. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Սեպտեմբերի սկիզբը Հռոմի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլ տեղի պիտի ունենայ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմը Ուաշինկթընին յայտնեց, որ բանակցութիւններու յառաջիկայ փուլէն առաջ իսրայէլեան կողմէն ականահարման եւ քանդման բոլոր աշխատանքներու դադրեցման երաշխիքներ եւ փորձնական շրջաններու տարածքը ընդլայնելով երկու յաւելեալ բնորդային շրջաններ ներառելու խոստում կ՛ուզէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Լիբանան կը մերժէ մօտ օրէն բանակցութիւններ վարել` բողոքելով իսրայէլեան ուժերու հեռացման շրջանները չընդլայնելուն դէմ»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բանակցութիւնները կ՛անցնին իրենց սկիզբէն ի վեր ամէնէն վտանգաւոր շրջանէն, ուր լիբանանեան պատուիրակութեան Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններու սեղան չներկայանալու կարելիութիւնը վերածուած է իսկական ընտրանքի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Լիբանանի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի թուականի ճշդումը կ՛ուշանայ երկու կողմերուն միջեւ լարուածութեան պատճառով»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Աուքար այցելած շարք մը այցելուներուն դիմաց կասկածի տակ առած է սեպտեմբերին բանակցութիւններու կայացումը` հաւանական նկատելով, որ ատիկա տեղի ունենայ իսրայէլեան ընտրութիւններէն ետք` ընդգծելով, որ լուրջ արդիւնքներ պիտի չարձանագրուին, եթէ ատկէ առաջ բանակցութիւններու փուլի շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ»:
. ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմին ներկայացուած տուեալները հաստատ կերպով բացայայտեցին, թէ իսրայէլեան կողմը միտումնաւոր կերպով արգելակած է շրջագծային բանաձեւը եւ բացայայտօրէն խուսափած անոր մէջ նշուած իր պարտաւորութիւններէն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Իսրայէլ Ուաշինկթընին բողոքեց լիբանանեան բանակի գործունէութեան դէմ` պնդելով, թէ ան Հըզպալլայի հետ համակարգում կը կատարէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Եթէ Պէյրութ իրապէս յաջողեցաւ Ուաշինկթընի ճամբով ճնշում բանեցնել հարաւային Լիբանանը Իսրայէլի մաս ներկայացնող քարտէսը յետս կոչելու, ապա ասիկա պէտք չէ հարցին վերջը ըլլայ, այլ սկիզբը, որովհետեւ երկկողմանի հաղորդակցութիւններու ծիրին մէջ մնացող առարկութիւնը մոռացման ենթակայ կը մնայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումը առանձինը բաւարար չէ, որովհետեւ Ուաշինկթըն կրնայ Թել Աւիւի վրայ փորձնական երկրորդ շրջանէ հեռանալու ճնշում բանեցնել եւ բանակցութիւններու շարունակման ուղղութեամբ մղել, սակայն չի կրնար Լիբանանի համար ստեղծել գերիշխան իրականութիւն մը, որ ներկայիս կը բացակայի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հաղորդակցութեան ուղիները բաց են տարբեր պլոքներու եւ անոնց ու անկախ ներկայացուցիչներու միջեւ` փորձելով հասնիլ փոխըմբռնման կամ հասարակաց տարածքներու, որոնք կ՛արտօնեն կարելի եղածին չափ մեծ թիւով օրէնքներ որդեգրել եւ խուսափիլ որոշ հարցերու շուրջ վէճը քաղաքական ճակատումի վերածելէ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 6000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.455.000 լ.ո.-ի եւ 2.473.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 4000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.348.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.174.000 լ.ո.:


