Ծովային ելք կամ ընդհանրապէս ծովային եզրագիծ ունեցող երկիրներուն համար նաւահանգիստները երկրի տնտեսութեան հիմնական հաստատութիւններն են: Մեծ առաւելութիւն ունի երկիր մը, որուն տարածքային ամբողջականութեան կը ներառուին ջրային տարածքներ: Իսկ նաւահանգիստը առեւտուր է եւ զբօսաշրջութիւն` իբրեւ երկու հիմնական տնտեսական ուղղութիւն: Մանաւանդ երկրի մը, որուն այլ ոլորտներու արտադրողականութիւնը այնքան մրցունակ չէ եւ որ չունի հանքային կամ ուժանիւթային հարստութիւն:
Այս երկրորդի պաշարներուն առումով կան վարկածներ` ընդծովեայ դրուածքով: Ծովային սահմանազատման երկարատեւ բանակցութիւնները, Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջնորդաւորուած, կը միտէին առաւելագոյն չափով տիրապետել այդ հատուածներուն:
Մինչեւ այդ հիմնական առաջադրանքի իրականացումը սակայն, Պէյրութի նաւահանգիստը ապրանքաշրջանառութեան առումով հիմնական հայթայթիչ էր պետական պիւտճէին:
Պէյրութի նաւահանգիստը իր պայթումէն վեց տարի ետք կը շարունակէ գործել: Մասնակի սակայն: Քանդումի մեծ մասը կը շարունակէ աւերուած մնալ եւ փլատակային վիճակի մէջ խորհրդանշել այս երկրի թէ՛ առեւտուրը եւ թէ՛ զբօսաշրջութիւնը:
Քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն այսքան տարի ետք:
Նախ այն, որ մասնակի բաժանմունքի պատշաճեցումով նաւահանգիստը կը շարունակէ ճամբել եւ ընդունիլ ապրանքատառ նաւեր, մասնակի նպաստելով երկրի տնտեսութեան գոյապահպանումին:
Առ այսօր, հակառակ հրապարակուող նախագիծերուն, կատարուող խոստումներուն, նաւահանգիստի ամբողջական վերականգնողական աշխատանքներուն չեն ձեռնարկուած:
Երբ գլխաւոր հաստատութիւն մը լիարժէք չի յաջողիր իրականացնել իր բոլոր գործառոյթները, ապա այդ բացը կը լրացուի նոյն գործառոյթները իրականացնող երկրորդ հաստատութեամբ: Այս պարագային` Թրիփոլիի նաւահանգիստով:
Հիմա պէտք է մտածել Թրիփոլիի նաւահանգիստի հիմնական շահառու պետութեան մասին: Պարզ է, որ հիւսիսային շրջանը Թրիփոլիի կեդրոնով յայտնուած էր Թուրքիոյ քաղաքականութեան թիրախին, ուր տասնամեակներու վրայ երկարող տարբեր ուղղութիւններով պետական ծրագիր կը կիրարկուէր: Նոյն շրջանին մէջ եւ միեւնոյն ազդեցութեան տակ շուտով կը գործարկուի նաեւ օդակայան:
Ճիշդ է, որ Պէյրութի նաւահանգիստին ամբողջական վերականգնումը երկրի տնտեսութեան վերականգնման ելակէտ է: Այդ վերականգնումը միայն արտաքին լայնածաւալ օժանդակութիւն կ՛ենթադրէ, ինչ որ նախապայմանային է: Հակառակ խոստումներուն եւ քաջալերանքներուն, այդ պահը չէ հասած տակաւին: Մինչ այդ սակայն, երկրորդ նաւահանգիստին լիարժէք աշխատիլը որոշ հեռանկարներու մասին ուրուագծումներ կը պարզէ:
Տնտեսական ազդեցիկ երկրի վերածուելու իր ճիգին մէջ Անգարան պիտի չզլանայ իր օժանդակութիւնները առաջարկելու: Հիմա արդէն Հարաւի ուղղութեամբ: Հիւսիսին մէջ տիրոյթ հաստատելէ ետք` այսօր նաւահանգիստի, վաղը գուցէ նաեւ օդակայանի ճամբով:
Թրքական պատրաստակամութիւնը ընդունիլն ու Օսմանեան կայսրութեան կամ Աթաթիւրքի կիրարկած քաղաքականութիւններուն դրական գնահատական տալը այլ բաներ են: Մանաւանդ որ պատմական ահաւորութիւնը այդ բոլորին կրած է այս երկիրն ու ժողովուրդը: Առանց երկրորդին առաջին ուղղութիւնը թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ ճամբայ կտրած է արդէն:
Հիւսիսէն հարաւ քաղաքական այս երթուղին անցնելու ատեն կանգ առնենք Պէյրութ եւ դիտենք նաւահանգիստի աւերակները: Աւերակներուն տակ փորձենք նկատել վերականգնողական աշխատանքներու ձգձգման եւ երկրորդ նաւահանգիստի գերաշխուժ վիճակի քաղաքական դրդապատճառները:


