Երէկ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ստանձնած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու խախտումով ազգային արժէքները թիրախաւորել, ներազգային պառակտումը խորացնել եւ իր ապազգային քաղաքականութիւնը սաստկացնել, ինչ որ առարկայօրէն կը ծառայէ թշնամի երկիրներու ծրագիրներուն:
2026-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առիթով իր որդեգրած նախընտրական ծրագիրէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին ներկայացուած իր 2026-2031 թուականներու ծրագիրը, եւ այդ միջոցին իր տարբեր ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններով, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը, այս պարագային ինքն իրեն, կը նոյնականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ժամանակին պոլշեւիկները կ՛ընէին: Անտեսելով այն փաստը, որ խնդրայարոյց վերջին ընտրութիւններուն, քուէարկութեան մասնակցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կէսէն աւելի իր դէմ քուէարկած է, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը յամառի յայտարարել, որ «եթէ մեզի հետ չէք` ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ էք», եւ կը շարունակէ շարժիլ այդ տրամաբանութեամբ:
Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, շատ արագ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը սահմանափակեց Հայաստանի Հանրապետութեան քուէարկողներու իրաւունքները:
Ապա նոյն պոլշեւիկեան ոճով կրկնեց, որ սփիւռքի մէջ կան «հակապետական» եւ «պետականամէտ» շրջանակներ:
Կառավարութեան 2026-2031 ծրագիրին մէջ ներառեց ազգութեամբ հայերու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը դժուարացնելու եւ «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացում»-ի նպատակները:
«Իրական Հայաստան»-ի «գաղափարախօսութեան» հիման վրայ եւ սխալ գնահատումով, նաեւ զիրար հակադրեց հայրենիքի եւ սփիւռքի հզօրացումը:
Վերջին շաբաթներուն, ընդհանրապէս սփիւռքը եւ յատկապէս ՀՅԴ Հայ դատի համակարգը թիրախաւորելը ՔՊԿ-ական ներկայացուցիչներուն կողմէ` ակամայ խոստովանութիւն է, որ այդ համակարգը արդիւնաւէտ ձեւով կը գործէ եւ իր օրակարգը միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կ՛արժանանայ: Այս արդիւնաւէտութենէն դժգոհ եղած են եւ կը շարունակեն դժգոհիլ նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք հանդիսացող Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, որոշած է այս պարագային եւս ձայնակցիլ այդ երկուքին:
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան իշխանութիւնը, նոր-պոլշեւիկեան ոճով, մէկ կողմէ կը պնդէ, որ ինք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շահերը պաշտպանելու առաքելութիւն ունի, միաժամանակ պահանջելով, որ ամբողջ աշխարհասփիւռ ազգը հետեւի իր քաղաքական ուղեգիծին:
Խեղաթիւրումները դադրեցնելու յաւելեալ ճիգով` արձանագրենք ՀՅԴ Հայ դատի համակարգին առաջնահերթութիւնները.
Ա) Արցախի եւ արցախցիներու բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութիւն, իր բոլոր ստորոգելիներով, Ազրպէյճանի յանցագործութիւնները պատժելէն մինչեւ վերադարձի իրաւունք եւ ինքնորոշում,
Բ) Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդումին աջակցութիւն,
Գ) Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցումներ,
Դ) Երիտասարդներու պատրաստութիւն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան` Հայ դատի համար պայքարին:
ՀՅԴ Հայ դատի համակարգը իր վերոյիշեալ նպատակներուն համար կրնայ պարբերաբար փոխել շեշտադրումները, պատշաճեցնել մարտավարութիւնը պահու պայմաններուն համապատասխան, բայց միշտ նոյն վճռակամութեամբ եւ հետեւողականութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը:
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
27 օգոստոս 2026


