Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ քաջաբար պայքարած են բռնակալ վարչակարգերու եւ կառավարիչներու դէմ` մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան համար նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհաբերելով:’
Ն.
Օսքար Ռոմերօ արքեպիսկոպոս (Էլ Սալվատոր)
Զինուորականներու գլխաւորած վարչակարգը Սալվատորի մէջ բռնապետութիւն հաստատած էր: Ռոմերօ արքեպիսկոպոս, որ նախապէս պահպանողական էր, դարձաւ աղքատներու կրքոտ պաշտպան` պետութեան կողմէ հովանաւորուող լայնածաւալ բռնութեան եւ սպանութիւններու ականատես ըլլալէ ետք: Ձայնասփիւռային շաբաթական քարոզներու միջոցով կը դատապարտէր վարչակարգի իրականացնող խոշտանգումները, անհետացումները եւ կոտորածները:
Ան սպաննուեցաւ աջակողմեան ահաբեկչական ջոկատի մը կողմէ 1980 թուականին` ս. պատարագ մատուցելու ատեն: Կաթողիկէ եկեղեցին Ռոմերօ արքեպիսկոպոսը սրբադասեց 2018 թուականին:
Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապ (Լեհաստան / Աշխարհ)
Համայնավար վարչակարգը կ՛իշխէր Լեհաստանի մէջ: 1979 թուականին հայրենի Լեհաստան պատմական ուխտագնացութեան ժամանակ անոր քարոզները հրահրեցին խաղաղ դիմադրութեան ոգի, որ անմիջական խթանեց հակահամայնավարական «Համերաշխութիւն» (Solidarity) շարժումը: Պապը ամբողջ աշխարհին մէջ պաշտպանեց կրօնական ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները եւ քաղաքական ազատագրումը: Անոր բարոյական աջակցութիւնը կը նկատուի արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարութեան վերջնական խաղաղ փլուզման հիմնական գործօնը:
Տեզմոնտ Թութու արքեպիսկոպոս (Հարաւային Ափրիկէ)
Սպիտակամորթ փոքրամասնութեան ափարթայթի վարչակազմը խտրականութիւն հաստատած էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Որպէս հարաւափրիկեան եկեղեցիներու խորհուրդի առաջնորդ` Թութուն իր ամպիոնը գործածեց պետութեան դաժան ցեղապաշտութեան, խտրականութեան դէմ ոչ բռնի հակազդեցութիւն քարոզելու համար: Ան միջազգային իր հեղինակութիւնը ծառայեցուց վարչակարգին դէմ տնտեսական պոյքոթներու համար պայքարելու: 1984 թուականին Թութու արքեպիսկոպոս արժանացած է Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի, աւելի ուշ նախագահած է Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման յանձնախումբին` ափարթայտէն ետք երկրի վերականգնման նպաստելու համար:
Խայմէ Սին կարտինալ (Ֆիլիփին)
Ֆերտինանտ Մարքոսի բռնաճնշումի օրերն էին: Պենիկնօ Ակինօ կրտսերի սպանութենէն ետք, կարտինալ Սին դարձաւ հակամարքոսեան շարժման բարոյական կողմնացոյցը: 1986 թուականին ան ձայնասփիւռով կոչ ուղղեց միլիոնաւոր քաղաքացիներու ապստամբ պաշտպանելու զինուորական սպաները` հրահրելով խաղաղ ժողովրդական իշխանութեան յեղափոխութիւնը: Զանգուածային, խաղաղ քաղաքացիական բողոքի ցոյցերը յաջողութեամբ աքսորեցին Մարքոսը` վերականգնելով ժողովրդավարութիւնը Ֆիլիփինի մէջ:
Տիթրիխ Պոնհոֆեր (Գերմանիա)
Ատոլֆ Հիթլերի նացիական վարչակարգի ժամանակաշրջանին, գերմանացի լուտերական հովիւ եւ աստուածաբան Պոնհոֆեր կտրականապէս դէմ էր Հիթլերի հակասեմական քաղաքականութեան եւ պետութեան հակակշիռին տակ եղող գերմանական քրիստոնէական եկեղեցւոյ: Ան համահիմնադրած է Խոստովանող եկեղեցին (Confessing Church) եւ ի վերջոյ միացած է ընդյատակեայ քաղաքական դիմադրութեան` օգնելով Հիթլերը տապալելու դաւադրութիւններուն: Պոնհոֆեր ձերբակալուեցաւ Կեստափոյի կողմէ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ համակեդրոնացման ճամբարին մէջ 1945 թուականի ապրիլին` նացիական վարչակարգի անկումէն քանի մը շաբաթ առաջ:
Կարտինալ Ռաուլ Սիլվա Հենրիքես (Չիլի)
1973 թուականի 11 սեպտեմբերին, Օկիւստօ Փինոշէ տապալեց Չիլիի ժողովրդավարական քուէարկութեամբ ընտրուած նախագահը: Յեղաշրջումէն անմիջապէս ետք կարտինալ Սիլվա Հենրիքես ստեղծեց Vicaria de la Solidaridad- ը: Եկեղեցական այս կազմակերպութիւնը իրաւաբանական, բժշկական եւ դրամական օգնութիւն կը ցուցաբերէր Փինոշէի վարչակարգի հազարաւոր զոհերուն եւ մանրամասն վաւերագրած էր պետութեան կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները: Անոր աշխատանքը պաշտպանեց այլախոհները մահուան ջոկատներէն եւ տրամադրեց հիմնական ապացոյցներ, որոնք ժողովրդավարութեան վերականգնումէն ետք գործածուեցան վարչակարգի պաշտօնեաները հետապնդելու համար:
Պատրիարք Տիխոն (Խորհրդային Միութիւն)
Վլատիմիր Լենինի պոլշեւիկեան վարչակարգի օրերն էին: Ընտրուելով ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք, ճիշդ այն պահուն, երբ պոլշեւիկները գրաւեցին իշխանութիւնը, պատրիարք Տիխոն բացայայտ դատապարտեց վարչակարգի բռնի մահապատիժները, կրօնական ազատութիւններու ճնշումը եւ պետութեան պարտադրած սովը: Ան ենթարկուած է խիստ տնային կալանքի եւ պետական ճնշման մինչեւ իր կասկածելի մահը` 1925 թուականին` դառնալով պետական զինեալ անաստուածութեան դէմ կրօնական դիմադրութեան խորհրդանիշ:
Բրիտանացի ռաբբի Սողոմոն Շոնֆելտ
1938 թուականին Գերմանիա աւելի ու աւելի հակասեմական օրէնքներ կ՛որդեգրէր եւ Եւրոպայի ապագան շատ մռայլ կը թուէր: Ողջակիզման մութ ամպերու կուտակման հետ, բրիտանացի ռաբբի Սողոմոն Շոնֆելտ իր անձնական առաքելութիւնը դարձուց կարելի եղածին չափ բազմաթիւ հրեաներ փրկելը: Գերմանիոյ անձնատուութենէն միայն քանի մը ամիս ետք, Շոնֆելտ ուղղուեցաւ նախկին նացիական համակեդրոնացման ճամբարներ` փրկելով շուրջ 3500 բանտարկեալներ:
Այաթոլլահ Հոսէյն Ալի Մոնթազերի (Իրան)
Իրանի ղեկավարման մէջ Խոմեյնիի պաշտօնական իրաւայաջորդ նշանակուած այաթոլլահ Մոնթազերին 1980-ականներու վերջաւորութեան խիզախօրէն դուրս եկաւ վարչակարգի շարքերէն: Ան խստօրէն քննադատեց քաղաքական բանտարկեալներու զանգուածային մահապատիժները` պնդելով, որ իշխող համակարգը բռնապետութիւն դարձած է իսլամի անունով: Ան զրկուեցաւ իր կոչումներէն եւ կեանքի վերջին տարիները անցուց խիստ տնային կալանքի տակ` մնալով Իրանի ժողովրդավարութեան հզօր մտաւորական խորհրդանիշ:
Երանելի Եժի Պոպելուշկօ (Լեհաստան)
Բռնապետ Վոյցեխ Եարուզելսքի կը վայելէր խորհրդային աջակցութիւնը: Երիտասարդ կաթողիկէ վարդապետ Պոպելուշկօ միացաւ արգիլուած «Համերաշխութիւն» միութեան: Անոր հզօր «Հայրենիքի համար պատարագներուն» տասնեակ հազարաւոր լեհեր ներգրաւուած էին` հոգեւոր քարոզները միացնելով համայնավարական ամբողջատիրութեան եւ քաղաքացիական ազատութիւններու ճնշման սուր մեղադրանքներու: Ան առեւանգուած եւ դաժանօրէն սպաննուած է գաղտնի ոստիկանութեան երեք սպաներու կողմէ 1984 թուականին:
Ֆեստօ Կիվենկերէ եպիսկոպոս (Ուկանտա)
Յաճախ անուանուելով «Ափրիկէի Պիլլի Կրեհեմ», Կիվենկերէ համարձակօրէն քննադատած է Ուկանտայի բռնապետ Իտի Ամինի բռնակալական եւ մարդասպան կառավարումը: Ամինին ուղղուած պետական մահապատիժներու վերաբերեալ բողոքի նամակի համահեղինակ ըլլալէ ետք, Կիվենկերէ աքսորուած է իր գործընկերոջ` Ճանան Լուվում արքեպիսկոպոսի սպանութենէն միայն քանի մը օր առաջ, նախքան վարչակարգին կողմէ սպաննուիլը:
Այաթոլլահ Ալի ալ-Սիստանի (Իրաք)
Թէեւ ան աւանդաբար հաւատարիմ էր քաղաքականութեան մէջ լուռ մօտեցումին, բայց եւ այնպէս Իրաքի ամէնէն ազդեցիկ շիի հոգեւորականը միշտ մերժած է Սատտամ Հիւսէյնի բռնապետութիւնը` հրաժարելով անոր կրօնական օրինականութիւն տրամադրելէ: Սատտամի անկումէն ետք Սիստանին կարեւոր դեր խաղացած է ժողովրդավարական ընտրութիւններուն եւ սահմանադրական կառավարման անցումը ապահովելու հոլովոյթին մէջ:
Շէյխ Ապտել Համիտ Քիշք (Եգիպտոս)
Շատ ժողովրդականութիւն վայելող աչազուրկ սիւննի հոգեւորական, որ յայտնի է իր գրաւիչ ուրբաթօրեայ քարոզներով, շէյխ Քիշք Եգիպտոսի նախագահներ Ապտել Նասըրի եւ Անուար Սատաթի բուռն քննադատն էր: Ան պարբերաբար կը քննադատէր անոնց հեղինակաւոր քաղաքականութիւնը, քաղաքացիական ազատութիւններու ճնշումը եւ աշխարհիկ կառավարումը, բան մը, որ պատճառ դարձած է անոր յաճախակի բանտարկութեան եւ խոշտանգումներուն:
Շէյխ Մուհամմատ Եաքուպի (Սուրիա)
Սուրիացի ականաւոր սիւննի հոգեւորական, որ իր հարթակը օգտագործեց սուրիական ապստամբութեան ժամանակ Պաշշար Ասատի վարչակարգի դէմ խօսելու համար: Ան միաժամանակ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի բռնակալական ծայրայեղականութիւնը` ատիկա յայտարարելով իսլամական օրէնքէն շեղում:
Շէյխ Ուսամա Ռիֆահ (Սուրիա)
Դամասկոսէն բարձր յարգանք վայելող սիւննի հոգեւորական եւ Սուրիոյ իսլամական խորհուրդի առաջնորդ: 2011 թուականի սուրիական ապստամբութեան ժամանակ Ռիֆահ իր քարոզները օգտագործեց Քարիմ մզկիթին մէջ` բացայայտ դատապարտելու Պաշշար Ասատի հրամայած դաժան բռնաճնշումները: Վարչակարգի ուժերու կողմէ անոր մզկիթին վրայ յարձակումէն եւ անոր վիրաւորուելէն ետք, ան
աքսորուեցաւ ու շարունակեց առաջնորդել Ասատի վարչակարգի դէմ կրօնական ընդդիմութիւնը:
Շէյխ Սալման Ուտա (Սէուտական Արաբիա)
Սէուտցի ականաւոր յառաջադէմ գիտնական եւ «Սահուա» (Զարթօնք) շարժման յառաջատար դէմք: 2011 թուականի «Արաբական գարնան» ժամանակ Ուտան բացայայտ հրաժարեցաւ ֆեթուաներ տալէ: Անոր փոխարէն ան հրապարակաւ աջակցեցաւ բռնապետութեան դէմ ժողովրդական յեղափոխութիւններուն` բռնապետներու դէմ պայքարին ընթացքին զոհուածները յայտարարելով նահատակներ: Ան ձերբակալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններու կողմէ 2017 թուականին` Քաթարի դիւանագիտական ճգնաժամի խաղաղ դիւանագիտական լուծման կոչ ընող թուիթին մէջ արձանագրութիւն կատարելէ ետք, եւ մինչեւ այսօր բանտարկուած է:
Այաթոլլահ Մուհամմետ Պաքիր Սատր (Իրաք)
1970-ականներուն Իրաքի մէջ յայտնի փիլիսոփայ եւ շիի հոգեւորական: Սատր հանդիսացած է Պաաս կուսակցութեան եւ Սատտամ Հիւսէյնի բռնապետութեան կատաղի, անզիջող հակառակորդ: Ան արգիլած էր իսլամներուն միանալ իշխող կուսակցութեան եւ կը հրապարակէր կրօնական հրովարտակներ, որոնք կը պաշտպանէին ճնշուածներու իրաւունքները: Իր հսկայական ժողովրդական ազդեցութեան պատճառով Սատտամ Հիւսէյն զայն ձերբակալեց, խոշտանգեց եւ մահապատիժի ենթարկեց 1980 թուականին:
Մուքթատա Սատր (Իրաք)
Սատտամի ընդդիմանալուն համար սպաննուած այլ հոգեւորականի մը` այաթոլլահ Մոհամմատ Սատրի որդին` Մուքթատան, տասնամեակներ շարունակ գործած է իբրեւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող կրօնական գործիչ, հակադրուելով Իրաքի մէջ բռնատիրութեան տարբեր ձեւերուն: Ան պարբերաբար մղած է իր հետեւորդներու խոշոր զանգուածը զէնք օգտագործելու, փտածութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու, օտարերկրեայ միջամտողներու եւ ներքին քաղաքական հեղինակութիւններու իշխանութեան դէմ:
Շէյխ Ահմէտ Եասին (Պաղեստին)
Հոգեւոր առաջնորդ եւ Համասի հիմնադիր` 1980-ականներու վերջաւորութեան: Դէմ եղած է Կազայի եւ Այսրյորդանանի իսրայէլեան բռնագրաւումին` մերժելով Օսլոյի համաձայնագիրները: Ան Համասը վերածած է զինեալ կազմակերպութեան, նախքան 2004 թուականին իր` իսրայէլական օդային հարուածով սպանութիւնը:
Հաժ Ամին Հիւսէյնի (Երուսաղէմ)
1921 թուականին բրիտանացիներուն կողմէ նշանակուած է Երուսաղէմի գլխաւոր միւֆթի: Առաջնորդած է արաբ ազգայնականները` ընդդէմ սիոնականութեան, հրէական գաղթի եւ ՄԱԿ-ի 1947 թուականի բաժանման ծրագիրի: Դէմ եղած է հրէական ազգային օճախին, Համաշխարհային Բ. պատերազմին դաշնակից եղած է Առանցքի ուժերու հետ եւ իր վերջին տարիները անցուցած է Իսրայէլի դէմ քարոզչութիւն ընելով:


