Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

September 16, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսումնասիրաց–Միացեալ Նախակրթարանը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապցի երիտասարդներ տարագրութենէն առաջ աշխատելու կ՛երթային դէպի Մերսին, Այաս, Փայաս եւ մինչեւ Ատանայի կողմերը: Անոնք գլխաւորաբար իբրեւ բեռնակիր կ՛աշխատէին որոշ ժամանակ եւ յետոյ գիւղ կը վերադառնային: Քեսապցի կարգ մը ընտանիքներ ալ մնայուն բնակութեան հիմեր դրած էին Ալեքսանտրէթի մէջ: Ալեքսանտրէթի մէջ մեծ թիւով քեսապցիներ բնակութիւն հաստատեցին տարագրութենէն ետք:

Քեսապէն դէպի մօտակայ քաղաքներ` Անտիոք եւ Լաթաքիա երթեւեկը հետիոտն կամ ջորիներով կը կատարուէր: Անտիոքէն Լաթաքիա խճուղին բացուեցաւ 1928-ին: Այդ խճուղին կ՛անցնէր Քեսապէն արեւելք գտնուող թրքաբնակ Օրտու աւանէն: Քեսապցիք իրենց միջոցներով եւ աշխատանքով շինեցին Օրտուէն Էսկիւրան եւ հոնկէ Քեսապ աւանը երկարող խճուղին: Այնուհետեւ առաջին ինքնաշարժը մտաւ Քեսապ:

Քեսապէն դէպի Պէյրութ արտագաղթը 1920-1930-ական տարիներուն լայն ծաւալ ստացաւ: Պէյրութ հաստատուողները, յատկապէս սկզբնական շրջաններուն, մեծ մասամբ Զէյթունիէ թաղին մէջ կը բնակէին, գլխաւորաբար սրճարաններու եւ ճաշարաններու իբրեւ սպասեակ կը ծառայէին, իսկ աղջիկները տուներու մէջ սպասուհի կ՛ըլլային:

Նոյն ժամանակաշրջանին քեսապցի կարգ մը ընտանիքներ ալ Հալէպ, Լաթաքիա եւ Դամասկոս փոխադրուեցան:

***

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան ծնած է 1888-ին, Մուսա Լերան Եողուն Օլուք գիւղը: 1902-ին Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը մտաւ: Քեսապ գալով, 1906-1907 տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ ծառայեց Էքիզօլուքի եւ Քէօրքիւնայի մէջ, իսկ կիրակի առաւօտները եկեղեցական պաշտամունքին քարոզիչի պաշտօն ստանձնեց: 1908-1909 տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ եւ քարոզիչ պաշտօնավարեց Պէյլանի մօտակայ Ֆարթըսլը գիւղին մէջ: 1909-ի կոտորածի օրերուն մազապուրծ ազատեցաւ: Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճէն շրջանաւարտ եղաւ 1911-ին: Այնուհետեւ Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանը մտաւ, զոր աւարտեց 1914-ին: Նոյն տարին ամուսնացաւ Արաքսի Մնջերեանի հետ եւ մեկնեցաւ Զէյթուն, իբրեւ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի:

Գալատուրանի հայ աւետարանական եկեղեցին

Տարագրութեան օրերուն, 1915-ին, պատուելի Անդրէասեան ծննդավայր վերադարձաւ: Ականատես ըլլալով թրքական վայրագութիւններուն, կարեւոր դեր ունեցաւ ժողովուրդը համոզելու, որպէսզի չբռնէ գաղթի ճամբան եւ լեռ բարձրանայ: Մուսա Լերան հերոսամարտի կեդրոնական մարմինի ատենապետ ընտրուեցաւ եւ ձեռնհասօրէն վարեց ծանր պատասխանատուութիւնը: Իր հայրենակիցներուն հետ Փոր Սայիտ փոխադրուեցաւ եւ 1919-ին Մուսա Լեռ վերադարձաւ: Այնուհետեւ Եողուն Օլուքի եւ Պիթիասի աւետարանական եկեղեցիներուն հովիւը եղաւ:

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան 1924-ին ստանձնեց Քեսապի Աւետարանական եկեղեցւոյ հովուութիւնը:

Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանը

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան վերակազմեց համայնքը եւ վերաբացաւ տարագրութեան օրերէն փակուած դպրոցը: Ի յիշատակ 1909-ի կոտորածի եւ 1915-ի տարագրութեան զոհերուն, դպրոցը 1924-ին վերանուանուեցաւ Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարան: Երկսեռ եւ նախակրթարանի ծրագիրով գործող դպրոցին տնօրէն նշանակուեցաւ Տիգրան Խրլոբեան:

Վերապատուելի Անդրէասեան 1927-ին կորսնցուց կինը: Մէկ տարի ետք ամուսնացաւ Զարուհի Տէտէեանի հետ: 1929-ին ան Քեսապէն Պիթիաս տեղափոխուեցաւ:

***

Ուսումնասիրաց ընկերութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 1931-ի կրթական տարեշրջանի վերամուտին, նկատի ունենալով որ մինչեւ այդ ժամանակ դպրոցը աւարտած աշակերտները տարագրութիւնը վերապրած պատանիներ էին, իսկ յետեղեռնեան շրջանին ծնած նոր սերունդի տղաքն ու աղջիկները երկրորդական վարժարան մուտքի անհրաժեշտ տարիքը եւ ուսումը չունէին, որոշեց մէկ տարիով առկախել դասաւանդութիւնները: Այսպիսով Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն վարժարանը 1931-1932 կրթական տարեշրջանին փակուեցաւ աշակերտի չգոյութեան պատճառով:

Մինչեւ այդ ժամանակ, 1924-1931 տարիներուն Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն վարժարան յաճախած էին յիսունհինգ աշակերտներ, որոնց կէսէն աւելին աւարտած էին դպրոցին քառամեայ ընթացքը: Աւարտականները, համեստ վարձատրութեամբ, իբրեւ ուսուցիչ ծառայեցին Քեսապի եւ գիւղերուն, ինչպէս նաեւ Լաթաքիոյ, Հալէպի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի, Տերպէսիէի, Ռաս էլ Այնի, Գամիշլիի, Տերիքի, Արաբ Փունարի, Ճարապլուսի, Թէլ Ապիատի, Այն Տուարի, Արֆալուի եւ Ղնեմիէի հայկական դպրոցներուն մէջ:

***

Ուսումնասիրաց վարժարանի հոգաբարձութիւնը դասաւանդութիւններու առկախումէն ետք ժողով գումարեց եւ բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով եզրակացուց.

Ա.- Քեսապի յարանուանական դպրոցներէն յառաջիկայ տարեշրջանին տասնհինգ աւարտականներ պատրաստ պիտի ըլլան երկրորդական դպրոց ընդունուելու.

Բ.- Ուսումնասիրաց դպրոցին համար որակաւոր ուսուցիչներ կան Քեսապի մէջ.

Գ.- Ժողովուրդի տնտեսական պայմանները ի վիճակի են դպրոցի անհրաժեշտ պիւտճէն ապահովելու:

***

Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարանը 1932-ի աշնան վերաբացուեցաւ տասներեք աշակերտներով, որոնք յարանուանական նախակրթարաններէ շրջանաւարտներ էին:

Յակոբ Աթիկեանի տնօրէնութեամբ, ուսուցչական պաշտօնի կոչուեցան ֆրանսական համալսարաններէ շրջանաւարտ Ասատուր Գալայճեան-Սեֆէրեան, Սողոմոն Յովսէփեան, Վահան Չիւրիքեան, Գէորգ Գրըգեան, Տարսոնի Ամերիկեան քոլէճէն շրջանաւարտ Խաչիկ Գարուկեան, ինչպէս նաեւ վաստակաշատ կրթական մշակներ Տիգրան Պօղիկեան, Ժոզէֆ Ինճեճիկեան եւ արաբերէնի ուսուցիչ Նիքոլա Մախուտ:

***

Ուսումնասիրաց երկրորդական վարժարանի ուսանողական միութեան անդամներ

Ուսումնասիրաց վարժարանի ուսումնական խորհուրդը, նկատի ունենալով որ յարանուանական նախակրթարաններէ շրջանաւարտները, որոնք պիտի գային իրենց ուսումը շարունակելու Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարան, միեւնոյն կրթական պատրաստութիւնը  չունէին, որոշեց սեփական նախակրթարանը հիմնել:

Այսպիսով, 1933-ի կրթական տարեշրջանի վերամուտին Ուսումնասիրաց-Միացեալ նախակրթարանը բացուեցաւ Քեսապի հրապարակին վրայ գտնուող աւետարանական համայնքին պատկանող շէնքին մէջ:

Նախակրթարանի հիմնադրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցան ուսուցիչներ Տիգրան Պօղիկեան եւ Ժոզէֆ Ինճեճիկեան:

Ուսումնասիրաց-Միացեալ նախակրթարանը 1934-ի վերամուտին Ժողովրդային գրադարանի շէնքը փոխադրուեցաւ: Ուսուցիչներ եղան Ժոզէֆ Ինճեճիկեան, Տիգրան Պօղիկեան, Յակոբ Գալենտէրեան, Յակոբ Քիթապսըզեան, Համբարձում Թիթիզեան, Յովհաննէս Թիթիզեան, Ժոզէֆ Պասմաճեան, Սառա Չիւրիքեան-Յովսէփեան եւ Արաքսի Սողոմոնեան:

***

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի Քեսապէն մեկնումէն ետք, 1930-էն 1932` վերապատուելի Եղիա Քասունի, իսկ 1932-էն 1935` վերապատուելի Յակոբ Շնորհօքեան  աւետարանական համայնքի հովիւներ եղան:

Այս ժամանակ Քեսապի աւետարանական համայնքին մէջ ծայր առաւ ազգայնական շարժումը: Ներքին համայնքային երկփեղկումը հետզհետէ ծաւալեցաւ: Ազգայնական շարժման հետեւորդները, Ուսումնասիրացին հետ գործակցելով, կ՛աշխատէին եկեղեցին եւ դպրոցը իրենց հակակշիռին տակ առնել: Եկեղեցւոյ եւ դպրոցի վարչութիւններուն միջեւ հարցեր ստեղծուեցան: Դպրոցի վարչութիւնը ազգայնականներուն ձեռքն էր եւ կը ջանար Ուսումնասիրացի կրթական ծրագիրին համապատասխան պատրաստել իր շրջանաւարտները, իսկ եկեղեցւոյ վարչութիւնը կ՛ընդդիմանար Ուսումնասիրացի հետ գործակցութեան:

Յաջորդող տարիներուն համայնքի ազգայնական շարժման հետեւորդները վերադարձան մայր եկեղեցի:

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան վեց տարի ետք, 1935-ին կրկին Քեսապ գալով վերստանձնեց համայնքին հովուութիւնը: Երեք տարի ետք, 1938-ին ան Լաթաքիա տեղափոխուեցաւ: 1942-ին Հալէպ փոխադրուեցաւ, ուր Տաուտիէ թաղի նորաշէն աւետարանական եկեղեցւոյ, իսկ 1949-ին Բեթէլ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը եղաւ: 1957-ին Պէյրութ փոխադրուեցաւ, ուր մահացաւ 1962-ին:

***

Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի Անարատ յղութեան նուիրուած  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած էր Անտոնեան միաբանութեան կողմէ: Հետագային Զմմառեան վարդապետներ ստանձնած էին համայնքին ժողովրդապետութիւնը:

Տարագրութենէն վերադարձէն ետք, 1922-ին հայր Յովհաննէս Քիլէճեան ստանձնեց համայնքին ժողովրդապետութիւնը: Յաջորդ տարի, 1923-ին զայն փոխարինեց հայր Գէորգ Ագրապեան, որ ծառայեց մինչեւ 1934: Այնուհետեւ ժողովրդապետ եղաւ հայր Յովհաննէս Էքմէքճեան:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում.  Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը
Պատմական

Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում. Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը

September 9, 2026
Քեսապի Լատինաց Վանական Համալիրի Կառուցումը.  Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն Վարժարանը` Խոչընդոտներու Դէմ Յանդիման
Պատմական

Քեսապի Լատինաց Վանական Համալիրի Կառուցումը. Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն Վարժարանը` Խոչընդոտներու Դէմ Յանդիման

September 2, 2026
Քեսապ` Ֆրանսական Իշխանութեան Հաստատումէն Ետք.  Սահակ Բ. Կաթողիկոսին Այցելութիւնը Եւ Տէր Յուսիկ Քահանային Ձեռնադրութիւնը
Պատմական

Քեսապ` Ֆրանսական Իշխանութեան Հաստատումէն Ետք. Սահակ Բ. Կաթողիկոսին Այցելութիւնը Եւ Տէր Յուսիկ Քահանային Ձեռնադրութիւնը

August 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.