ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
1915 թուականի ամրան, երբ Մուսա Լերան շրջանի վեց գիւղերու հայութիւնը ստացաւ բռնագաղթի հրամանագիրի լուրը, որոշեց չհնազանդիլ: Փոխանակ Տէր Զօր ուղարկուելու մահուան կարաւաններով` բնակիչները բարձրացան լեռ ու հոն կազմակերպեցին իրենց դիմադրութիւնը: Այդ որոշումը բաւական ծանր էր գիւղերու մանուկներուն համար, որոնց մանկութիւնը յանկարծ շաղախուեցաւ անգութ թշնամիին ստեղծած անապահով եւ սպառնացող միջավայրին հետ:
Քառասունհինգ օրերու ընթացքին այդ փոքրիկները ապրեցան այն, ինչ որ ոչ մէկ մանուկ պէտք է ապրի` սով, վախ, անորոշութիւն ու շարունակական սպառնալիք: Սակայն նոյն այդ դժուար պայմաններուն մէջ անոնք ականատես եղան մեծերու անսակարկ զոհողութեան` համայն մուսալեռցիներուն փրկութեան նպաստելու:
Մանուկները իրենք ալ իրենց բաժինը բերին: Աղջնակներ ու տղաներ, հազիւ քանի մը տարեկան, ջուր կը կրէին պաշարուած դիրքերուն, կ՛օգնէին վիրաւորներուն խնամքին, կը հաւաքէին վառելափայտ եւ ուտելիք, ուր որ կարելի էր գտնել: Աւելի մեծ պատանիները հսկողութեան գործերուն մասնակցեցան, լուր կը փոխանցէին դիրքէ դիրք, ուշադիր` հեռու մնալու թշնամիին աչքէն: Փոքրերն անգամ, որոնք դիրքի մարտերուն մասնակցելու տարիքի չէին, կը սորվէին լռութեան արժէքը, երբ գիշերուան մէջ ամէն ձայն կրնար մատնութիւն դառնալ:
Այս գործնական մասնակցութեան միջոցով մանուկները սորվեցան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ միասնականութիւն. ամէն ոք դեր մը ունէր կատարելիք ընդհանուր փրկութեան ճամբուն վրայ: Անոնք տեսան, թէ իրենց ծնողները, հօրեղբայրները, դրացիները ինչպէ՛ս կ՛աշխատէին միասնաբար, առանց խտրութեան, միայն մէկ նպատակի համար` գոյատեւում:
Այդ պայմաններուն մէջ մեծցող մանուկները իրենց մորթին վրայ զգացին, թէ ի՛նչ արժէք ունի հայրենասիրութիւնը, երբ տեսան մեծերը` հրաժարելով անձնական հանգիստէն ու վտանգէն, կռուելով ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ յաջորդ սերունդներուն ազատութեան համար: Անոնք սորվեցան զոհողութեան իմաստը` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս ամէն ընտանիք իր ունեցածէն կու տար հասարակաց գործին, ուր ոչ ոք մինակ կը մնար իր տառապանքին մէջ:
Մուսա Լերան դիմադրութիւնը աւարտեցաւ ֆրանսական նաւատորմի փրկարար միջամտութեամբ: Յոյսի եւ փրկութեան սպասումը միացաւ ժողովուրդի մը անսասան կամքին, եւ այն մանուկները, որոնք բարձրացած էին լեռը վախով, անորոշութեամբ, իջան իբրեւ աննկուն սերունդ մը, որ իր մորթին վրայ ապրած էր հայրենասիրութեան, զոհողութեան եւ միասնականութեան իսկական իմաստը: Այս փորձառութիւնը դարձաւ անոնց ապագային հիմքը` արժէքներու ժառանգութիւն մը, զոր անոնք փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն:


