Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, Մուսա Լերան Ազգագրական թանգարանի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մովսէս Աւագ քահանայ Շրիգեանի` վերջերս հրատարակուած «Յուշեր» հատորի գինեձօնը, խմբագրութեամբ` Վարուժան արք. Հերկելեանի:
Բացման խօսքին մէջ երեկոյի հանդիսավար Հիլտա Տումանեան նախ յոտնկայս հրաւիրեց ներկաները յարգելու յիշատակը վերջերս մահացած Մեսրոպ Քենտիրճեանին, որ երկար տարիներ նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ վարած էր Մուսա Լերան Ազգագրական թանգարանի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը` իր արժէքաւոր ծառայութիւնը մատուցելով մեր պատմական ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ փոխանցման սուրբ գործին:
Ապա Տումանեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ նոր հրատարակուած «Յուշեր»-ուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Գառնի» մատենաշարի հիմնադիր եւ խմբագիր Վարուժան արք. Հերկելեանին:
Ապա ընթացք առաւ ձեռնարկը Մովսէս Ա. քահանայ Շրիգեանի յիշատակի աղօթքով մը: Անկէ ետք մեներգով ելոյթ ունեցաւ Վիքթոր Գէորգեան, իսկ նոր հրատարակուած հատորէն հատուած մը ընթերցեց Դուին Հերկելեան:
Գիրքը ներկայացուց Եսայի Հաւաթեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց հատորի հրատարակութեան նախապատրաստութիւնն ու իրագործման փուլերը` թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ՛ արժէքաւոր նկատելով տէր Մովսէսին յուշերը, որոնք կը պարունակէ բացառիկ տեղեկութիւններ մուսալեռցիներու ապրած շուրջ 100 տարիներու կեանքին ու պատմական անցուդարձերուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վարուժան սրբազանին այս իրագործումին համար, ինչպէս նաեւ մեկենասներ Գէորգ եւ Սարգիս Շրիգեաններուն:
Հաւաթեան շեշտեց, որ այս գիրքի ծննդոցին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցաւ Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին, որ այս յուշերը յանձնեց իրենց:
Նուագով յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վիքի Հաւաթեան` շուիով եւ Մարք Քէնտիրճեան` թմբուկով:
Գինեձօնի արարողութեան մասնակցեցան գիրքի մեկենասները, հոգեւոր հայրերը, Այնճարի քաղաքապետը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ թանգարանի յանձնախումբի ատենապետը:
Իբրեւ երախտագիտութիւն` թանգարանի յանձնախումբի անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան մեկենասներուն եւ Եսայի Հաւաթեանին, նաեւ` Վարուժան սրբազանին:
Ձեռնարկի աւարտին գիրքի խմբագիր Վարուժան արք. Հերկելեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց այս առիթով եւ ըսաւ. «Քաջալերելի է մեծաթիւ հայրենակիցներուն ներկայութիւնը այս ձեռնարկին, մանաւանդ որ ընթերցասիրութիւնը շատ նուազած է, ինչպէս նաեւ` գիրքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի հրատարակութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցողներուն:
Երեկոն աւարտեցաւ «Մուսա Լերան գիւղերէն» խմբերգով, գիրքի մակագրութեամբ ու բաշխումով:




