Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կան Սրբութիւններ, Որոնց Կարելի Չէ Դպչիլ

August 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Բանիմաց ընթերցողը, վստահ ենք, արդէն իսկ կռահեց, թէ որո՛նց կ՛ակնարկենք ու ինչո՛ւ մասնաւորապէս զանոնք կարելի է մեղադրել այդ սրբապղծութիւնը գործելու համար, եթէ ոչ` Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններն ու անոնց վարած պարտուողական քաղաքականութիւնը, անոր իբրեւ հետեւանք` թշնամիին առջեւ ծունկի եկած ազգային մեր բարենիշները, իմա` սրբութիւնները, աճուրդի հանելու կողքին, մեր սահմանադրութիւնն ալ փոփոխելու անոնց միտումն ու պատրաստակամութիւնը:

Ամէն անգամ երբ զզուանքով կը դիտենք, թէ մեր վարչապետը ինչպէ՛ս իր սրտաբուխ լայն ժպիտով, Ամերիկայի նախագահ Թրամփի հովանաւորական ինքնագոհ ժպիտին ներքեւ, կը սեղմէ Ալիեւին պիղծ ձեռքերը, տեսարան մը, որուն առջեւ մարդ ինքնիրմէ ելած` արգահատանքով չի կրնար հարց չտալ, թէ քաղաքական ղեկավար մը ինչպէ՛ս կրնայ թեթեւ սրտով այդ արարքը կատարել մէկու մը հետ, որ 120 հազար հայեր անտունի դարձուցած է ու անոնց ղեկավարութիւնը մինչեւ օրս,  անարդարօրէն, կալանքի տակ կը պահէ: Այո՛, հարց կու տանք, այդպիսի հրէշի մը արիւնոտ պիղծ ձեռքերը ինչպէ՞ս կարելի է թեթեւ սրտով սեղմել` առանց գոնէ Արցախի կնճռոտ հարցին լուծումը նախապայման դնելու:

Սակայն, արդարութեան սիրոյն, եկէք, չայպանենք պարոն վարչապետն ու շրջապատը եւ անոնց այդ նողկալի վերաբերմունքը իրենց անբուժելի միամտութեան վերագրենք…

Բայց եւ այնպէս, անոնց այդ վերաբերմունքը դիտելով, մարդ ակամայ հարց պիտի տար` այս երանելիները արդեօք արդի Հայոց պատմութիւնը չե՞ն սերտած ու իւրացուցած…                                                                                Եւ տակաւին այդքանով չբաւարարուելով, դրացի մենատիրոջ  առջեւ ծնրադիր` հայ ժողովուրդը պիտի կատարէ եղեր ,նորին վսեմութեանե նախապայմաններն ու պարտադրանքները: Եթէ երբեք մեր վարչապետը  առնական պինդ ջիղերով հասուն քաղաքական գործիչ մը ըլլար, ,Թրամփի անցքե-ին իր համաձայնութիւնը չտուած` նախապայման պիտի դնէր հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումն ու Արցախի բնիկ ժողովուրդին զանգուածային տունդարձը դէպի իր պապենական հողերն ու ծննդավայրը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այն միւս աղաղակող, գլխագի՛ր սրբապղծութեան, ,քաղաքակի՜րթե Թուրքիան, առանց խպնելու, ամբողջ մարդկութեան կողմէ պաշտամունքի առարկայ Արարատ լերան տիրանալէ ետք, ուր, ըստ Սուրբ Գիրքի, Նոյեան տապանը հանգչեցաւ, եւ կարօտակէզ այցելուն կարող է մայրաքաղաք Երեւանի բարձունքներէն, մատներուն ծայրովը հպիլ անոր, այո՛, Էրտողանի Թուրքիան կը ժպրհի զայն ջնջել տալ մեր ազգային զինանշանէն ու յիշողութենէն:

Ուրեմն անհեթեթ այդ տրամաբանութենէն մեկնելով, ինքը` թուրք պետութիւնը, ի՞նչ իրաւունքով մահիկը զետեղած է իր դրօշին վրայ, քանի որ լուսինը իր ազգային պատկանելիութիւնը չէ եղած, դէպի Բիւզանդիոն անոր արշաւանքէն առաջ ու վերջ, որքան որ տեղեակ ենք:

Եւ տակաւին, մեր տեսածն ու վկայածը սկիզբն է երկանց… Մեր յարգարժան,  երաժշտագէ՛տ վարչապետը, վասն ոսոխին հետ թէական հաշտութեան, դեռ ի՞նչ անէծքներ պիտի բերէ հայ ժողովուրդին գլխուն. այդ մէկը սիրելի ընթերցողին կը թողունք կռահել…

Թոյլ տուէք սակայն, դարձեալ կրկնենք լափալիսեան սա ճշմարտութիւնը, թէ մեզի դրացի երկիրներու հետ հաշտ ապրելու լաւագոյն ձեւը դիմացինին անհաշիւ տալու  մէջ չի կայանար, այլ կատարուած զիջումներու դիմաց հաւասարապէս կայուն ու շօշափելի բան մը ստանալով ու ձեռք բերելով է, որ կ՛իմաստաւորուի ու կ՛արդարանայ: Բան մը, որ Հայաստանի իշխանութիւններու հասողութենէն ու իմացականութենէն փարսախներով հեռու կը մնայ:

Տակաւին, բոլոր այդ մեղանչումներու կողքին, իշխող կուսակցութիւնը, ներկայիս թշնամիին օրինակին հետեւելով, վիճելի մեղադրանքներով զոյգ մը ազգային բարերարներ կալանքի տակ կը պահէ` անոր ջրաղացին ջուր լեցնելով:

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 3 Օգոստոս 2026)

Յաջորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Հայաստանի Քաղաքական Բեմահարթակի Մեծ Բացական` Նոր Սերունդը

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.