Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովիկ Աբրահամեան Խորհրդակցութեան Կը Հրաւիրէ Խորհրդարանական Խմբակցութեանց Ղեկավարները

June 14, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդակցական հանդիպումէն պահ մը

«Հայկական Ժամանակ» թերթը կը գրէ, որ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները նախանցեալ օր խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի մօտ` որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ձեւաւորուին Ազգային ժողովի միջազգային պատուիրակութիւնները:

Մօտ երկու ժամ տեւած քննարկումէն ետք, սակայն, կողմերը ոչ մէկ որոշումի յաջողած էին յանգիլ: Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան պահանջեցին, որ բոլոր պատուիրակութիւններուն մէջ իրենք ներկայացուած ըլլան իրենց 5-ական պատգամաւորներով: Իսկ Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ հարցը պէտք է քննարկուի իրենց խմբակցութեան մէջ, եւ յետոյ պիտի ներկայացուի քոնկրեսի տեսակէտը:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ սոյն հարցով յաջորդ հանդիպումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ: Փոխարէնը, արդէն ամբողջութեամբ ձեւաւորուած են Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերը: Կը մնայ, որ անոնք նիստ գումարեն եւ փոխնախագահներ ընտրեն: Չի բացառուիր, որ ատիկա տեղի ունենայ այս շաբաթ:

Իսկ մինչ այդ` անորոշ կը մնայ նաեւ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավարին հարցը: Աշխատակազմին մէջ լարուած կը սպասեն, թէ ե՛րբ  Յովիկ Աբրահամեան աշխատանքէն ազատ պիտի կացուցէ Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Վրէժ Գասպարեանը եւ զո՛վ պիտի նշանակէ անոր փոխարէն: Կ՛ակնկալուէր, որ այդ փոփոխութիւնը տեղի ունենար տակաւին անցեալ շաբաթ: Աբրահամեան, սակայն, անհասկնալի պատճառներով կը յապաղի:

Թերթը կը տեղեկացնէ, որ ամէն պարագայի, Վրէժ Գասպարեանի հետագայ պաշտօնավարումը  այնքան ալ ձեռնտու չէ իշխանութեան, քանի որ ան խիստ խոցելի դէմք է: Այս ընթացքին կայքերէն մէկուն մէջ խայտառակ մանրամասնութիւններ հրապարակուած են Գասպարեանի կենսագրութեան մասին, ուր կը խօսուի մեծ գումարներու շորթման եւ այլ օրինազանցութիւններու մասին, որոնց, ըստ հրապարակման, արդէն ծանօթ են նաեւ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմին մէջ:

 

Նախորդը

Չինաստանի Պետական Խորհուրդի Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Վարչապետ Սարգսեանը

Յաջորդը

Արտերկրի Ֆրանսացիներու Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Թեկնածու Ալեն Մարսօ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.