Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 16 սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը` քաղաքական օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ զինուորական խարիսխը դուրս բերելու հարցին` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այդ խարիսխը որոշակի առաքելութիւն ունի, եւ այս աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Հայաստանը անպաշտպան ձգել թշնամիներու երախին մէջ` արկածախնդրութիւն է երկրին համար: Ատիկա պիտի յանգեցնէ անվտանգային նոր սպառնալիքներու: Կարելի չէ երթալ այդ արկածախնդրութեան, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալուն», ընդգծեց Սաղաթէլեան:

Մեկնաբանելով իշխող խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արման Եղոյեանի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ ՀՅԴ-ն անհրաժեշտ է արմատախիլ ընել` Սաղաթէլեան նշեց, որ իշխանութիւնները վաղուց  այդ կը ցանկան: «Այս իշխանութիւնը թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի խամաճիկն է ու այդ պատճառով շատ հետեւողական պայքար սկսած է ազգային գաղափարախօսութեան եւ նոյնինքն ազգայինի նկատմամբ: Սա լոկ Դաշնակցութեան դէմ պայքար չէ իբրեւ կուսակցութիւն, սա պայքար է հայկականութեան, համահայկականութեան, ազգային նկարագիրի ու գաղափարախօսութեան դէմ: Այն, ինչ որ կ՛ընէ Քաղաքացիական պայմանագիրը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ապազգայնացման ծրագիր է: Դաշնակցութիւնը` իբրեւ համահայկական, ազգային քաղաքական ուժ, գլխաւոր թիրախներէն է, բայց ոչ միակը: Կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը կատարուի տարբեր քաղաքական գործիչներու, յատկապէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, արմատախիլ պէտք է ըլլայ Քաղաքացիական պայմանագիրը ամբողջութեամբ, քանի որ դժբախտութիւն, մահ եւ ողբերգութիւն բերած քաղաքական ուժ է:

Սաղաթէլեան նշեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի շարք մը համայնքներու մէջ: «Մեր միւս ուժը` «Առաջ» կուսակցութիւնը, եւս պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն: Ամբողջ Հայաստանի մէջ խայտառակ բռնաճնշումներ կ՛ընթանան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն հետ կապուած: Սա համատարած բնոյթ կը կրէ: Բռնաճնշումներու նոր խայտառակ մակարդակ մըն է», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

Յաջորդը

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.