Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

1915 թուական. լեռ մը,  ինքնապաշտպանութիւն մը` այդ լերան վրայ, նահատակներ` թիւով 18, անհաւատալի փրկութիւն մը` կարմիր խաչանիշ դրօշակով եւ ֆրանսական մարտանաւերով:

Եւ այսպէս` Մուսա Լեռը, հերոսամարտը, լերան վրայ քաջաբար ինկած 18  նահատակներն ու ժողովուրդին փրկութիւնը: Այս է մուսալեռցիներուն հերոսական պատմութիւնը, ինքնութիւնը, յաղթանակը եւ գոյատեւումը:

Ճիշդ է, որ ասոնք 111 տարի առաջ պատահած դէպքեր են, սակայն անոնք անցեալ չեն պարզ այն պատճառով, որ մուսալեռցիք ո՛ւր ալ գտնուին աշխարհի վրայ, ամէն տարուան սեպտեմբեր ամսուն պիտի համախմբուին, մատաղ-հերիսա պիտի պատրաստեն եւ տարբեր բնոյթի ընտանեկան, միութենական կամ ժողովրդային հանդիպումներով պիտի ապրին Մուսա Լերան հերոսամարտի 45 օրերը:

Մուսալեռցիներ իրարու պիտի հանդիպին, պիտի պատմեն Մուսա Լերան անցեալին ու ներկային մասին, պիտի յիշեն «ծառտակեր»-ը, պիտի երգեն «Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք», մատաղ պիտի պատրաստեն եւ իրենց աւանդական թմբուկ-զուռնայի հնչիւններու տակ` ոտքերնին ամուր գետին պիտի զարնեն մարտական պարերով:

Յարգելով աւանդութիւնը, բոլորովին առանձին ապրող մուսալեռցի ընտանիքներ, տարբեր երկիրներու մէջ պէտք է հերիսա-մատաղ պատրաստեն եւ «լիռռօն խայր» (լերան բարիքը)  բաժնեն դրացիներուն:

Առիթը տօնական է եւ յաղթական:

1915-ի յուլիսին ժողովրդային առողջ բնազդը, քաջութիւնը եւ թշնամիին չվստահելու մօտեցումը փրկեցին շուրջ 4500 մուսալեռցիներ, որոնք եթէ հաւատային թրքական պետական խոստումներուն (ինչպէս նաեւ` կարգ մը աղաներու եւ Պիթիասի պատուելիին) եւ գաղթական ելլէին իրենց պապենական գիւղերէն ու մաս պիտի կազմէին Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն…

Այս տարի այնպէս պատահեցաւ, որ նոյն ատեն` սեպտեմբեր 19-20-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-րդ տարեդարձը պիտի նշուի թէ՛ Մուսա Լեռ-Այնճարի եւ թէ՛ հայրենիքի Մուսա Լեռ աւանին մէջ:

Մատաղ-հերիսայի պատրաստութիւնը, թմբուկ-զուռնան եւ մարտական պարերու ոգին պիտի միացնէ հազարաւոր ուխտաւորներ` Ամերիկայէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Եւրոպայէն, Մուսա Լերան պատմական Վագըֆ գիւղէն եւ Այնճարէն` հասնելով Հայաստան:

Մուսալեռցիք ձեռք-ձեռքի պիտի տան աշխարհին ըսելու, որ  ազգին փրկութիւնը կարելի է միայն բոլորին ուժերու միացումով:

Վերջերս կարդացի  երկու մուսալեռցիներու ձեռագիր յուշերը: Շուրջ մէկ ամիս առիթը ունեցայ Մուսա Լերան վրայ մնալու իրենց կողքին` ապրելով 45 օրերու իւրաքանչիւր օրը իր  տագնապներով:

Հազա՛ր փառք  մեր պապերուն, որոնք հայու պատիւը բարձր պահեցին:

Շիւտ ա՛պրա՛ք աղբրտա՛ք ու քուվըտա՛ք: Ամըն տարա աս ուրիրէն սաղ ու բա՛րու մնացըք (Շատ ապրիք եղբայրներ եւ քոյրեր: Ամէն տարի այս օրերուն ողջ ու բարութեան մէջ մնացէք):

13 սեպտեմբեր 2026

Նախորդը

Վերաթարմացուող Պատգամ

Յաջորդը

Մեսսիի 100-րդ Կոլը Եւ 49-րդ Տիտղոսը

RelatedPosts

Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան
Անդրադարձ

Ինքնուս Ստեղծագործող Մը Եւս` Պետրոս Թաշճեան

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.