Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Զինեալները Կը Զինեն» Կը Յայտարարէ Լաւրով

June 14, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լաւրով եւ Սալեհի

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ զինեալները կը զինեն եւ անոնց կը տրամադրեն բազմապիսի զէնքեր, որոնք Սուրիոյ կառավարութեան դէմ կ՛օգտագործուին»:

Ան նշեց, որ «մենք թէ՛ սուրիացի ժողովուրդին, թէ՛ կառավարութեան ճակատագիրով մտահոգ ենք եւ չենք ուզեր, որ Սուրիան քայքայուի: Անիկա բարդ կացութիւն ունի, իսկ կարգ մը կողմեր կ՛ուզեն լիպիական բնորդը Սուրիոյ մէջ կիրարկել, հակառակ անոր որ լիպիական բնորդի հետեւանքները կը յամենան, եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք անոնցմէ տառապիլ»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու ջանքերէն եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «երկխօսութեան սեղան նստելու»:

«Միջազգային բոլոր դերակատարները պէտք է Սուրիոյ վերաբերող խորհրդաժողովին մասնակցին», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով «Անանի ծրագիրին զօրակցելու եւ անոր գործադրութեան օգնելու»: Լաւրով նշեց, որ «այս առումով Իրանի եւ Ռուսիոյ տեսակէտները կը համընկնին»:

Սալեհի իր կարգին յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին հարցով մեր տեսակէտը Սուրիոյ տեսակէտին մօտ է»` աւելցնելով, որ «սուրիական հարցը պէտք է լուծուի սուրիական ներքին կացութեան ծիրին մէջ»:

Ան եւս նշեց, որ «գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք սուրիական ընդդիմութեան կ՛աջակցին զինեալներով, անոր միլիսներ կ՛ուղարկեն եւ պետութեան չեն արտօներ, որ բարեփոխումներ կատարէ»` շեշտելով, որ պէտք է Սուրիոյ առիթ տրուի քաղաքացիներուն իր տուած բարեփոխման խոստումները գործադրելու:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցումին կը սպասենք»` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովին մասնակցող երկիրները «Սուրիան իր տագնապէն խաղաղ կերպով դուրս բերող լուծում մը գտնելու համար իրենց կեցուածքները համակարգեն»:

Նշենք, որ բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով գրեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար թրքական գաղտնի սպասարկութեան միջոցով սուրիացի ընդդիմադիրները կը զինեն: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ սուրիացի ընդդիմադիրներուն, իրենք Թուրքիոյ սահմանակից Պապ Հաուա քաղաքին կը տիրեն:

Անգարայի մէջ արեւմուտքցի դիւանագէտներէն մէկը հաստատած է, որ սուրիական իշխանութիւնը իր կարգին իր յոյսը կապած է Ռուսիոյ եւ Իրանի աջակցութեան: Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն չորեքշաբթի օր  ռուսական ուղղաթիռներու Սուրիա առաքման մասին մտահոգութիւն յայտնած էր: Ան Սուրիան զգուշացուցած էր նաեւ վերջին երկու օրերուն Հալէպի մօտ զօրքի կեդրոնացման հարցով: Քլինթըն այն կարծիքը յայտնած էր, որ այս զարգացումը կրնար իբրեւ «կարմիր երթուղի» (կարեւոր տեղեկատուութեան փոխանցման առանձնացուած գօտի) ընկալուիլ դրացի Թուրքիոյ կողմէ` «անոնց ռազմավարական եւ ազգային շահերուն հիմամբ»:

Մինչ Չինաստան Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնեց, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «առնչակից կողմերը» Լաթաքիոյ Հաֆա շրջանին մէջ  ապահովութիւնը վերականգնած են` նշելով, որ «առնչակից կողմերը» կը շարունակեն Հաֆան եւ մերձակայ շրջանները «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներէն ձերբազատել» եւ հետապնդել «ահաբեկչական խմբաւորումները», «որոնց անդամներէն ոմանք սպաննուեցան, իսկ ուրիշներ փախուստ տուին»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, քաղաքացիական պատերազմ մը չէ, այլ ահաբեկչութեան դէմ պայքար: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ գործողութիւններու գծով տեղակալ Հերվէ Լատսուս երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ արդէն քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ: Ան նշած էր, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ընդդիմութեան զիջած է երկրի տարածքէն մեծ հատուածներ ու քանի մը քաղաքներ եւ կ՛ուզէ անոնց վրայ իր իշխանութիւնը վերականգնել:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ Սիտնիի մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութիւնը տագնապի լուծման ճիշդ ձեւը չէ` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ կասկած չունի, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային օրէնքի ոտնահարման պատասխանատուն սուրիական վարչակարգն է:

Նշենք, որ ՍԱՆԱ երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ դէպքերու մեղսակից դարձած, սակայն «ձեռքերնին արիւնով չներկուած» 500 ձերբակալեալներ երէկ ազատ արձակուած են:

 

Նախորդը

«Սպաննուած Միլիոնաւոր Հայերը Յիշելը Իսրայէլի Բարոյական Պարտականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Նախագահը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Լրտեսութեան Մեղադրանքով 51 Մարդիկ Ձերբակալուած Են

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.