Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Գամիշլիի Քաղաքապետարանը Յիշատակեց Քաղաքի Հիմնադրութեան Հարիւրամեակը

Հովանաւորութեամբ Գամիշլիի քաղաքապետարանին, 20 օգոստոսին «Ազատի» զբօսայգիին մէջ մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Գամիշլիի հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Իր ելոյթին մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ապահովական զարգացումներուն: Ան շեշտեց Սուրիոյ մէջ նոր քաղաքական փուլի մը ձեւաւորման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ քրտական ազգային իրաւունքներու ապահովումը, մայրենի լեզուով կրթութեան հնարաւորութիւնը եւ երկրի բոլոր բաղադրիչներու իրաւունքներու երաշխաւորումը պէտք է իրենց տեղը գտնեն Սուրիոյ նոր սահմանադրական ու քաղաքական համակարգին մէջ:

Իր կարգին, Հասիչէի փոխնահանգապետ Ահմետ Հիլալի կարեւոր համարեց շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմազանութիւնն ու գոյակցութեան ոգին` նշելով, որ Գամիշլին մշտապէս եղած է տարբեր ժողովուրդներու, կրօնական եւ ազգային բաղադրիչներու միատեղ կեանքի քաղաք: Ան ընդգծեց, որ նոր փուլը պէտք է հիմնուի օրէնքի գերակայութեան, միասնական քաղաքացիութեան եւ բոլոր բաղադրիչներու փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ:

Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութեան անունով եւ անոր Քաղաքական յարաբերութեանց խորհուրդի անդամ Յակոբ Ա. սրկ. Պարսումեան հանդէս եկաւ արաբերէն լեզուով` ներկայացնելով առաջնորդական փոխանորդութեան խօսքը: Ան անդրադարձաւ շրջանի բոլոր բաղադրիչներուն` քիւրտերուն, արաբներուն, ասորիներուն, եզիտիներուն եւ հայերուն միջեւ առողջ, ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման կարեւորութեան:

Յակոբ Ա. սրկ. Պարսումեան ընդգծեց, որ Գամիշլիի անցած հարիւրամեայ պատմութիւնը տարբեր ժողովուրդներու եւ համայնքներու միատեղ աշխատանքի, փոխադարձ յարգանքի եւ գոյակցութեան պատմութիւն է, աւելցնելով, որ այսօրուան միատեղ կեանքն ու խաղաղ գոյակցութիւնը մեր նախնիներուն կողմէ մեզի աւանդուած թանկագին ժառանգութիւն մըն է, որ պէտք է պահպանուի եւ փոխանցուի յառաջիկայ սերունդներուն: Ան մասնաւորաբար ընդգծեց, որ քաղաքի հիմնադրութեան հարիւրամեակը պէտք է առիթ հանդիսանայ ոչ միայն անցեալը յիշելու եւ արժեւորելու, այլեւ` ապագայի նկատմամբ միասնական պատասխանատուութիւն ստանձնելու` շեշտելով, որ Գամիշլիի բազմազանութիւնը պէտք է դիտուի որպէս հարստութիւն եւ ուժ, իսկ քաղաքի ապագան պէտք է կառուցուի բոլոր բաղադրիչներու արժանապատիւ եւ հաւասար մասնակցութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ գործակցութեան հիման վրայ:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն` նուիրուած այն անձերուն, որոնք երկար տարիներու իրենց գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած են շրջանի զարգացման, հասարակական կեանքի ամրապնդման եւ տարբեր բաղադրիչներու գոյակցութեան ու բարեկամութեան խթանման մէջ:

Առաջին յետմահու պարգեւատրումը շնորհուեցաւ հանրայայտ երաժիշտ, երգահան եւ քրտական ու արեւելեան մշակոյթին մեծ ներդրում ունեցած Արամ Տիգրանին:

Երկրորդ պարգեւատրումը շնորհուեցաւ Զաւէն Գասպարեանին` առ ի  գնահատանք շրջանի պետական, ազգային եւ հասարակական կեանքին մէջ անոր երկարամեայ եւ բազմակողմանի վաստակին:

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը Մասնակցեցաւ Ասորի Ուղղափառ  Ս. Յակոբ Մծբնացի Մայր Տաճարի Ձեռնարկներուն

5-6 սեպտեմբերին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ  Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Պսակ քհյն. Պէրպէրեանի եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչ Ապտուլահատ Տօնապետեանի, մասնակցեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնացի մայր տաճարի կազմակերպած երկու ձեռնարկներուն, որոնք նուիրուած էին սուրբ իւղի հեղման 90-ամեակի յիշատակին եւ Ս. Յակոբ Մծբնացի մայր տաճարի հարիւրամեակի ձեռնարկներու աւարտին:

Առաջին օրը տեղի ունեցաւ «Սուրիացիները… լոյս եւ հաւատք» խորագրով հոգեւոր-երաժշտական երեկոյ, որուն մասնակցեցան Հալէպի «Քնար Սուրբ Հոգի» երգչախումբը եւ «Մար Ափրամ» մանուկներու խումբը:

Յաջորդ օրը մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Այս առիթով Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդը իրեն հետ բերած էր Սուրբ Յակոբեանց մասունքը եւ Սուրբ Գէորգի մասունքը, որոնք պատարագի ընթացքին ներկայացուեցան հաւատացեալներու երկրպագութեան եւ օրհնութեան համար:

Պատարագէն ետք Լեւոն վրդ. Եղիայեան Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Ահոն Հայր Սուրբին նուիրեց ասա մը` ի յիշատակ այս եղբայրական այցելութեան եւ երկու եկեղեցիներու միջեւ եղած հոգեւոր կապին ու գործակցութեան:

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ողիմպիականներու Բացում

Կիրակի, 6 սեպտեմբերին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) սուրբ պատարագէն ետք, Արեւելեան թեմի առաջնորդ  Անուշաւան արք. Դանիէլեան ներկայ գտնուեցաւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ողիմպիականներու բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Փարամըսի (Նիւ Ճըրզի) երկրորդական վարժարանին մէջ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն անունով շնորհաւորեց` 92-րդ մարզախաղերը, մարզիկները, կազմակերպիչ յանձնախումբը, ծնողները եւ բարեկամները: Դիմելով մարզիկներուն` ան ըսաւ. «Ձեր ներշնչող տողանցքին ընդմէջէն ես հիացումով կը հետեւէի ինն տասնամեակներու վրայ տարածուած տեսլապաշտ հիմնադիր հայրերու եւ բոլոր անոնց տողանցքին, որոնք զոհաբերական ոգիով շարունակեցին անոնց առաքելութիւնը` կերտելով այս մեծ կազմակերպութիւնը»:

Սրբազանը նշեց, որ անոնք առանցքային դեր կատարեցին մեր արժէքներն ու պատմութիւնը կենդանի պահելու աշխատանքին մէջ: «Այսօր դուք այդ շղթային ամէնէն արժէքաւոր օղակն էք, որ ապագայ սերունդներուն կը փոխանցէք այս առաքելութեան ջահը», ապա ան աւելցուց.  «Արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն գալով` մենք կը տօնենք մեր ազգի միութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, համերաշխութիւն մը, զոր ո՛չ մէկ ուժ կրնայ խորտակել այս աշխարհին մէջ»: Իր խօսքը եզրափակելով` սրբազան հայրը ըսաւ. «Սիրելի՛ ՀԵԴ-ականներ, դուք այստեղ էք աշխարհին ըսելու, թէ ո՛ւր որ ալ գտնուինք, մենք յաւերժօրէն Հայաստան եւ Արցախ ենք եւ պիտի ըլլանք»:

Նիւ Եորքի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Օգնութեան Արշաւը

19 օգոստոսին Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցին ձեռնարկեց ուտելիքներ հաւաքելու արշաւի մը` ի նպաստ քաղաքի կարիքաւորներուն: Եկեղեցւոյ անդամներու եւ բարեկամներու առատաձեռնութեան շնորհիւ` հաւաքուած ուտելիքները յանձնուեցան «Hope 7 Community» կազմակերպութեան, որ սնունդով կ՛օժանդակէ շուրջ 250 ընտանիքներու: Արշաւին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Ալպընիի «Շուշի» ուխտը:

Լոյս Տեսաւ Նորատուսի Խաչքարերուն Նուիրուած Դաւիթ Քարամեանի Լուսանկարչական Հատորը

Վերջերս լոյս տեսաւ Դաւիթ Քարամեանի երկլեզու հատորը, որ մօտաւորապէս երեք տարիներու  լուսանկարչական աշխատանքը կը վերածէ Հայաստանի խաչքարերու ամենակարեւոր պահպանուած տարածքներէն մէկուն վաւերագրութեան:

Լուսանկարիչ, հեղինակ եւ հրատարակիչ Դաւիթ Քարամեանի «Յաւերժական Հայաստան. Նորատուսի խաչքարերը» (Eternal Armenia: Khatchkars – The CrossStones of Noratus) մեծադիր երկլեզու հատորը  կը վաւերագրէ Նորատուսի հին գերեզմանատունն ու հայկական խաչքարերու անոր արտակարգ տարածքը:

Գիրքը պսակումն է մօտ երեք տարուան լուսանկարչական, հետազօտական, գրական եւ ձեւաւորման աշխատանքներու: 264 էջերու եւ շուրջ 200 լուսանկարներու ընդմէջէն Քարամեան կը վաւերագրէ ոչ միայն խաչքարերը, այլ նաեւ` տապանաքարեր, արձանագրութիւններ, հողմահար քարեր, յուշարձաններու խմբաւորումներ եւ այն ընդարձակ տարածքը, ուր անոնք կանգնած են դարերէ ի վեր:

Սեւանայ լիճի մօտ գտնուող Նորատուսը տունն է հայկական խաչքարերու աշխարհի ամենամեծ պահպանուած կեդրոնացումին: Որոշ քարեր կանգնած են առանձին, իսկ ուրիշներ կը յայտնուին խումբերով` երկու, երեք, վեց, տասը կամ աւելի, յուշելով սերունդներու, ընտանիքներու եւ համայնքներու մասին, որոնց առանձին պատմութիւնները թերեւս մարած են, մինչդեռ անոնց հաստատած քարերը կանգուն կը մնան:

Քանատա

 Շոմետի Շրջանի Պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան–Օլիվիէ Այցելեց «Հորիզոն»-ի Խմբագրատուն

26 օգոստոսին Քեպեքի խորհրդարանի Շոմետի շրջանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէ եւ իր գրասենեակի պատասխանատու Հիլտա Թուրսուքու այցելեցին «Հորիզոն մետիա»-ի խմբագրատուն, ուր դիմաւորուեցան վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի եւ խմբագիրի օգնական Սոնա Թիթիզեանի կողմէ:

Պատգամաւորը դրուատեց «Հորիզոն մետիա»-ի քարոզչական եւ լրատուական երկարամեայ գործունէութիւնը, բարձր գնահատեց աշխատակազմին անխոնջ ու նուիրական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ` հեզասահ գործակցութիւնն ու աջակցութիւնը, յատկապէս` հայ պատգամաւորներուն նկատմամբ:

Այս առթիւ պատգամաւորը կազմին յանձնեց «Հորիզոն մետիա»-ին իր կողմէ շնորհուած գնահատագիր մը, ձեռակերտ յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ` աշխատակազմին անդամներուն առանձնակի գնահատագիրներ:

Փոխադարձաբար խմբագրութեան եւ աշխատակազմին անունով վարչական պատասխանատուն պատգամաւորին եւ իր գրասենեակի պատասխանատուին փոխանցեց շնորհակալական եւ բարեյաջողութեան ջերմ մաղթանքներ:

Յունաստան

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Եւ Ազգային Վարչութիւնը Այցելեցին Կրթութեան Ընդհանուր Քարտուղարին

9 սեպտեմբերին  Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ  Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ  Նազար Աւագեանի եւ ատենադպիր  Քերոբ Էքիզեանի, տեսակցութիւն մը ունեցաւ Յունաստանի կրթութեան եւ կրօնից նախարարութեան կրթական հարցերու ընդհանուր քարտուղար  Իոաննիս Փափատոմարքաքիսի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ոչ պետական վարժարաններու պատասխանատու Փանայոթա Ռունի:

Դպրոցական նոր տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ երկուստեք ծանօթացման, ինչպէս նաեւ` յունահայ համայնքի կրթական գործունէութեան վերաբերող ընդհանուր պատկերի ներկայացման: Այս առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային կառոյցներուն կողմէ կրթական ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ իրականացուող կարեւոր նախաձեռնութիւններուն:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ մտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ յառաջիկայ շրջանին նախատեսուող կրթական ծրագիրներու եւ անոնց իրագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերուն շուրջ:

Կրթութեան ընդհանուր քարտուղարը ողջունեց սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը եւ իր գնահատանքը յայտնեց յունահայ համայնքի` Յունաստանի մէջ բազմամեայ ներկայութեան ու գործունէութեան նկատմամբ, մասնաւորապէս ընդգծելով կրթական ոլորտին մէջ առկայ գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ նախարարութեան կողմէ, հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը:

Իր կարգին, ոչ պետական վարժարաններու պատասխանատուն անդրադարձաւ կրթական գործունէութեան հետ առնչուող շարք մը գործնական հարցերու` ներկայացնելով անոնց կարգաւորման եւ յառաջխաղացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատառումները:

Հանդիպումը աւարտեցաւ յառաջիկայ շրջանին կողմերուն միջեւ անմիջական հաղորդակցութիւնը շարունակելու ու զայն աւելի գործնական հունի մէջ դնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան հաստատումով:

Իտալիա

Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ Վենետիկի 40-րդ Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքը

Օգոստոս 2026-ին Վենետիկի մէջ կայացաւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ երեքշաբաթեայ դասընթացքը, որ իրականացաւ արդէն 40-րդ անգամն ըլլալով, նախաձեռնութեամբ «Պօ-Արաքս» հայ-իտալական մշակութային ընկերակցութեան, որուն կը նախագահէ գիտնական եւ կրօնական գործիչ Լեւոն արք. Զէքիեան: Այս տարի դասընթացքը ունեցաւ 28 մասնակիցներ` 15 երկիրներէ (Ամերիկա, Աւստրիա, Պելճիքա, Պուլկարիա, Գերմանիա, Իսրայէլ, Իտալիա, Հայաստան, Հունգարիա, Ճափոն, Մեծն Բրիտանիա, Զուիցերիա, Փորթուգալ, Ռումանիա, Ֆրանսա):

Դասընթացքի դասախօսական կազմը եւ ուսանողները նաեւ մասնակցեցան Վենետիկի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ պատարագին եւ Սուրբ Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի պատարագին, լսեցին Արծուի Բախչինեանի զոյգ դասախօսութիւնները` «Հայութեան նպաստը` համաշխարհային գիտութեան» եւ «Հայութեան նպաստը` համաշխարհային արուեստին» նիւթերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ` Լեւոն արք. Զէքիեանի «Վենետիկի ամառնային խտացեալ դասընթացքի քառասուն տարիները եւ հետագայ հեռանկարները» բանախօսութիւնը: Հայաստանէն ժամանած շարժապատկերի արտադրիչ Աշոտ Մկրտչեան դասընթացքի մասին վաւերագրութիւն ստեղծելու նպատակով պարբերաբար նկարահանեց դասերը եւ արտադասարանային գործունէութիւնը:

«Կարապետեան» Հիմնադրամի Աջակցութեամբ` Հայկական «Սաղմոսերգու» Եւ «Գեղարդ» Երգչախումբերու Ելոյթ

8 սեպտեմբերին, Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, Ս. Աստուածածնի ծննդեան տօնին եւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով, «Սաղմոսերգու» եւ «Գեղարդ» երգչախումբերը իրենց մասնակցութիւնը բերին գոհաբանական սուրբ պատարագին` հնչեցնելով Կոմիտաս վարդապետի երկսեռ կազմի համար ներդաշնակած պատարագի երգերը:

Ներկայ էին` Վենետիկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Իտալիայէն հիւրեր:

12 սեպտեմբերին Վենետիկի պատրիարքանիստ Սուրբ Մարկոս մայր տաճարին մէջ Սուրբ պատարագի ընթացքին դարձեալ հնչեց կոմիտասեան սուրբ պատարագ` երկսեռ կազմի համար գրուած, իսկ 13 սեպտեմբերին «Սաղմոսերգու» եւ «Գեղարդ» երգչախումբերը հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երաժշտութեան մեծ համերգով հանդէս եկան Փատովա քաղաքին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Իրի Մը Պատմութիւնը. Քշոց

Յաջորդը

Վերամուտ

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.