Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) սկսաւ բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը շաբաթավերջին հրապարակած էր տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները, որոնք պիտի մասնակցին այս կարեւոր միջազգային ախոյեանութեան:
10 տղաք եւ երեք աղջիկներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի ախոյեանութեան` հետեւեալ ձեւով.
ՏՂԱՔ
50 քկ – Ռուտոլֆ Գարբոյեան
55 քկ – Ժիրայր Սարգսեան
60 քկ – Արթուր Բազէեան
65 քկ – Արթուր Սահակեան
70 քկ – Յարութիւն Յակոբկոխեան
75 քկ – Մարատ Միքայէլեան
80 քկ – Արտուշ Յովհաննիսեան
85 քկ – Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան
90 քկ – Նարեկ Մինասեան
90 քիլոկրամէն վեր – Դաւիթ Չալոյեան
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
48 քկ – Հեղինէ Պետրոսեան
54 քկ – Լուսիա Աւետիսեան
66 քկ – Էլիդա Քոչարեան
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 26 սեպտեմբերին:


