնած Հայաստանի իշխանութեան գահը` մեր ազգին հանրապետութիւնը, Տէ՜ր: Աւելցո՛ւր շնորհքն ու իմաստութիւնը բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութիւնը ունին, որպէսզի կարող ըլլան ուղիղ դատաստանով եւ արդարութեամբ առաջնորդել Քու ժողովուրդդ: Մեր հրամանատարներուն եւ զօրքին ոգին աւելիո՛վ զօրացուր: Մեր մէջ հաստատէ՛ սրբութեան եւ խոհեմութեան սէրը` ճանչնալու իմաստութիւնը եւ հասկնալու խրատը, որպէսզի կատարենք օրէնքի ճամբով մեզի տրուած պարտաւորութիւնները: Երկարէ՛ ձեռքդ, ո՜վ Տէր, եւ օրհնէ՛ ամբողջ հայ ժողովուրդը, մեր ազգը եւ մեր սուրբ եկեղեցին: Օրհնէ, Տէ՜ր, այս եռագոյն դրօշը: Եւ այնպէս, ինչպէս ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան վրայ ծիրանի գօտիով Քու եւ մարդկութեան միջեւ ուխտ հաստատեցիր, հիմա ալ, այնքան սուրբ եւ հերոսական արիւնի հեղումէ ետք, այս գեղեցիկ գոյներով դրօշը Քեզի հետ կնքուած մեր ուխտին նշանը թող ըլլայ»:
Ապա, Առաքել վարդապետ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Հայր սուրբը քարոզի բնաբան վերցուցած էր Դաւիթ մարգարէի որդւոյն` Սողոմոն Իմաստունի հետեւեալ բառերը. «Եթէ Տէրը Ինք չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները: Եթէ Տէրը Ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (127.1): Խօսելէ ետք աստուածաշնչական հասկացողութեամբ «Տէրը Ինք չշինէ», «տուն» եւ «քաղաք» բառերուն մասին, հայր սուրբը անդրադարձաւ հաւատքի կարեւորութեան, որ կ՛ենթադրէ Աստուծոյ նկատմամբ վստահութիւն ունենալ եւ ապաւինիլ Անոր` մեր առօրեայ կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ: Ապա, խօսելով Հայաստանի վերանկախութեան 35-ամեակին մասին` ան ըսաւ. «Այսօր մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած մեծագոյն հարցերէն մէկը հոգեւոր Հայաստանն ու սփիւռքը վերակազմակերպելն է, հոգեւոր տուն եւ բնակիչ ունենալն է: Անոնց վերակազմակերպման աշխատանքը կը սկսի ընտանիքէն: Տունը առաջին եկեղեցին է, ուր մանուկը կը սորվի աղօթել, ներել, սիրել եւ Աստուծոյ վստահիլ: Երբ ընտանիքին մէջ Քրիստոս կ՛ապրի, այդ ընտանիքը արդէն իսկ փոքրիկ հոգեւոր Հայաստան եւ հոգեւոր սփիւռք կը դառնայ: Հայաստանը եւ սփիւռքը պէտք է մէկ հոգեւոր ընտանիք ըլլան, մէկ հոգեւոր մարմին դառնան` ունենալով նոյն առաքելութիւնը, նոյն նպատակը եւ նոյն հաւատքը: Մեզի պէտք է ո՛չ միայն ազգային հաւաքական յիշողութիւն, այլ նաեւ` հաւաքական հաւատք եւ առաքելութիւն»: Եզրափակելով իր քարոզը` հայր սուրբը ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, եկէ՛ք անսանք Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին, եւ այս տարին իրապէս դարձնենք հայ ազգի հոգեւոր վերանորոգման տարին: Թող Տէրը Ի՛նք վերանորոգէ մեր հոգիները, օրհնէ մեր ընտանիքները, պահպանէ մեր ժողովուրդը, անսասան պահէ մեր եկեղեցին եւ զօրացնէ Հայաստանն ու սփիւռքը»:
Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:


