Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եահկ-Ի Գործող Նախագահը

June 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիլմոր եւ նախագահ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Էյմոն Կիլմորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան, զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքին, ներքաղաքական զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին եւ վերջին շրջանին Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին վրայ արձանագրուած միջադէպերուն:

«ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է օժանդակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ անվտանգ լուծման հոլովոյթին: Ան ընդգծեց, որ խաղաղութեան հասնելու համար կարեւոր է հաւատարիմ ըլլալ լուծման հիմնարար սկզբունքներուն: Էյմոն Կիլմոր նշեց, որ ԵԱՀԿ-ը կանգնած է ազգերու ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժ չօգտագործելու սկզբունքներուն ետին եւ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքին` լուծման հոլովոյթը առաջ մղելու գործին մէջ: Ան շեշտեց, որ ԵԱՀԿ-ը կը մերժէ ուժի օգտագործումն ու ուժի օգտագործման սպառնալիքը եւ կը հաւատայ, որ հարցի լուծման զինուորական միջոց չի կրնար ըլլալ»,  ըսուած է նախագահի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց սահմանին եւ շփման գիծի երկայնքով վերջին շրջանին արձանագրուած միջադէպերուն առնչութեամբ եւ նշեց, որ ԵԱՀԿ-ը կ՛աջակցի բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են այսպիսի միջադէպերու կանխարգիլման ու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման:

Կիլմորը երէկ ընդունեց նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

Օսկանեան. «Դրամ Լուալու Համար Նախ Դրամը Պէտք Է Կեղտոտ Ըլլայ»

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 14 Յունիս 1962 )

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.