ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Շատերու համար, ցարդ, Սեւրը թուղթի կտոր մըն է, հեռաւոր պատմութեան մէջ արձանագրուած դաշնագիր: Մեծ պետութիւններու շահերը հետապնդող վաւերաթուղթ մըն է, որմէ օգտուեցան լոկ հսկաները, զօրաւորները, կազմակերպուած պետութիւնները:
Անկասկած, համացանցի բերած դրական երեւոյթներէն մէկը ծանօթացումի ծառայող ընկերային հարթակներն են, որոնք ակնդիրին կը մատուցեն օգտաշատ, հաճելի եւ ուսուցանող յայտագիրներ:
Ամիս մը առաջ էր, եութիուպի մէջ հանդիպեցանք վերեւի մատնանշումին, որ կը պատկանի հայ պատմաբան-քաղաքագէտի մը, որ յաճախակի ներկայութիւն է համացանցին վրայ` իր պատմաքաղաքական տիպի վերլուծութիւններով:
Ի շարս այլ մտածումներու, Սեւրի մասին իր համապարփակ ու նշանակալից խօսքը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց, որովհետեւ այնքան պարզ ու հասկնալի բառերով ընդգծեց Սեւրի դաշնագիրի խորիմաստ արժէքը:
Ճիշդ է, որ արծարծած թեման բոլորովին նորութիւն մը չէր քիչ թէ շատ Հայոց պատմութիւն իմացողին համար, այդուհանդերձ, հետաքրքրական բնոյթ ունէր, այն առումով, որ զայն առնչեց ներկայի մեր կեանքին ու հայրենիքին:
Ան ըսաւ. այսօր Սեւրը բան մը կ՛ըսէ՞ մեզի:
Իրօք, մտքեր ալեկոծող հարցադրում մըն էր:
Միւս կողմէ` հաճելի է յաճախ ունկնդրել տարբեր անձնաւորութիւններու մտածումները, անոնք ըլլան ընդդիմադիր, դիմադիր թէ տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներ: էականը այն է, որ անոնց վերլուծութիւններու առանցքը ըլլան հայութիւնը, հայրենիքը, պետականութիւնն ու սեփական ժողովուրդի ճակատագիրը:
Սա չի նշանակեր երբեք, որ անոնք չունենան սեփական կարծիք, քաղաքական ու պատմագիտական հարցերու նկատմամբ ուրոյն մօտեցում կամ հայեացք, սակայն անհրաժեշտ ու հրամայական պահանջը կը մնայ այն, որ անոնք ըլլան ճշմարտախօս, գիտական հմտութեամբ սպառազինուած, անկողմնակալ, այլապէս պատրաստ` տէր կանգնելու ազգային արժանապատուութեան, հաւաքական յիշողութեան, ազգային անկորնչելի արժէքներու եւ ինքնութեան:
Յայտնապէս առաքինի հայ պատմաբանին սրբազան արժանիքն ու կոչումն է հարազատօրէն ներկայացնել պատմական իրողութիւնները, քաջութիւնը ունենալ ու բարձրաձայն կոչելու իրերը իրենց անունով, պարզապէս լոյսին բերելու դիպաշարին ամբողջական պատկերը, ժամանակի տուեալներն ու անոր ազգային առնչութիւնը:
Արդ,
Ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ, գէթ` հրապարակագրական ոլորտի մէջ, դարադարձիկ պատմական իրողութիւններու մասին յիշատակումի կամ վերլուծումի գրութիւններ ընծայել, եթէ ոչ` տուեալ պատմաքաղաքական աքթին իւրայատկութիւնը:
Իւրայատկութիւն` բազմաոլորտ առումներով եւ յստակատեսութեամբ:
Փաստօրէն Սեւրի դաշնագիրը Հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած այն քաղաքական դիպաշարն է, որով, օրին, հայութիւնը աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ քաղաքակիրթ ազգ ու պետութիւն` պահանջելով իր հողային տարածքն ու պետական ինքնորոշումը:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ մեծապետական շահերն ու վատոգի որոգայթները թոյլ չտուին, որ հայութիւնը վերատիրանայ իր իրաւունքներուն, պարզապէս որովհետեւ բանակցութեան սեղանին վրայ չունէր` բաւարար քաղաքական ուժ, մեծ պետութեանց շահերը վտանգող կարողութիւն, տնտեսական մեծ կարելիութիւն, հզօր բանակ ու պետական համակարգ. այդուհանդերձ, հայութեան պատուիրակները կրցած էին հայ ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձնել եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան շարքին դասուիլ:
Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին (1919), Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին (1920) ու հետագային Սեւրի մէջ կայացած միջազգային ժողովին հայութեան ձայնը լսելի էր` իր պահանջատէրի եւ ազգային ըմբռնումներով:
Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեամբ արդէն մասնատուած էր Օսմանեան կայսրութիւնը: Փոքր ժողովուրդներու հողային ու քաղաքական իրաւունքը լոյսին կու գար, մեր` հայոց պարագային, կտոր մը հայրենիք ունենալու դարաւոր երազը թուղթի վրայ իրականութիւն կը դառնար: Պիթլիսի, Վանի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի տարածքները կը վերահայանային: Հայաստան կ՛ունենար 160.000 քառ. քմ տարածք եւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը` 22 նոյեմբեր 1920-ին, արդէն կը հաստատէր արդի Հայաստանի տարածքը:
Պատմագրութեան ծանօթ է հետագայ տարիներու քաղաքական շրջադարձերն ու նորովի քարտէսագրումը, երբ 2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստան խորհրդային կը դառնար, իսկ Լոզանի դաշնագրով (24 յուլիս 1923) վերջ կը գտնէր Հայկական հարցն ու հայոց հողային պահանջները:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանի ազնիւ ստորագրութիւնը ապացոյց եղաւ հայոց պայքարին արդիւնաւէտութեան: Պայքար, որ մղած էր հայութիւնը ջարդարար օսմանցիի դէմ, շատ անգամ յաջողած` գերազանց ուժերու դէմ, ու ձախողած` ցեղասպանութեան ենթարկուելով:
Աւելի քան հարիւր տարիէ սեւրեան վաւերաթուղթը, գէթ` հայոց պարագային, կը մնայ արձանագրութիւն մը, այսպէս ըսած, իբրեւ անիրագործելի վկայագիր, յոյսի ու երազանքի գրգիռներ պատճառելով իրերայաջորդ սերունդներու:
Այդուհանդերձ, անիկա եզակի, վաւերական ու միջազգային հաստատագիր մըն է, որ կը կրէ հզօր պետութեան մը նախագահին ստորագրութիւնը եւ օրուան ուժեղ պետութիւններու լուռ հաւանութիւնը:
Ճիշդ է, որ Խորհրդային Միութեան տժգոյն տարիներուն այս դաշնագիրը որեւէ արժէք չէր ներկայացներ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւններու պատճառով, սակայն պիտի գար ժամանակ մը, Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի ազատագրութենէն ետք, ամբողջ երեսուն տարի, Սեւրի դաշնագրի խորհուրդը պիտի սկսէր սաւառնիլ միջազգային հարթակներու վերեւ` առանց որեւէ քաղաքական ազդուութեան եւ կշիռի:
Ինչ կը վերաբերի հայ կեանքին, եղան տարբեր ոլորտի մասնագէտներ, պատմագէտներ, քաղաքական գործիչներ ու պետական այրեր, որոնք թերահաւատ մօտեցումներ ցոյց տուին Սեւրի խորհուրդին ու շատ անգամ զայն բնութագրեցին իբրեւ «խեղճութեան» եւ «միամտութեան» վաւերաթուղթ:
Ցարդ ազգային մեր պարունակը (սփիւռք ու հայրենիք), Սեւրի դաշնագրին բնոյթին ու անոր վաւերականութեան գծով կ՛ապրի երկուութիւն` այն պատճառով, որ հակոտնեայ հոսանքներու եւ մտածումներու միջեւ բախումը այնքան մը կը սրի` վերածուելով փոխադարձ ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան, երբ այնքան կարիք ու հրամայական պահանջ է ազգային միասնականութիւնը, առաւել ամրապնդելու պետականութիւնն ու պահանջատիրական ոգին:
Միջին Արեւելքի ու եւրոպական երկիրներու մէջ բռնկած պատերազմները եթէ երբեք մէկ կողմէ ունին տնտեսական մրցակցութեան գազանային մրցակցութիւն, միւս կողմէ, սակայն, մտահան պէտք չէ ընել, որ նորովի քարտէսներու փոփոխութեան եւ շահերու բաժանումի խենեշ ծրագիրներ կը հետապնդուին ամէնուրեք:
Համեստ հայորդի մը կրնայ ըսել` Արցախի կորուստէն ետք ա՛լ ինչ Սեւրի խորհուրդ ու հայկական պահանջատիրութիւն:
Հզօր պետութիւններ կրնան դիւանագիտական հրաշքներ գործել, իրենց դերն ու տեղը ճշդորոշել միջազգային հարթակներու վրայ, երբ ունին` մրցունակ տնտեսութիւն, արդիական բանակ, գիտական նուաճումներ եւ միասնական ժողովուրդ:
5 օգոստոս 2026


