Թէեւ 1991 թուականի անկախացումէն ի վեր Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններն ալ ունեցած են ժողովրդավարական բացթողումներ, այնուամենայնիւ, ներկայ կացութիւնը շատ աւելի գէշ է, քան երբեւէ:
2018 թուականին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ի վեր ժողովրդավարական հաստատութիւնները հետեւողականօրէն նահանջ ապրած են` հակառակ անոր բազմաթիւ յայտարարութիւններուն: Առաւել մտահոգիչ է, որ, այսպէս կոչուած, «ժողովրդավարական Արեւմուտքը» ամբողջութեամբ անտեսած է անոր չարաշահումները, քանի որ ան կը սպասարկէ իրենց, եւ ոչ թէ` Հայաստանի աշխարհաքաղաքական շահերուն:
Այսօր պետական բոլոր հաստատութիւնները կը ղեկավարուին մէկ անձի կողմէ: Օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու անջատում պահանջող սահմանադրական դրոյթը կոպտօրէն ոտնահարուած է: Ասոր պատճառով ալ տուժած են թէ՛ Հայաստանի ներքին կառավարումը, թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը: Փաշինեան իշխանութեան եկած է առանց կառավարման փորձառութեան, սակայն հպարտութեամբ կը յայտարարէ, որ բոլոր որոշումները ինքնուրոյն կը կայացնէ` առանց ոեւէ մէկուն հետ խորհրդակցելու:
Դատական իշխանութիւնը այս նահանջին ամէնէն վառ օրինակն է: 2019 թուականին Փաշինեան եւ իր աջակիցները շրջափակեցին Երեւանի դատարանի մը շէնքը` խոչընդոտելով դատավարութեան: 2019 թուականի յունիս 5-ին Փաշինեան հանդէս եկաւ իր խայտառակ յայտարարութեամբ. «Այսօր Հայաստանի մէջ կա՞յ դատաւոր մը, որ վարչապետին ըսածը կարենայ չընել»:
Փաշինեանն ու իր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կառավարութեան հաւատարիմ դատաւորներով փոխարինեցին Սահմանադրական դատարանի անդամները, որոնց կարգին` նախագահը: Ան բազմիցս հրամայած է ձերբակալել իր վարչակազմը քննադատող քաղաքական ընդդիմադիրները: Վերջին ամիսներուն` յունիս 7-ի ընտրութիւններու ընթացքին, հարիւրաւոր մարդիկ ձերբակալուած են: Առաւել մտահոգիչ է, որ իշխանութիւնները բռնագրաւած են քանի մը հանրածանօթ ձերբակալուածներու կալուածները` նախքան դատավարութիւնը կամ դատական կարգով անոնց մեղաւորութեան ճշդումը: Իբրեւ արդիւնք` բազմաթիւ հայեր կորսնցուցած են վստահութիւնը սեփական երկրի դատական համակարգին հանդէպ:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստան Եւրոպական Խորհուրդի անդամ է եւ կը գտնուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) իրաւասութեան տակ, այն հայերը, որոնց սահմանադրական իրաւունքները խախտած են, իրաւունք ունին արդարադատութիւն հայցելու այդ դատարանէն` ներպետական իրաւական պաշտպանութեան բոլոր միջոցները սպառելէ ետք:
Կարգ մը հայեր արդէն իսկ յաջողութեամբ կատարած են այս մէկը: ՄԻԵԴ-ը փոխհատուցում սահմանած է դիմորդներուն համար` արձանագրելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական պայմանագիրով ամրագրուած իրաւունքները:
Հեգնական է, որ տակաւին 2010 թուականին Փաշինեան անձամբ դիմած էր ՄԻԵԴ-ին, երբ ինքն ու իր թերթը դատապարտուած էին հայկական դատարանին կողմէ` 2008 թուականի յետընտրական անկարգութիւններուն վերաբերեալ: 2018-ին` վարչապետ դառնալէ ետք, ան որոշեց յետս չկոչել ՄԻԵԴ ներկայացուցած իր բողոքները: Ասիկա աննախընթաց երեւոյթ է, երբ պետութեան գործող ղեկավարը դատի կու տայ իր իսկ երկիրը միջազգային դատարանի մը մէջ:
Աւելի՛ն. իբրեւ վարչապետ` Փաշինեան արգելք եղաւ Հայաստանի կառավարութեան փաստաբանին, որ ՄԻԵԴ-ի մէջ պաշտպանէ երկրին դիրքորոշումը` այսպիսով ապահովելով իրեն ի նպաստ դատավճիռի կայացումը 2022 թուականին: ՄԻԵԴ-ը անոր թերթին համար սահմանեց 9000 եւրոյի տուգանք (առաւել տուրքեր), զորս Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է վճարէր իրեն:
Վերջին ութ տարիներուն Փաշինեան խախտած է Հայաստանի բազմաթիւ օրէնքներ, ինչպէս նաեւ` սահմանադրութեան բազմաթիւ յօդուածներ: Ստորեւ` ամփոփ ցանկը վարչապետին արձանագրած խախտումներուն, որոնք պէտք է ուղարկուին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան.
1.- Վարչապետը միջամտած է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն` կաթողիկոսը փոխարինելու նպատակով, հակառակ պահանջին սահմանադրութեան, որուն համաձայն, Եկեղեցին եւ պետութիւնը անջատ են:
2.- 2020 թուականին ան համաձայնագիր ստորագրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որով Արցախի զգալի մասը փոխանցուած է Ազրպէյճանին` հակառակ նման լիազօրութիւններ չունենալուն: Իբրեւ Հայաստանի վարչապետ` անոր իրաւասութիւնները կը սահմանափակուին միայն Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող որոշ հարցերով: Հետեւաբար անոր ստորագրած 2020 թուականի համաձայնագիրը ապօրինի փաստաթուղթ է եւ պէտք է նկատուի անվաւեր:
3.- Հետագային, առանց որեւէ իրաւասութեան, ան ամբողջ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս` հակառակ իր նախկին յայտարարութեան, թէ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»:
4.- 2026 թուականի յունիս 7-ի ընտրութիւններու ընթացքին ան խախտեց Հայաստանի օրէնսդրութեան բազմաթիւ դրոյթներ: Սակայն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին եւ Սահմանադրական դատարանին մէջ անոր նշանակած անձերը անփոփոխ ձգեցին ընտրութիւններու արդիւնքները:
5.- Յուլիսին խորհրդարանը որդեգրեց ապօրինի օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ Հայաստանի քաղաքացիներուն քուէարկութեան մասնակցելէ, եթէ անոնք նախորդ երկու տարիներուն առնուազն մէկ տարի չեն բնակած Հայաստան: Այս օրէնքը կը խախտէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը, որ քուէարկելու իրաւունք կու տայ բոլոր քաղաքացիներուն` անկախ Հայաստանի մէջ բնակութեան տեւողութենէն: Սոյն օրէնքը տարբեր պատճառներով արտասահման բնակող հարիւր հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ կը զրկէ ընտրական իրաւունքէն: Սահմանադրութեան 8-րդ, 48-րդ եւ 80-րդ յօդուածները կը պաշտպանեն բոլոր չափահաս քաղաքացիներուն ընտրելու իրաւունքը` առանց բնակութեան պայման սահմանելու: Աւելի՛ն. 80-րդ յօդուածը յատկապէս կը սահմանէ. «Հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերաբերեալ սոյն գլխուն մէջ ամրագրուած դրոյթներու էութիւնը անխախտելի է»:
Կարեւոր է նշել, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան բողոքներ կրնան ներկայացնել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս բնակող անհատներն ու կազմակերպութիւնները: Պայման չէ, որ դիմողները ըլլան Հայաստանի քաղաքացի կամ ազգութեամբ հայ. էականը այն է, որ անոնք կարենան ապացուցել, թէ տուժած են արձանագրուած խախտումէն:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան պէտք է ներկայացուին հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր գործեր: Նկատի ունենալով, որ նման դատական հայցերը կրնան սուղ արժել, անհրաժեշտ է ստեղծել իրաւական պաշտպանութեան հիմնադրամ` փաստաբանական վճարումները եւ անոնց կապուած ծախսերը հոգալու համար: Հարուստ հայերը պէտք է առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւններ ընեն այդ հիմնադրամին:
Եթէ Հայաստանի մէջ կարելի չէ հասնիլ արդարադատութեան, ապա զայն պէտք է փնտռել հոն, ուր կը գործէ օրէնքի գերակայութիւնը:



