Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկոսի Գործով Առաջին Դատական Նիստը Վերջ Գտաւ Դատաւորի Ինքնաբացարկով

August 8, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դատական առաջին նիստը, որուն ընթացքին դատաւորը հրաժարեցաւ այս դատը քննելէ:

Արդարեւ, Մայր աթոռէն շուրջ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի դատարանին մէջ 7 օգոստոսին` Հայաստանի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին մեկնարկեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու դատավարութիւնը: Անոնք կը մեղադրուին դատական որոշման գործադրութիւնը խոչընդոտելնուն համար:

Երբ կաթողիկոսը եօթը հոգինոց փաստաբաններու խումբով հասաւ դատարան, հոն արդէն մեծաթիւ անձեր համախմբուած էին` անոր իբրեւ զօրակցութիւն:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսին աջակցելու եկան նաեւ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները, որոնց մէկ մասը չկրցաւ ներս մտնել, որովհետեւ տեղ չկար:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իրենց ունեցած զրոյցին ընթացքին թէ՛ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արթուր Խաչատրեանը, թէ՛ «Ուժեղ Հայաստան»-ի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանը, ինչպէս նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Հայկ Մամիջանեանը տեղի ունեցողը ազգային ամօթ որակեցին: «Մեր ազգային ամօթը տեղի կ՛ունենայ, պետութիւնը չէ, Փաշինեանը, կը փորձէ վերացնել երկրին մէջ առկայ բոլոր հաստատութիւնները, որոնց շարքին նաեւ եկեղեցին, ան պիտի չյաջողի այդ ընել», նշեցին անոնք:

Դատական նիստի մեկնարկին դատաւոր Յակոբ Մանուկեան յայտարարեց, որ անիկա պէտք է դռնփակ կատարուի, քանի որ փաստաբան Արա Զոհրաբեանի հետ քննելի հարցեր կան, իսկ անկէ ետք պարզուեցաւ, որ դատաւորը հրաժարած է այս դատի քննութենէն:

«Այսօրուան դատական նիստին հետ կապուած տեղեկացնեմ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ: Ինչպէս գիտէք սկզբնական փուլին կը քննարկուի դատաւորի բացարկի եւ ինքնաբացարկի հարցը, դատաւորը ինքնաբացարկ յայտնեց, հրաժարեցաւ այս գործը քննելէ: Ըստ էութեան դատաւորը նաեւ հանդիսացած է փաստաբան, ես այլ մանրամասնութիւններ պիտի չներկայացնեմ, պիտի ըսեմ այն, ինչ որ նաեւ յայտնի է, եւ արտօնագիր տալու ժամանակ արտօնագիրը ես յանձնած եմ: Իմ անձնական կարծիքովս` ատիկա բացարկի հիմք չէր, բայց դատաւորը հաշուի առնելով, որ ատիկա կրնայ կասկած յառաջացնել, ինքնաբացարկ յայտնեց: Ես բոլոր պարագաներուն դատաւորի այս քայլը կ՛ողջունեմ այն տեսակէտէն, որ ըստ էութեան ան հրաժարեցաւ մաս կազմել այս ամօթալի գործընթացին», ըսաւ փաստաբանը:

Այս դատական գործը, ըստ Մայր աթոռի փաստաբաններուն, հոգեւորականներուն եւ ընդդիմութեան, պետութեան կողմէ Մայր աթոռի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալ է, ինչ որ թէ՛ Սահմանադրութեամբ, թէ՛ կրօնական ազատութեան օրէնսդրութեամբ եւ թէ՛ միջազգային նախադէպերով ուղղակի անընդունելի է:

Քիչ անց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը դուրս ելաւ Էջմիածնի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն, որուն բակին մէջ զայն ողջունեցին հոն հաւաքուածները` «Վեհափա՛ռ-վեհափառ» վանկարկումներով: Անոնց ընկերակցութեամբ, Գարեգին Բ. հետիոտն ուղղուեցաւ  դէպի մայր տաճար, ուր կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, միասնական աղօթք, եւ վեհափառը իր պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն:

Ան հայրապետական իր սէրը, օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց անոնց` հաստատելով, որ Հայոց եկեղեցին իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր օրրանն ու սրբութիւնն է, մեր ժողովուրդի հաւատքի անսասան ամրոցը, առաջնորդողը դէպի Աստուած ու փրկութիւն եւ աննահանջ պահապանը հայոց ինքնութեան ու ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան:

Ան իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի եւ սփիւռքի հայորդիներուն, ազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, փաստաբաններուն, գիտական, կրթական, մշակութային, քաղաքական գործիչներուն, որոնք կը զօրակցին եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան: «Աննկուն պիտի ըլլանք եւ միասնաբար յամառ ու տեւական ջանքեր ներդնենք, որ դադրին անիրաւութիւնները մեր երկրին մէջ, խտրականութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը, տարածում չգտնեն չարակամութեան ու ատելութեան խօսոյթները: Մենք յամառ ու տեւական ջանքեր պիտի ներդնենք, որպէսզի հայրենական ու ազգային մեր անդաստանը նորոգուի եղբայրասիրութեամբ ու համերաշխութեամբ, եւ մեր կեանքին մէջ գերակայեն ճշմարտութիւնը, օրինականութիւնն ու արդարութիւնը, յարգուին եկեղեցւոյ դարաւոր կարգերն ու աւանդոյթները, որ չվիրաւորուին հաւատացեալներու բարեպաշտական զգացումները», նշեց ան:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս յորդորեց բոլորը` ըլլալու սթափ եւ խոհեմ, չտրուելու սադրանքներուն, նենգամիտ խարդաւանքներուն, ամուր մնալու հաւատքով ու յոյսով, որովհետեւ Աստուած բոլոր չարամիտ իրողութիւններէն ու փորձութիւններէն բարիքներ կը բերէ իր սուրբ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին համար:

«Կը հաւատանք, որ մեր սուրբ եկեղեցին Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ մեր ժողովուրդի անսակարկ նուիրումով ու սիրով պիտի յաղթահարէ այս նեղութիւնները նոյնպէս եւ նոր յաջողութիւններ ամրագրէ իր առաքելութեան ճանապարհին` ի բարօրութիւն եւ ի պայծառութիւն համայն հայոց կեանքի», ըսաւ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Դէմ Յարուցուած Գործին Առիթով

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 253-ի Լուծում

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.