Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը գումարելու առաջարկ մը:
Ամերիկեան կայքը աւելցուց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ Զելենսքին տեղեակ պահած են Ռաթքլիֆի` Մոսկուայի մէջ ունեցած բանակցութիւններու բովանդակութենէն ու եռակողմ վեհաժողով գումարելու առաջարկէն:
«Աքսիոս» հաղորդեց, որ Թրամփ, անդրադառնալով «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին, անոր Մոսկուա այցելութիւնը որակած է «սովորական», ան նաեւ նկատել տուած է, որ այդ այցելութեան նպատակը Ռուսիան ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու հողերուն վրայ յարձակում գործելէ զգուշացնելը չէր:
«Աքսիոս» աւելի ուշ ալ հաղորդեց, որ Ռաթքլիֆ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան պետ Սերկէյ Նարիշքինի եւ Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան` «Էֆ. Էս. Պի.»-ի տնօրէն Ալեքսանտր Փորթնիքովի հետ, եւ անոնց հետ քննարկած ռուսական հետախուզական ծառայութիւններուն Փութինին Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսելու համոզելու կարելիութիւնը:
Ամերիկեան կայքին համաձայն, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը եզրակացուցած է, որ Փորթնիքով կրնայ դիւանագիտական ջանքերու վերականգնման մէջ դերակատարութիւն ունենալ:
Միւս կողմէ, աղբիւր մը կայքին փոխանցած է, թէ ուքրանացի պաշտօնատարներ ամերիկեան կողմին յայտնած են, որ ունին հետախուզական տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Փութին պատերազմին մէջ մեծ մագլցում մը կը ծրագրէ:
Նախքան այդ, ուքրանացի պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնած էր. «Կան տեղեկութիւններ, թէ Ռուսիան Չեռնիհիեւի եւ Քիեւի վրայ ցամաքային յարձակումի կը պատրաստուի»:
ՕԹԱՆ-էն ղեկավարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, որ Եւրոպայի մէջ վտանգի դիմելու Ռուսիոյ ուղղուածութեան աճին վերաբերեալ մտահոգիչ ցուցանիշեր գոյութիւն ունին:
Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ օրաթերթին ըսած են, թէ Ռուսիան գրաւած է ուքրանական անօդաչու թռչող սարք մը, որ կարելի է օգտագործել ՕԹԱՆ-ի պետութիւններուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու համար:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ «ուժանիւթի ոլորտի ենթակառոյցներուն» վրայ «իրերայաջորդ հարուածներ» կը պատրաստէ:
«Ռուսիոյ զինեալ ուժերը սկսած են պատրաստուիլ Ուքրանիոյ ուժանիւթային ոլորտի կառոյցներուն իրերայաջորդ հարուածներ հասցնելու` ի պատասխան քաղաքային ենթակառոյցներու եւ Ռուսիոյ քարիւղի եւ ուժանիւթի ոլորտին վրայ շարունակուող յարձակումներուն», նշեց նախարարութիւնը:


