Իտալական եւ համաշխարհային ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն յետսապահներէն Ֆրանքօ Պարեզի 66 տարեկանին մահացաւ:
Մահուան պաշտօնական պատճառը չհաղորդուեցաւ, բայց ան անցեալ տարուան օգոստոսին Թոքի վերաբուժութիւն ունեցած էր եւ ամիսներէ ի վեր կը բուժուէր քաղցկեղի մասնագէտներու հսկողութեամբ:
Անոր վերջին հրապարակային ելոյթը տեղի ունեցած էր անցեալ փետրուարին, Միլան-Քորթինա ձմեռնային ողիմպիականի խաղերու բացման արարողութեան, երբ Ա. Սէ. Միլանի Պարեզին իր նախկին մրցակից Ինթեր Միլանի Ճիուզեփէ Պերկոմիի հետ Ողիմպիական ջահը տարած էր Սան Սիրօ մարզադաշտը:
Պարեզի կը նկատուէր 1980-ականներու եւ 1990-ականներու իտալական ֆութպոլի ամէնէն փայլուն աստղերէն, որուն հետ իտալական ֆութպոլը «ոսկի դարաշրջան» մը ունեցած էր ազատ պաշտպանի դերով: Ան իր 20 տարուան ասպարէզը ամբողջութեամբ անցուցած է Ա. Սէ. Միլանի հետ (1977-1997), այդ ասպարէզի ընթացքին 15 տարեշրջաններ եղած է Միլանի ակումբին խմբապետը: Ան 719 հանդիպում կատարած է Միլանի շապիկով` նշանակելով 33 կոլ:
«Սերի Ա.»-ի ախոյեան դարձած է 6 անգամ եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսը շահած 3 անգամ: Ան Ֆապիօ Քափելոյի օրերուն Մալտինի-Քոթաքուրթա-Թասոթիի հետ կազմած էր պատմական քառեակ մը, որուն հետ 58 «Սերի Ա.»-ի մրցումներ մնացած էր անյաղթ:
81 անգամ Իտալիոյ ազգային խումբին շապիկը կրած Պարեզի 1982-ին աշխարհի ախոյեան դարձած է Իտալիոյ հետ, 1994-ին ան մասնակցեցաւ Մոնտիալի աւարտականի ամբողջ 120 վայրկեաններուն, ծունկի վիրահատութենէն 25 օր ետք:
Այդ օրը Իտալիա վճռական փենալթիներով դուրս մնաց: Պարեզի կորսնցուցած էր իր հարուածը:


