Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը Սպիտակ տան Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած են Թրամփի հետ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հաղորդէ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ նախաձեռնած է հանդիպում, որուն ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւոր առաջնորդները եւ դեսպան Մկրտչեան հանդիպում ունեցած են նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակի ղեկավար, Միացեալ Նահանգներու երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Փոլա Ուայթ-Քէյնի եւ Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակի տնօրէն Ճենիֆըր Ս. Քոռնի հետ»:
Դեսպանատան համաձայն, «հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու, երկու ժողովուրդներուն միջեւ քրիստոնէական-քաղաքակրթական կապերու, կրօնական ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերու շուրջ:
«Կարեւոր նկատուած է խաղաղութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու նշանակութիւնը այս գործընթացին մէջ»:
«Հայ հոգեւոր առաջնորդները հնչեցուցած են հաւաքական աղօթք եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նաանգներու ժողովուրդներու բարօրութեան եւ ապագայի, երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան համար:
«Հոգեւոր առաջնորդները իրենց աղօթքին մէջ անդրադարձած են նաեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն` ընդգծելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած խաղաղութեան գործընթացին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


