Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի բուռն կերպով դատապարտեց «անցնող օրերուն սիոնական վարչակարգին հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող շրջաններու վրայ շղթայազերծած վայրագ յարձակումները»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ-ն:
«Բռնագրաւող վարչակարգին յարձակումներուն ու Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնն ու ազգային գերիշխանութեան ոտնահարման շարունակումը» նշելով նախարարութիւնը յայտնեց. «Միջազգային հաստատութիւններու, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի լռութիւնն ու չհետաքրքրուիլը սիոնական վարչակարգը կը քաջալերեն դառնալու աւելի անամօթ եւ կը յանգեցնեն անոր յարձակումներու ու յանցագործութիւններու շարունակման»:
«Միացեալ Նահանգներու իշխող վարչակազմը, բռնագրաւող վարչակարգին իր համապարփակ աջակցութեան պատճառով, մեղսակից է եւ գործընկեր սիոնական վարչակարգի Լիբանանի, բռնագրաւուած Պաղեստինի եւ ամբողջ շրջանին մէջ կատարած բոլոր յանցագործութիւններուն», ըսաւ Պաղայի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը բարձր գնահատեց «լիբանանցի ժողովուրդի դիմադրութիւնն ու քաջարի դիմացկունութիւնը` ընդդէմ սիոնական վարչակարգի յարձակումին եւ բռնագրաւումին»:
Պաղայի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին` «իր գերիշխանութիւնը սիոնական վարչակարգի յարձակումներէն պաշտպանելու անոր ջանքերուն»:


