Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 31, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Պաապտայի պալատ այցելութիւնը անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող համակարգումի եւ խորհրդակցութեան ծիրին մէջ է, որոնք նախապէս գոյութիւն ունէին, եւ կը շարունակուին Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ, մասնաւորաբար շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան վտանգաւոր ձախողութեան հետեւանքով»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի Պաապտայի պալատ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ կտրուած է քաղաքական սառոյցը, որ կը տիրէր Պաապտայի պալատ-Այն Թինէ գիծին վրայ, ցոյց կու տայ նաեւ այդ գիծի վերստին ջերմացումը, առանց, որ ատիկա անպայման նշանակէ, մասնաւորաբար շրջագիծի համաձայնութեան շուրջ, ծանօթ տարակարծութիւններու չքացումը»:

. ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի նախագահ Աունին յայտնեց, որ Ուաշինկթընի համաձայնութեան ճամբով արդիւնքներու արձանագրման քաջալերական ցուցանիշեր չի տեսներ, այն պահուն, երբ Թրամփ-Նեթանիահու հանդիպումէն ետք ամերիկեան կեցուածքները Իսրայէլի վրայ հարաւային Լիբանանէն հեռանալու լուրջ ճնշումի գոյութեան մասին չեն յուշեր»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թրամփ համաձայն գտնուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական շրջանները չընդլայնելու եւ անոնցմէ չհեռանալու Նեթանիահուի պահանջին` այն պատրուակով, որ հեռացումը Հըզպալլային առիթ կ՛ընծայէ իր կարողութիւններն ու ենթակառոյցները վերականգնելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկան գործնականին մէջ վերադարձաւ հարաւային Լիբանանի մէջ բռնագրաւումի շարունակման ծածկոյթի տրամադրման, երբ վերջին օրերու հաղորդակցութիւնները ցոյց տուին, թէ ամերիկեան ճնշումը Իսրայէլէն տեղափոխուած է լիբանանեան կողմին, մասնաւորաբար բանակին վրայ` անկէ «Իսրայէլը հանգստացնող» յաւելեալ քայլեր պահանջելով»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը փորձնական առաջին փուլին մէջ իրմէ պահանջուած առաքելութիւնը կը կատարէ, սակայն խոչընդոտի աղբիւրը Իսրայէլն է, եւ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած վերջին հաղորդագրութիւնը այդ մէկը յստակացուց»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլ դիտաւորեալ կերպով կը խանգարէ եւ ամբողջութեամբ կը խոչընդոտէ շրջագծային համաձայնագիրը, եւ Նեթանիահուի չհեռանալու մասին վերջին յայտարարութիւնները կը խարխլեն Իսրայէլի կողմէ շրջագծային համաձայնագիրին շուրջ համագործակցելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ որեւէ հաւատ` փաստացի վերադառնալով կացութեան զերօ կէտին»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կը գումարուի ամպամած մթնոլորտի մէջ Իսրայէլի վարմունքին պատճառով, ըլլայ այդ զինադադարի համաձայնութեան շարունակուող խախտումներով, գիւղերու պայթեցման գործողութիւններով եւ շրջագիծի գործադրութեան առջեւ խոչընդոտներու ստեղծումով»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ձգտումին ու իրողութեան միջեւ բացը մեծ կը մնայ, որովհետեւ շրջագիծի բանաձեւի գործադրութիւնը կ՛առնչուի երեք կողմերուն համաձայնութիւնը վայելող «շօշափելի ստուգման մեքանիզմներու» եւ աշխատանքային խմբակի գոյութեան»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Արաբական մէկէ աւելի ակնարկներ կը յորդորեն բոլոր իսլամական կալանաւորուածներուն համար համաներման օրինագիծը կարելի եղածին չափ շուտ որդեգրելու` Դամասկոսի եւ Պէյրութի միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ որեւէ ժխտական ազդեցութենէ խուսափելու համար, ինչ որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կրնայ մղել վերատեսութեան ենթարկելու օրինագիծի կարգ մը յօդուածներուն նկատմամբ իր դիրքորոշումները»:

. ՍԻՒՆՆԻ երեսփոխանները կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն մասնակցելու ընդլայնուած ժողովի մը` քննարկելու համար համաներման թղթածրարը եւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու օրինագիծին բարեփոխումներուն շուրջ, զորս մտադիր են առաջարկել` առ ի պատրաստութիւն օրինագիծի խորհրդարանի լիագումար նիստին վերստին ներկայացման»:

Նախորդը

Արա Նախշքարեան Ձերբակալուեցաւ Եւ Դատապարտուեցաւ Տնային Կալանքի

Յաջորդը

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Պիտի Շարունակէ Մնալ Գործընկերը Ազգային Ամէն Ծրագիրի, Որ Պետութեան Ոտքի Կանգնումն Ու Ազգային Միասնականութիւնը Կ՛ամրապնդէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.